Չորեքշաբթի, 3 մարտ 2021-ին, ճափոնական դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը` Լիբանանի մէջ Ճափոնի լիազօր դեսպան Օքուպօ Թաքեշի եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէն Սերոբ Օհանեանի միջեւ:
Ըստ համաձայնագիրին, Ճափոնի ժողովուրդը «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկին կը յատկացնէ 89.948 ամ. տոլար` ծրագիրի մը համար, որուն շնորհիւ`
1.- «Գարակէօզեան»-ի Լէյլաւանի դարմանատունը պիտի օժտուի նոր ատամնաբուժարանով` իր լրիւ սարքերով, եւ այսպէս դարմանատան մէջ օրական դրութեամբ ընտանեկան բժիշկի կողքին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ ատամնաբուժ:
2.- «Գարակէօզեան»-ի Պուրճ Համուտի դարմանատան մէջ գործող ատամնաբուժարանը պիտի օժտուի յաւելեալ արդիական սարքերով:
«Գարակէօզեան» հաստատութեան ճամբով մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց շնորհակալութիւնը կը յայտնեն Ճափոնի ժողովուրդին` իր կատարած այս օգտաշատ նուիրատուութեան համար: