Պսակաձեւ ժահրի ճգնաժամային շտապը այսու կը հաղորդէ.
Ա.- Հանդիպում կայացած է Շտապի եւ հայ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն միջեւ` անոնց զեկուցելու համար Շտապի աշխատանքային ծրագիրին մասին: Հոգեւոր պետերը, գնահատելով նախաձեռնութիւնն ու ճգնաժամի պայմաններուն մէջ համախումբ եւ նպատակաուղղուած աշխատանք տանելու հրամայականը, իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Շտապին:
Բ.- Հաստատուած է հեռաձայնային թէժ գիծ (hotline) 03-188911 պսակաձեւ ժահրի վերաբերեալ բժշկական խորհրդատուութիւններու եւ անհրաժեշտութեան պարագային համապատասխան միջոցներուն դիմելու համար:
Գ.- Տարբեր մասնագիտութիւններու տէր հայ բժիշկներու խումբ մը տրամադրելի պիտի մնայ 24 ժամ խորհրդատուութեան եւ շտապ օգնութեան համար:
Դ.- Հաստատուեցաւ դիմատետրի էջ` պսակաձեւ ժահրի ճգնաժամային շտապ – Լիբանան (Corona Crisis Committee – Lebanon). այս էջը մնայուն պիտի թարմացուի Շտապի գործունէութեան մասին լուրերով, ինչպէս նաեւ կանխարգիլման եւ կանխազգուշացման նիւթերով:
Ե.- Կանխազգուշացման նպատակով անհրաժեշտ պիտոյքներ պիտի բաժնուին հայահոծ թաղամասերու մէջ բնակող հայորդիներուն: