15 Յունիս 2021-էն սկսեալ, առցանց դրութեամբ, հայ հանրութեան կը ներկայանայ Տարբերակ21 հանդէսը (www.darperag21.net):
Հանդէսը կը հետապնդէ հայ հրապարակագրութիւնը, գրականութիւնը, լրագրութիւնը եւ գիտական միտքը զարգացնելու նպատակը՝ նորարար շունչով, եւ տարբեր երկիրներէ գրողներու, հրապարակագիրներու, արուեստագէտներու եւ տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու համագործակցութեամբ:
Հանդէսին գլխաւոր եւ գերիշխող լեզուն արեւմտահայերէնն է՝ մեր մայրենիին վտանգուած ճիւղը, որուն գործածութիւնը յաճախ կը յայտնուի արտայայտութեան տագնապի մէջ` ի դիմաց ժամանակակից մարդուն միտքը յուզող արդի խնդիրներուն, երեւոյթ մը՝ որ զայն հեռու կը պահէ երիտասարդներէն եւ տարբեր ուղղութիւններով զարգանալու կարելիութենէն:
Ինչո՞ւ հանդէսը անուանուած է Տարբերակ21: Խմբագրութեան համար հիմնական հեռանկար է հայկական ընդհանրապէս դասականացած լրատուական (տպագիր թէ առցանց) միջոցներէն «տարբերուելու» եւ «21-րդ» դարու շունչով արտայայտուելու առաջադրանքը:
Առ այդ, հանդէսը կ’առաջադրէ՝
1) Առաջ մղել հայ հրապարակախօսութիւնն ու լրագրութիւնը՝ կարծիքի բազմազանութեան ապահովման եւ քննական մտքի քաջալերման յատկանիշներով:
2) Դառնալ հայ կեանքին եւ ժամանակակից աշխարհին վերաբերող տեսական, հասարակական եւ մշակութային խնդիրներու քննարկման եւ բանավէճի միջավայր՝ հեղինակներու եւ ընթերցողներու մասնակցութեամբ:
3) Նպաստել հայերէն գրական ստեղծագործութեան՝ միաժամանակ կարեւոր տեղ տալով այլալեզու գրական երկերու հայացման:
4) Զարկ տալ հին թէ ժամանակակից հայ պատմութեան եւ հասարակական, մշակութային ու կրթական կեանքի ուսումնասիրութեան՝ մօտեցումներու բազմազանութեան յատկանիշներով:
Տարբերակ21-ը կը հրատարակուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նիւթական աջակցութեամբ:
Իբրեւ ազատ արտայայտութեան բեմ, Տարբերակ21 հանդէսը պատրաստ է ընդունելու հրապարակագրական, լրագրական, գրական-գեղարուեստական ու գիտական գրութիւններ եւ յօդուածներ, պատուեգինով վարձատրելու դրութեամբ: Հանդէսին մէջ կը հրապարակուին նաեւ գեղարուեստական թէ տարբեր նիւթերու վերաբերեալ լսատեսողական գործեր: Այդ բոլորը կարելի է ներկայացնել խմբագրութեան [email protected] հասցէին:
Տնօրէնութիւն
FB: darperag21