Ականատես դառնալով պսակաձեւ ժահրին վտանգաւոր հետեւանքներուն եւ յարգելով լիբանանեան կառավարութեան որոշումները, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Երկուշաբթի, 23 մարտ 2020-ին, առ ցանց նիստ մը գումարեց, լուսարձակի տակ առնելով մտահոգիչ այս կացութեան առջեւ Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած առողջապահական,տնտեսական եւ ընկերային տագնապները:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը հաւատարիմ մնալով իր աւանդութիւններուն, լիբանանահայութեան կարիքներուն հասնելու առաջադրանքով, որոշեց Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ ստեղծել կամաւորական խմբակներ:
Աշխատանքային եղանակը եզրակացնելէ ետք պիտի հաղորդուի հանրութեան:
ՀԵԸ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ