Հաղորդագրութիւն Թիւ 12
Շտապի Ծառայողական Գործին Ցարդ Նուիրուած Է
127.750.000 Լ.Ո. Եւ 51.140 Ամերիկեան Տոլար
Որքան Տանք, Աւելիով Օգնելու Կարող Կը Դառնանք
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ, գիտակցելով երկրին մէջ ստեղծուած տագնապալի վիճակին, ազնուասիրտ հայրենակիցներ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կը կատարեն «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին` մասնակցելով «Քորոնա»-ին դէմ պայքարելու ընդհանուր արշաւին:
Միայն հպարտութեամբ կրնանք դիմաւորել նման ազգանպաստ վերաբերում:
Վարձքը կատա՛ր բոլորին:
Որքան տանք, աւելիով օգնելու կարող կը դառնանք:
Այս առիթով կը յայտարարենք, որ ցարդ գոյացած է 127.750.000 լիբանանեան ոսկի եւ 51.140 ամերիկեան տոլար:
Ստորեւ` նուիրատուներուն ցանկը եւ նուիրուած գումարները:
1.- Լիբանանեան ոսկիով
«Ալ Մաշրէք» ապահովագրական ընկերութիւն 15.000.000 լ.ո.
Տիրան Պատոյեան 500.000 լ.ո.
Ժոզէֆ Տէմիրճեան 1.500.000 լ.ո.
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան 6.000.000 լ.ո.
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սոնիա Ենիգոմշեան 1.500.000 լ.ո.
Մանուկ Փոլատեան 2.000.000 լ.ո.
Մարաշի հայրենակցական միութիւն 5.000.000 լ.ո.
Hye Riders խումբ 1.000.000 լ.ո.
Տաքէսեան եղբարք 300.000 լ.ո.
Ճարտարարուեստական հաստատութիւն մը (Պուրճ Համուտ) 5.000.000 լ.ո.
Ապտալլա Հայէք 250.000 լ.ո.
CIS Bureau SAL 750.000 լ.ո.
Շանթ Նեմշեհիրեան 100.000 լ.ո.
Պետրոս Աւետիքեան 200.000 լ.ո.
Մի ոմն 100.000 լ.ո.
Կիրակոս եւ Նորա Գարակէօզեան 100.000 լ.ո.
Պերնարտ Գալուստեան 150.000 լ.ո.
2.- Ամերիկեան տոլարով
Նախկին նախարար եւ երեսփոխան տէր եւ տիկին Աբրահամ Տէտէեան 10.000 $
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Թալին Գլպաշեան 5000 $
Հայկական երեսփոխանական պլոք 3000 $
Նախկին նախարար եւ երեսփոխան տէր եւ տիկին Ժան Օղասապեան 1000 $
Գրիգոր Աւետիքեան 300 $
Հաղորդագրութիւն Թիւ 13
«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը լիբանանահայ հայրենակիցներուն կը կատարէ հետեւեալ փոխանցումները.
Ա) Հայաստան գտնուող լիբանանահայերու վերադարձ
Նկատի ունենալով, որ ներկայիս Հայաստան կը գտնուին կարգ մը լիբանանահայ քաղաքացիներ, որոնք փափաք յայտնած են վերադառնալու Լիբանան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կապ հաստատեց արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթիի եւ Երեւանի մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահէրի հետ` պահանջելով արագ քայլերու դիմել լիբանանահայ քաղաքացիներուն արագ վերադարձը ապահովելու համար: Նախարարն ու դեսպանը տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ օրերուն անհրաժեշտ քայլերու պիտի դիմուի այս առնչութեամբ:
Բ) Քարանթինայի պետական հիւանդանոց
«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի անդամներ տոքթ. Սահակ Քէշիշեան, Յակոբ Լատոյեան եւ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի տնօրէն Րաֆֆի Մարգարեան այցելեցին Քարանթինայի պետական հիւանդանոց եւ հանդիպում ունեցան Վարչական խորհուրդի նախագահ տոքթ. Թոնի Շմալիի հետ, ներկայութեամբ խորհուրդի անդամներ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեանի, տոքթ. Էլի Հաժի եւ տնօրէնուհի Քարին Սաքրի հետ:
Հանդիպումին ներկայացուեցան Շտապին կատարած աշխատանքները, ուսումնասիրուեցան հիւանդանոցային կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայ փուլին առաւելագոյն չափով գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` ապահովելու համար շրջանի բնակիչներուն կարիքները:
Գ) Տահր Պաշէք հիւանդանոց
Նոյն ձեւով, մնայուն կապ հաստատուած է Տահր Պաշէք հիւանդանոցի տնօրէնութեան եւ պատասխանատուներուն հետ` թէ՛ հիւանդանոցին մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի յատուկ բաժանմունքի մը հաստատման համար, եւ թէ քաղաքացիներուն անհրաժեշտ ծառայութիւնները առաւելագոյնս մատուցելու համար:
Հաղորդագրութիւն Թիւ 14
Բաշխուեցան Սննդեղէնի 2000 Կտրօն
Նաեւ, ՀՄԸՄ-ի Գործակցութեամբ,
Յառաջիկայ Օրերուն` 1000 Տուփ
Հակառակ տիրող համատարած տագնապին եւ նիւթական նեղ կարելիութեանց, «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը այսու կը յայտարարէ, որ 6 ապրիլին արդէն իսկ կարիքաւոր քաղաքացիներուն բաշխուած է սննդեղէնի գնման 2000 կտրօն` իւրաքանչիւրը 75.000 լ. ոսկի արժողութեամբ: Ընդհանուր գումար` 150 միլիոն լ. ոսկի:
Շրջաններու երիտասարդները այս կտրօնները կը ցրուեն ցարդ օժանդակութիւն չստացած եւ ընկերային դժուարութեանց մէջ գտնուող ընտանիքներուն:
Իր կարգին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը Շտապի տրամադրութեան տակ դրած է ուտեստեղէնի 1000 տուփեր, որոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի բաշխուին կտրօն չստացած կարիքաւոր պարագաներու:
Կարեւորութեամբ կը շարունակենք շեշտել եւ խնդրել մեր հայրենակիցներէն, գիտակցիլ կացութեան լրջութեան եւ հեռու մնալով շահագործելու տրամադրութենէն, անտեղի խճողում կամ ոչ հայավայել կեցուածքներ չցուցաբերել:
Օժանդակութիւնը կը տրուի բոլոր եկամտազուրկ եւ կարիքաւոր պարագաներու: