ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Տարուան վերջին օրուան հրաժեշտ կու տանք, անշուշտ ճոխ սեղաններու շուրջ հաւաքուած: Զաւակներս, թոռնիկներս մեզի են: Տօնական մթնոլորտ կը տիրէ. բաժակներ, կենացներ, դանակ, պատառաքաղ, ուրախ քրքիջներ, խօսակցութիւն:
-Ը՜մմ, ի՞նչ համով է- կ’ըսէ թոռնիկս, որ շատ կը սիրէ իմ պատրաստած «շէհրիէ»ով փիլաւս, ախորժակով ուտելով:
Ես ալ պնակիս մէջ կը դնեմ քիչ մը համին նայելու համար: Հազիւ երկու դգալ կ’ուտեմ, երբ կարծր բան մը կը զգամ բերնիս մէջ: «Աս ի՞նչ է» կ’ըսեմ ես ինծի: Խոհանոց կ’երթամ ստուգելու: Ի՜նչ լաւ, վերի շարքէն ակռայ մը ինկաւ:Բարեբախտաբար առջեւիններէն չէ, բայց անմիջապէս երրորդն է .խօսելու, կամ խնդալու ատեն ծակը կ’երեւի:
Ատամնաբոյժը օրին՝ զայն առժամապէս նորոգած էր , որպէսզի աշակերտներուն աջեւ նեղ կացութեան չմատնուէի եւ պատուիրած, որ շուտով վերադառնայի վերջնական ձեւով շտկելու համար: Եւ անշուշտ ես չէի գացած. Այդ առժամեան ալ մէկ տարի քաշքշուած էր: Նոր տարիին բացումը կատարեցի ինկած ակռայով: Վերադարձայ սեղան եւ շարունակեցի ուտել, բայց գրեթէ չխօսեցայ, որ ծակը չերեւէր:
Հարցը յաջորդ օրն էր. հրաւիրուած էի ճաշկերոյթի մը, ուր պաշտօնական հիւրեր ներկայ պիտի ըլլային: Ի՞նչ պիտի ընէի. հոն չէի կրնար խօսակցութեան չմասնակցիլ, կամ չխնդալ:
Առտուն ուզեցի ակռաս շատ զօրաւոր սոսինձով փակցնել, բայց googleին մէջ կարդացի որ նման նիւթեր թէ՛առողջութեան կը վնասեն եւ թէ՛ ակռան բոլորովին կը փճանայ:
Սկսայ դեղատուփին մէջ փնտռել բան մը, որ փոխարինէր սոսինձը եւ բախտէս գտայ ակռայի յատուկ փակցնելիք մը, որ կրնար մի քանի ժամ փրկել բերանս: Պէտք էր շատ զգոյշ ըլլայի ուտելու ատեն, որպէսզի ակռաս տեղէն չելլէր:
Կէսօրին ուրախ գացի ճաշի: Քիչ կերայ, քիչ խօսեցայ եւ քիչ խնդացի, լեզուովս միշտ ստուգելով, որ ակռաս իր տե՞ղն է, թէ կլլած եմ:
Ամսուն երկուքի առաւօտուն՝ անմիջապէս ատամնաբոյժիս հեռաձայնեցի: Արձանագրուած պատգամը կ’ըսէր, որ անիկա ամառնային արձակուրդի գացած էր:
Պահ մը մտածեցի ուրիշ ատամնաբոյժի երթալ, բայց յետոյ որոշեցի իմինիս սպասել: Տարիներէ ի վեր իրեն կ’երթամ. ինք ծանօթ է իմ բերնիս բոլոր ծակուծուկերուն: Մինչ այդ ակռաս գանձի մը պէս պահեմ. թէեւ չեմ գիտեր, թէ բանի մը կը ծառայէ՞ թէ ոչ:
Յաջորդ օրը, երբ արթնցայ կարծես ծոծրակս սղոցած էին.սաստիկ ցաւ մը թոյլ չէր տար, որ գլուխս աջ, կամ ձախ դարձնէի: Ձեռքովս շօշափեցի ձախ ուսս եւ տեսայ, որ քիչ մը ուռած էր «սերվիքալ»իս մօտ եւ երբ մատովս ոսկորին դպայ, ցաւէն սուր ճիչ մը արձակեցի:
-Ին՞չ եղաւ մա՛- հարցուց աղջիկս :
-Ծոծրակս կը ցաւի,-ըսի:
-Պէտք է «մասաժիսթի» երթաս- ըսաւ. – առաջին անգամը չէ ասիկա:
Նորէն փնտռեցի մեր աղքատ դեղատուփին մէջ, ուր կարգ մը դեղեր շատոնց աղբաման գացած պէտք է ըլլային: Պէտք է օր մը մաքրագործութեան լծուիմ եւ թափեմ աս հինցած դեղերը : Պզտիկ տուփ մը գտայ, որուն մէջ քսուք մը կար շատ զօրաւոր հոտով, որ բորբոքած մկաններու համար էր:Մատովս առի քիչ մը, տարածեցի ցաւած տեղը եւ սկսայ շփել զգուշութեամբ:
Յաջորդ առտուն՝ ուրիշ նուէր մը. անկողինէս չէի կրնար իջնել: Ողնայարս, մէջքէս վար սոսկալի կը ցաւէր: Ծոծրակս չէր բաւեր հիմա ալ « սիաթիք». Կաղալով քալեցի, երբ աթոռին վրայ պիտի նստէի,
-Ա՜յյյ … պոռացի. աթոռէն ելլելու ատեն, աւելի զօրաւոր ցաւ մը զգացի:
-Մա՜ ի՞նչ ունիս- նեղուեցաւ աղջիկս:
-Մէջքս կը ցաւի- ըսի ակռաներս սեղմելով:
-Ե՞րբ պիտի երթաս բժիշկի, մինչեւ ե՞րբ ասանկ անհոգ պիտի վարուիս դուն քեզի հետ:
Նորէն այդ օրհնեալ քսուքէն առի, մէջքիս եւ ծոծրակիս վրայ տարածեցի եւ սկսայ շփել: Յետոյ յատուկ մարզական « քորսէ» մը ամրօրէն մէջքիս փաթթեցի եւ ելեքտրական բարձը դրի: Անկեղծ ըլլալու համար, ըսեմ, թէ ես ծայրայեղ պարագաներու միայն բժիշկի կերթամ:
Ողջ մնայ մեր տան անկիւնի դեղագործը՝ Ֆէրնանտօն: Երբ անհանգստութիւն մը ունենամ, իրեն քով կը վազեմ, որ պէտք եղած դեղը կու տայ կամ ուղղակի կ’ըսէ, որ դեղի պէտք չկայ: Սկիզբը կը թելադրէր, որ բժիշկի երթամ, բայց երբ տեսաւ որ դիմացինը պինդ գլուխ մէկն է, ի վերջոյ տեղի տուաւ: Այդ պատճառով, ամէն տարի ընկերոջ օրուան առթիւ, իրեն տուփ մը շոքոլայ կը նուիրեմ: Շատ աւելի աժան, քան բժիշկին այցեգինը:
Ես ցաւ հանդուրժող մէկն եմ, բայց այս օրերուն՝ նման սաստիկ ցաւեր չէի ունեցած: Մէջքս երկու «ղաթ» եղած էր. մեր բակի դրացուհի՝ Մէննուշ պաճիին բառերով: Երբեմն խեղճ կինը կը գանգատէր ծունկի ցաւէն, երբ մեզի գար սուրճ խմելու. ապա կ’աւելցնէր.
-Օնտան տըր:
Ես չէի հասկնար իմաստը այդ բառին: Ատկէ է –ըսել կ’ուզէ,- կ’ըսէր մայրս,-այսինքն ծերութենէն:
Կ’երեւի իմ ալ «օնտան տըր» ի ժամանակս հասեր է:
Ճաշէն յետոյ, թիկնաթոռին վրայ նստած անուշեղէն կ’ուտէինք. անտրամադիր էի, սիրտս շատ նեղ էր: Յանկարծ հայելիին մէջ պառաւ վհուկ մը տեսայ, անակնկալի եկայ. ես էի.աս ինչ սարսափելի բան, Աստուած իմ. ինչպէ՞ս չէի անդրադարձած, որ այդքան ծերացած եմ: Կարծեմ նեղսրտութիւնս զիս տգեղ եւ աւելի ծերացած ցոյց կու տար. տրամաբանական չէր այս յանկարծակի այլափոխութիւնը:
– Ես դպրոցը պիտի ձգեմ այս տարի իսկ – յայտարարեցի ջղայնացած:
-Մի՛ սկսիր նորէն –ըսաւ աղջիկս, որ ինծի հետ կը պաշտօնավարէ, յանդիմանական ոճով.- եթէ նպատակդ դպրոցը ձգել է, ինչու՞ դասագիրքերը կը պատրաստես: Երեք դասարանի համար ուրկէ՞ պիտի գտնենք հայերէնի ուսուցիչ:
-Մինչեւ ե՞րբ պիտի աշխատիմ, ալ տարիքս առի: Աշակերտները երիտասարդ դէմքեր կ’ուզեն տեսնել:
– Ի՞նչ կ’ըլլայ կոր քեզի, ի՞նչ ունիս, խելքդ ի՞նչ փչեց, ասանկ կը խօսիս: Քեզի տարեկից մի քանի ուսուցչուհիներ եւս կան, բայց անոնք գործը ձգելու մասին չեն մտածեր:
-Ամէն մարդ ազատ է, -ըսի- աշակերտներս հաւանաբար կը մտածեն, աս կինը մեր մամային, պապային ալ դաս տուած է եւ տակաւին աշխատելու փափա՞ք ունի, ե՞րբ պիտի երթայ:
Վերջապէս տունը մինակս մնացի: Գորգին վրայ սաւան մը փռեցի եւ վրան երկարեցայ, որպէսզի քիչ մը մարզանք ընեմ, թերեւս ցաւը մեղմանայ:
Ատոնիսը իմ անուշիկ կատուս, եկաւ քովս կեցաւ եւ տարօրինակ կերպով սկսաւ զիս դիտել:
– Աս կինը ի՞ն չ կ’ընէ, խենթացա՞ւ, գետինը պառկած է:
Սրունքներս վեր կը բարձրացնէի, յետոյ իրանս, եւ երբեմն – ա՜յ, ա՜ յ – կը բացագանչէի երբ ցաւէր: Յետոյ աչքերս գոցեցի հանգչելու համար: Յանկարծ կատուիս դունչը զգացի դէմքիս վրայ. խեղճը վախցած էր, եկած էր նայելու, թէ ո՞ղջ եմ :Աչքերս բացի, ուրախութենէն երեսս սկսաւ լզել:
Այսօր քիչ մը աւելի լաւ եմ, կը մարձեմ մէջքս, ծոծրակս: Փաստ՝ նստած այս տողերը կը մրոտեմ:
Ասիկա ալ պատմեմ եւ վերջացնեմ:
Երէկ ակնոցս կը փնտռէի, (ե՞րբ ոչ) եւ չէի գտներ: «Թափթփա՜ծ» կ’ըսէր իմ լուսահոգի անուշիկ ամուսինս, երբ կը տեսնէր, որ նորէն փնտռտուքի մէջ էի: Այս անգամ վստահ էի, որ սեղանին վրայ դրած էի եւ չկար: Ատոնիսը գետին նետած էր զայն. վերցուցի եւ աչքիս դրի. տեսայ, որ ապակիին մէկը չկայ. փնտռեցի սեղանին տակ գացած էր:
Առի եւ փորձեցի շրջանակին մէջ դնել, որքան աշխատեցայ մտցնել,չյաջողեցայ երբ քիչ մը աւելի սեղմեցի, ապակին ձեռքիս մէջ փշրուեցաւ:
Վաղն իսկ ակնաբոյժի պէտք է երթամ: Բայց մինչեւ, որ ժամադրութիւն տայ, քննութիւններ ընէ, մէկ երկու անգամ երթալ գալու խնդիր հանէ, ժամանակ կ’անցնի եւ ես համբերութիւն չունիմ: Աւելի լաւ է, որ երթամ մեր ակնոցավաճառին, անիկա անմիջապէս հարցը կը լուծէ:
Քիչ առաջ իր քովէն եկայ , վաղն իսկ նոր եւ գեղեցիկ շրջանակով ակնոցս պիտի ստանամ:
Ինչու՞ բարդացնել կեանքը, երբ պարզ ձեւեր կան, ըստ իմ իւրայատուկ փիլիսփայութեանս:
Ինչ լաւ է,որ պատմելիք բաներ են: