Ֆրանսական «France 2» հեռուստաալիքը յատուկ հաղորդում մը ցուցադրեց նուիրուած աշխարհահռչակ ֆրանսացի երգիչ Շառլ Ազնաւուրին:
Սկսելով «Անոնք Ինկան» երգէն՝ Շառլ Ազնաւուր անցաւ անկեղծ զրոյցի: Ան յայտեց, թէ եղած է գաղթականի զաւակ: Հայրը միացած է Դիմադրութեան շարքերը: Երիտասարդութիւնը անցուցած է աղքատութեան մէջ, սակայն եղած է երջանիկ: Ան պատմեց Էտիթ Փիաֆի եւ զինք քննադատողներու մասին:
Ազնաւոր անդրադարձաւ Ֆրանսայի տուրքային դրութեան եւ անարդարության մասին: Անդրադարձաւ կանանց եւ ընտանիքի մասին: Ան խոստովանեցաւ, թէ զինք աւելի շատ կը սիրեն արտասահմանի մէջ , քան Ֆրանսիայի: Ազնաւոր շեշտեց, թէ պայքարած է անվստահութեան ու խտրականութեան դէմ:
Հաղորդումը ավարտեցաւ այնպէս, ինչպէս սկսաւ՝ վերադառնալով դէպի Հայաստան: Ազնաւուր պատմեց Մեծ երկրաշարժին եւ «Քեզ Համար, Հայաստան» երգի մասին: Անդրադառնալով հանդերձեալ կեանքին՝ Շառլ Ազնաւուր ցանկութիւն յայտնեց մահանալու հանգստութեան մէջ ՝շրջապատուած ընտանիքի անդամներով՝ «Ինչպէս որ հին ժամանակներուն»,- ըսաւ ան, ամենայն լրջութեամբ: