Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանի ընտրութիւնները` ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը յայտարարէ հետեւեալը.
1.- Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը գումարած է շարք մը ժողովներ լիբանանեան եւ հայկական կուսակցութիւններու հետ: Այս ժողովներու աւարտին, քննարկելէ ետք բոլոր տուեալները, ան կայացուցած է որոշում սատարելու համար հայկական աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցած թեկնածուներուն Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ:
2.- Մեր կուսակցութիւններու թեկնածուներուն շուրջ համախմբումը պէտք է ըլլայ մեր նպատակը: Առժամեայ լոզունգները կու գան ու կ՛անցնին, կը մնայ մեր ժողովուրդին տասնամեակներէ ի վեր ծառայած կուսակցութիւններու աւանդը: Փոփոխութիւնը թող գայ մեր մէջէն, երկխօսութեամբ: Շինիչ քննադատութիւնը եւ տարբերակներու ներկայացումը պէտք է ըլլան միակ ձեւը իրարու հետ խօսելու: Կայուն երկխօսութեամբ մենք կրնանք հասնիլ մեր համայնքին հարցերը լուծելու:
3.- Խորհրդարանի ընտրութեան արդիւնքները ըլլան մեր համայնքի եւ Լիբանանի օգտին եւ ոչ թէ հատուածի մը կամ անձի մը օգտին: Այս պէտք է ըլլայ մեր գերագոյն նպատակը:
Յարգանօք`
Ի դիմաց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ ՏՈՔԹ. Ա. ՏԱԳԷՍԵԱՆ