ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի «Քորոնա» ժահրին պատճառած լուրջ տագնապին:
Տագնապը ունի համաշխարհային տարողութիւն` առողջապահական, տնտեսական, ընկերային եւ հոգեբանական ծանրակշիռ հետեւանքներով: Պետութիւններ, միջազգային եւ տեղական կազմակերպութիւններ ժահրին տարածման առաջքը առնելու նպատակով, իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան սահմաններուն մէջ, անհրաժեշտ քայլերու կը դիմէ` հանրութիւնը ապահով ու անվնաս պահելու համար:
Աշխարհասփիւռ իր կառոյցին բերումով, ՀՄԸՄ եւս կը կրէ տագնապին բոլոր հետեւանքները: Միութեան 111 մասնաճիւղերուն ընթացիկ աշխատանքները դադրած են արդէն եւ Շրջանային թէ Մեկուսի վարչութիւններ, Կեդրոնական վարչութեան ցուցմունքով, լծուած են արտակարգ իրավիճակի յատուկ գործունէութեան:
Արդարեւ, տագնապին սկզբնական օրերէն Կեդրոնական վարչութիւնը`
Ա.- Միութեան 26 շրջաններէն պահանջեց բոլոր հաւաքները եւ սկաուտական-մարզական աշխատանքները փոխարինել դաստիարակչական առցանց ծրագիրներով` կարելիութիւնը ստեղծելով, որ նորահաս սերունդը, ակումբներէ եւ հաւաքավայրերէ հեռու մնալով հանդերձ, հեռու չմնայ ազգային-միութենական կեանքէն եւ մթնոլորտէն:
Բ.- ՀՄԸՄ-ի մարմիններուն թելադրեց քարոզչական առցանց աշխատանքի ձեռնարկել իրենց շրջաններու անդամները, համակիրներն ու ժողովուրդը տեղեակ պահելու համար «Քորոնա» ժահրին վտանգներուն եւ նախազգուշական միջոցներուն մասին:
Գ.- Որոշեց ժողովական կեանքը ըստ կարելիութեան շարունակել արդի արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներով եւ հաղորդակցութեան կարելի բոլոր միջոցներով` անխափան պահելով մարմիններ-անդամներ եւ մարմիններ-Կեդրոնական վարչութիւն կապերը:
Դ.- Միութեան շրջաններուն թելադրեց իրենց բովանդակ կարելիութիւնները դնել ազգային մարմիններու տրամադրութեան տակ, կամաւոր ծառայութեան սկզբունքով օժանդակելու համար տագնապահար հայորդիներու կարիքներուն:
Արտակարգ իրավիճակի ներկայ պայմաններուն մէջ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը յուսայ յիշեալ քայլերով իր մասնակցութիւնը բերել մեր օրերու համաշխարհային մեծագոյն տագնապին դիմագրաւման` գործնական ու անմիջական փաստը տալով մարդկային մօտեցումի, քաղաքացիական գիտակցութեան եւ ազգային պատասխանատուութեան այն արժէքներուն, որոնք հարազատ արտայայտիչները կը հանդիսանան միութեան առաքելութեան եւ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանին:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 24 մարտ 2020