Պուրճ Համուտի յարգելի՛ բնակիչներ,
Լիբանանն ու իր ժողովուրդը վերջին տարիներուն կը դիմագրաւեն իրերայաջորդ տագնապներ ու դժուարութիւններ, որոնք վերջին ամիսներուն վատթարանալով ապրուստի տարրական անհրաժեշտութիւններու ապահովումը տառապալից մարտահրաւէր դարձուցին ժողովուրդին:
Այս տագնապներէն նորագոյնը վերջին երկու օրերուն երկրին մէջ մազութի բաշխումի դադրեցումն էր, որուն հետեւանքները կը կրեն բոլոր բնագաւառները, ներառեալ սեփական ելեկտրածին շարժակները:
Շրջանին մէջ գործող քարիւղային ընկերութիւնը` «Քորալ Օյլ», նախապէս հասկացողութիւն եւ դրական մօտեցում ցուցաբերած էր քաղաքապետարանի այն ճիգերուն, որոնք կը միտէին դիւրացնել շրջանի ելեկտրածին շարժակներուն վառելանիւթ ստանալը` ապահովելու համար բնակչութեան ելեկտրական հոսանքի հայթայթումը: Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Քորալ Օյլ» ընկերութեան, որ առաջնահերթ կարեւորութիւն կու տայ այս հարցին:
Վերջին երկու օրերուն երկրին մէջ վառելանիւթի տագնապի սրումին, եւ մանաւանդ` մազութի բաշխումի դադրեցումին պատճառով, այդ վառելանիւթի ապահովումը դժուար դարձաւ բոլոր բնագաւառներուն համար եւ երկրի ամբողջ տարածքին: Այս կացութիւնը պատճառ դարձաւ բոլոր շրջաններուն մէջ, ներառեալ Պուրճ Համուտը, սեփական ելեկտրածին շարժակներու հոսանք հայթայթելու դժուարութեանց:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, իր ընթացիկ պարտաւորութիւններուն կողքին, պարտաւոր կը զգայ ամէն ճիգ ի գործ դնել` մեղմացնելու եւ բարելաւելու շրջանի բնակչութեան պայմանները:
Քաղաքապետութիւնը կը ցաւի այս կացութեան մեր բնակչութեան պատճառած տառապանքին եւ վտանգաւոր առողջապահական պարագաներուն վրայ անոր անդրադարձին համար:
Յուսալով, որ յառաջիկայ օրերուն լուծումներ կը տրուին այս կացութիւնը պատճառած հիմնական հարցերուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իր վստահութիւնը կը յայտնէ, թէ «Քորալ Օյլ» ընկերութիւնը պիտի շարունակէ առաջնահերթ կարեւորութիւն նկատել շրջանի ելեկտրածին շարժակներու վառելանիւթի ապահովումը:
Եզրափակելու համար, կը վերահաստատենք մեր համոզումը, թէ Լիբանանն ու իր ժողովուրդը պիտի յաղթահարեն նաեւ ա՛յս տագնապները:
Նաեւ կը հաւաստենք, որ կը մնանք յանձնառու եւ ճիգ պիտի չխնայենք մեղմացնելու մեր շրջանի զաւակներուն դժուարութիւնները, որպէսզի միասնաբար շրջանցենք այս դժուար փուլը:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՓՈԽՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ