Սիլվա Իսկիկեան-Մահսերեճեան
Կը հաղորդուիմ Տէ՜ր,
Բայց ո՛չ մեղայ:
Կը հաղորդուիմ մասունքէդ՝
Վասն խաղաղութեան,
Որ տուիր ընծայ:
Կը հաղորդուիմ գինիէդ,
Բայց ո՛չ մեղայ:
Գոհանալու շնորհքէդ,
Որ Վիճակածդ ինծի
Դառն քացախը չէ:
Կը հաղորդուիմ երկիւղով,
Բայց ո՛չ մեղայ:
Չընդվզելու տենչանքով,
Չզայրանալու, չմեղանչելու
Եւ երբե՛ք զրպարտելու…
Իսկ եթէ Տէ՛ր իմ, ակամայ
Մարդկային բնազդս վկայ,
Ժխտականով լիանամ,
Խոնարհաբար ես կու գամ
Հաղորդուելու սկիհէդ
Ու բազմամեղիս՝ մեղա՜յ: