«Քորոնա» ժահրին ստեղծած տագնապալի պայմաններուն եւ Լիբանանի ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն դիմաց, լիբանանահայութեան զօրակցելու նպատակով, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Սիլվիա Սթամպուլի Ազգային առաջնորդարանին ճամբով լիբանանահայութեան կը նուիրեն 100.000.000 լ. ո. (Հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի):
Նշեալ գումարը պիտի բաշխուի հետեւեալ կարգով.
– «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին` 25.000.000 լ. ո.
– Լիբանանահայ օգնութեան խաչին` 25.000.000 լ. ո.
– Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի մասնաճիւղին` 25.000.000 լ. ո.
– Ազգային առաջնորդարանին` 25.000.000 լ. ո.
Այս առիթով, սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնենք բարերար ամոլին, որ մեծապէս արժեւորելով լիբանանահայութեան ազգային դերակատարութիւնը, շարունակաբար իր կարեւոր նպաստը կը բերէ տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններու յաղթահարման ճիգերուն:
Լիայոյս ենք, որ համահայկական բնոյթի զօրակցութեան այս քայլով, տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Սիլվիա Սթամպուլիի օրինակը առիթ կը հանդիսանայ, որ ուրիշ հայորդիներ եւս աւելի մեծ թափով իրենց զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը ընծայեն մեր գաղութին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ