Տօնական օրերուն առիթով, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը իր բարեսիրական գործունէութեան ծիրին մէջ, հայ ընտանիքներ ուրախացնելու նպատակով, Պուրճ Համուտի եւ այլ շրջաններու մէջ կարիքաւոր ընտանիքներու ուտեստեղէնի ծրարներ բաշխեց:
Շրջանային վարչութիւնը, հերթաբար, 2018 տարուան ընթացքին եւս պիտի շարունակէ նպաստ տրամադրել հայ կարիքաւոր ընտանիքներու:
«Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» նշանաբանով գործող Լիբանանահայ օգնութեան խաչը միշտ պատրաստ է ուրախութեան ժպիտ դրոշմելու իր հայրենակիցներուն դէմքերուն վրայ:
Անտէրին եւ կարիքաւորին ձեռք երկարելու բարձր գիտակցութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը:
Տօնական օրերու լաւագոյն բարեմաղթութիւններ` մեր ժողովուրդին:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ