Մեր ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով խողխողուեցաւ անյայտ վայրերու մէջ: Շատ շատերու դիակները մնացին անթաղ: Ոմանք փոշիացան անապատներու եւ դաշտերու մէջ: Աւերակներու վերածուեցան մեր օճախները, եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները, ճարտարագիտական, մշակութային կոթողները: Քանդուեցան մեր քաղաքներն ու գիւղերը, կողոպտուեցան մեր ունեցուածքներն ու մշակութային գանձերը: Արմատախիլ դարձան ժողովրդական աւանդութիւնները, ժողովուրդին յառաջդիմութեան եւ ազգային ստեղծագործութեան հիմունքները: Ոչնչացան սերունդներ…կորսնցուցինք Արեւմտահայաստանը, տարագրուեցանք Կիլիկիայէն..
2020-ը կը խորհրդանշէ կիլիկեան կարգ քաղաքներու, որոնց մէջ՝ Հաճնոյ ութամսեայ հերոսամարտին հարիւրամեակը: Հերոսամարտ մը, որ փառքով պսակուեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:
Հերոսական Հաճնոյ ինքնապաշտպանութեան ոգին արժեւորելու, մեզի ժառանգուած կտակը եւ մեր Դատին հանդէպ մեր հաւաքական յանձնառութիւնը վերանորոգելու, Հերոս Արծուաբոյնի զաւակներուն հայրենասիրութեամբ վերահաղորդուելու, հայ ժողովուրդի Մեծ երազը իրականացնելու վճռակամութեամբ ճամբայ ելած Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան Պէյրութի մասնաճիւղը 2020 թուականի ընթացքին ծրագրած է ոգեկոչման շարք մը միջոցառումներ:
Հայ հասարակութիւնը լիբանանահայ մամուլի եւ լրատուական աղբիւրներու միջոցներով, իրազեկ պիտի դառնայ Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն:
Ազգերու պատահած դժբախտութիւնները միշտ չեն տանիր դէպի մահ:Վկայ՝ Հերոսական Հաճընը:
Ստորեւ լոյս տեսած պատմական ակնարկով կը սկսինք Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով նախատեսուած յօդուածներու շարքին:
Հաճնոյ Հայրենակցական Միութիւն
Զինադադար, Որբահաւաք, Տունդարձ եւ Կազմակերպում
Առաջին Համաշխարհային վերջալոյսին, Դաշնակիցներու արեւելեան Միջերկրականի ազատագրումով արաբական արեւելքի անապատային եւ ներքին այլ շրջաններէ մեծաթիւ հայ տարագիրներու տունդարձի նախասկիզբը կը դրուի: Կարճ ժամանակ ետք, 11 Նոյեմբեր 1918-ին, Զինադադարի կնքումը նոր յոյսեր կը ներշնչէ տունդարձի, մինչ Դաշնակից ուժերը կը հասնին Կիլիկիոյ սահմաններուն:
1919-ի սկիզբները ֆրանսացիք կը գրաւեն Ատանան ու Սիսը: Ասով ազդանշանը կը տրուի զանգուածային տունդարձին, մանաւանդ քաջալերանքովն ու աջակցութեամբը հայկական կազմակերպութիւններու, առաւել եւս՝ գրաւող իշխանութեանց քաղաքական եւ նիւթաբարոյական աջակցութեամբ: Պէյրութ եւ Հալէպ կը դառնան վերադարձի գլխաւոր կայաններէն:
Վերադարձ. Նաեւ՝ Հաճըն
Սակայն, որբերու, կարիքաւորներու, այրիներու եւ կարողազուրկերու ազատագրում-վերադարձը ապահովելու աշխատանքէն անկախ, գաղթականներու զանգուած մը սկսեր էր տարերայնօրէն, անկազմակերպ վերադառնալ պապենական ծննդավայր:
25 Մարտ 1919-ին կ’արձանագրուի հաճընցիներու առաջին վերամուտը իրենց ծննդավայր, շուրջ չորսուկէս տարիներու բացակայութենէ ետք: Վերադարձողները – շուրջ 300 ընտանիք – կը տեղաւորուին Ս. Յակոբայ վանքը եւ դպրոցը: Անոնք Հաճընի մէջ կը գտնեն 850-1000-ի մօտ հայ ծերեր, կիներ, հաշմանդամներ, կոյրեր, մանուկներ, բանակին մէջ գտնուող հայերու ընտանիքներ, թուրք գաղթականներ, իսկ քաղաքը կը նմանէր ամփիթատրոնի՝ աւերակուած, $մոխրակոյտ դարձած# կեդրոնաշրջան մը, շրջապատուած կիսաւեր տուներով, մինչ թրքաց թաղը կանգուն կը մնար: Անհրաժեշտօրէն զգալի պէտքեր էին հաց, զգեստ, անկողին, տուն, դպրոց, հիւանդանոց: Արհեստաւորներ չեն կրնար աշխատանքի լծուիլ՝ գործիքներու չգոյութեան պատճառով: Հաճընի վերահայացումով շրջակայ գիւղեր եւ այլ տեղեր թաքնուած Հաճընի եւ շրջակայ հայագիւղերու որբեր կ’ապաստանին Հաճըն՝ բարդացնելով ուտեստի եւ ընկերատնտեսական տագնապը, մինչ Յուլիս 1919-ի սկիզբները քաղաքին բնակչութեան թիւը հասեր էր 6000-ի: Երկրագործական աշխատանքներու լծուելով՝ ձմռան մթերք ապահովելու ժամանակը անցեր էր արդէն, որով սննդաւորման եւ պատսպարման տագնապը առաւել կը սրի: Գաղթականներուն հետ Հաճըն կ’անցնին նաեւ հայ կամաւորներ, որոնց շարքին՝ Հաճընի ինքնապաշտպանութեան հետագայ հրամանատար, Անդրանիկի զինուոր Սարգիս Ճեպէճեան (1919 Դեկտեմբերի վերջը):
Կեանքի Վերընձիւղումը Հաճընի Մէջ
Հակառակ ներքին այս դժուարութեանց, հաճընցիք կը լծուին վերակազմակերպման աշխատանքի. 29 Մարտին կը կազմուի Հայ Ազգային Միութիւնը: 30 Մարտին՝ Հաճընի Օգնութեան Յանձնախումբը: 2 Ապրիլին՝ Հաշտարար Դատարանը: 27 Ապրիլին Հաճնոյ թուրք քայմաքամը կը փոխարինուի Արմենակ Քիրէճեանով: 22 Մայիսին վանք բնակեցուած հաճընցիք կ’անցնին իրենց կիսանորոգուած տուները, մինչ վանքը կը պատրաստուի ընդունիլ Հաճըն գալիք ՀԲԸՄ Դամասկոսի որբանոցն ու որբերը: 15 Յունիս 1919-ին Կիլիկիոյ գրաւման ուժերու վերին հրամանատար զօրավար Մէչ, Սիսի ֆրանսական կառավարութեան ներկայացուցիչ Զօր. Թայարտա եւ գնդապետ Փիէփափ եռօրեայ այցելութիւն կու տան Հաճըն, 8 Օգոստոս 1919-ին գնդապետ Նորման կ’այցելէ Հաճընի լեռները՝ սահմանները քննելու յառաջադրութեամբ, իսկ 1920 Յունուարին՝ Սիսի ֆրանսական ներկայացուցիչ Թայարտայի օգնական Սիւպհի, որ Հաճըն կը մնայ 3 օր: 19 Փետրուարին Հաճըն կը հասնի տեղակալ Կարապետ Չալեան, որ կը փոխարինէ Քիրէճեանը:
29 Օգոստոս 1919-ին Հաճըն կը հասնին ՀԲԸՄ Դամասկոսի 60 որբանոցայինները, հիւանդանոցը եւ պաշտօնէութիւնը: Զոյգ հաստատութիւնները 5 Սեպտեմբերին հասցուած էին Տարսոն, ապա Ատանայի եւ Սիսի վրայով՝ Հաճըն: Ատանայի եւ Սիսի մէջ կարաւանը կը հարկադրուի մնալ «բաւական օրեր»՝ հաստատութեան զանազան պիտոյքները ապահովելու, «մանաւանդ եղանակին համար կարեւոր քանակութեամբ պաշար հայթայթելու համար»: Սիսէն Հաճըն ճամբաները «յուժ վտանգաւոր» ըլլալուն՝ փոխադրութիւնը կը կատարուի ոստիկաններու ընկերակցութեամբ:
Որբանոցին համար ընտրուած էր Հաճընի հարաւ արեւմուտքը, քաղաքէն կէս ժամ հեռաւորութեամբ, 5000 ոտք բարձրութեամբ Ս. Յակոբայ լեռան ստորոտը կառուցուած Ս. Յակոբայ վանքի նախկին որբանոցին վայրը, իսկ հիւանդանոցին համար՝ միսիոնարներուն Քրտէտի աղջկանց վարժարանին շէնքը: Երկուքն ալ բաւարար չափով կը վերանորոգուին: …19 Սեպտեմբեր 1919-ին սգահանդէս կը սարքուի Հաճընի նահատակներուն յիշատակին: 26 Սեպտեմբերին որբանոց կ’ընդգրկուին Ազիզիյէէն բերուած 50 որբեր: Նոյն օրը հաճընցիք կը դիտեն տեղական ֆութպոլի խաղ մը, աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Երիտասարդաց Երկսեռ Միութիւնը, որ կը պատրաստուի ներկայացում տալու, որուն հասոյթով՝ կօշիկ բաժնելու յառաջապահներուն: Հաճընի նախկին առաջնորդ եւ ՀԲԸՄ զոյգ հաստատութեանց «վերատեսուչ» Պետրոս Եպս. Սարաճեան Հաճըն կը հասնի 1 Դեկտեմբերին, ընկերակցութեամբ ՀԲԸՄ պատուիրակ Հմայեակ Ուղուրլեանի:
Կիրակի, 14 Դեկտեմբեր 1919-ին պաշտօնապէս բացումը կը կատարուի ՀԲԸՄ որբանոցին եւ հիւանդանոցին: Հիւրերուն շարքին են Արմենակ Քիրէճեան ամոլը, ամերիկեան որբանոցի պատասխանատուներ՝ Միս Քոլտ եւ Իպի ամոլը, Հաճնոյ հայ աւետարանականներու հովիւ Պատ. Խաչատուրեան, ոստիկանութեան հրամանատար Յովհաննէս Ժամկոչեան, ՀԲԸՄ պատուոյ անդամ Յ. Գրգեաշարեան: Որբերը կ’արտասանեն ու կ’երգեն «խինդ ու խնծիղ ճառագայթելով ներկաներու դէմքին»: Խօսք կ’առնեն Սարաճեան սրբազան, Պատ. Խաչատուրեան, Մր. Իպի եւ Ուղուրլեան:
Այնուհետեւ, որբերը «անբաժան մասը … [կը դառնան] Հաճընի ընկերամշակութային կեանքին: Անոնց կողմէ խմբովին հնչեցուած ազգային երգերը … կատարած տողանցքներն ու ներկայացուցած թատրերգութիւնները նոր փայլք [կու տան] Հաճընի մէջ վերստին ծայր առած հայկական կեանքին»: Աւելի ետք, որբերու չափահասները «արիաբար» կը մասնակցին ինքնապաշտպանութեան կռիւին, եւ մեծ ծառայութիւն կը մատուցեն իբրեւ սուրհանդակ կամ պարէն եւ ռազմամթերք փոխադրողներ, որբանոցի ուսուցիչներէն Գէորգ Պաղտոյեան կը մարզէ չափահաս որբերը, կը սորվեցնէ դրօշակի գաղտնալեզու: Յիրաւի, Հաճընի ՀԲԸՄ-ի այս որբանոցն ու հիւանդանոց-դեղարանը «կը լրացնեն խիստ էական պակասներ»:
29 Յունուար 1920-ին կը կատարուի Հաճնոյ աւանդական ջրօրհնէքը, Մարտին կը խմբագրուի Նոր Հաճըն թերթի առաջին թիւը, բայց Թայարտա չ’արտօներ անոր տպագրումը: ՀԲԸՄ որբանոցը կը գործէ իր ուժերուն համարժէք. ոչ մէկ մահացութեան պարագայ կ’արձանագրուի հոն մինչեւ 15 Մարտ 1920, իսկ եօթ ամիսներու ընթացքին Հաճընի մէջ կ’արձանագրուին աւելի քան 100 ամուսնութիւն եւ 200-է աւելի ծնունդ: Սակայն, ի տես զարգացող վտանգաւոր կացութեան եւ շեշտուող անորոշութեան Հաճընէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը (Սարաճեան Եպս., Պատ. Խաչատուրեան, Շմաւոն Փոստոյեան եւ թիկնապահներ) 22 Փետրուարին կ’ուղղուի Սիս ու Ատանա՝ բարձրաձայնելու Հաճընի կարիքները եւ ճշտելու հետագայ քայլերը: Կարճ ժամանակ ետք, Մարաշի աղէտը բաւական բան կը յստակացնէ. ծաւալելու եւ առաւել աճելու ՀԲԸՄ-ի ծրագրերը կը կասեցուին աղէտին, Կիլիկիոյ անապահովութեան եւ «պաշարման վիճակին հետեւանքով, Հաճընի որբանոցին մասին նորագոյն տեղեկութիւն ունենալ կարելի եղած» չըլլալուն պատճառով:
Հաճընի Պաշարումը եւ Ութամսեայ Հերոսամարտը
Յիրաւի, վերադարձի, տեղաւորումի, վերաշինութեան եւ խաղաղ կեանքի վերսկսումի դժուարին միամեայ շրջանը (Մարտ 1919-Մարտ 1920) կը կասի Մարաշի աղէտին լուրով: Մարտ 1920-ին Հաճըն կ’անցնի զինուորական կարգապահութեան: Շատոնց արդէն, Էրզրումի մէջ, 23 Յուլիս 1919-ի ժողովին, Քեմալի ազգայնական շարժումը ոչնչացնող որոշում առեր էր փոքրամասնութիւններուն եւ տասանորդուած հայութեան դէմ:
3 Մարտ 1920-ին քաղաքը կը վերածուի դժուարանցանելի տարածքի, կ’ընդհատի երթեւեկը Սիսի հետ, 15 Մարտին հեռագրաթէլերը կը խզուին: Կը կազմուին Հաճընի Ինքնապաշտպանութեան Բարձրագոյն Ժողովը եւ Վերին Հրամանատարութիւնը. վերջինիս կեդրոնը կը հաստատուի Հաճնոյ կեդրոնական Ս. Աստուածածին եկեղեցիին եւ կից Ս. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, ուր կը ծածանի ֆրանսական դրօշակը: Վարժարանի վարի յարկի նախկին թատերասրահը կը փոխադրուին ՀԲԸՄ հիւանդանոց-դեղարանը: 8 Մարտին կը կատարուի զինուորական տողանցք: Ինքնապաշտպանութեան Կոմիտէն Հաճընը կը բաժնէ լեռնային 4 գլխաւոր դիրքերու.- ա) Տոլամաճ/Իժ (Քիրազ) Օլուք (հիւսիս-արեւելեան), Ա. վաշտ, բ) Տոնուզ-Սեքի (հիւսիս-արեւմտեան), Գ. Վաշտ, գ) Ղորչուղազ/Չայըր Պելէն/Կէօյնիկ (հարաւ-արեւելեան), Գ. վաշտ դ) Չալղան (հարաւ-արեւմտեան), Դ. վաշտ: Կը կազմուին պարենաւորման եւ գրաւման յանձնախումբեր, կը հաստատուի կրակմարի դրութիւն: Քաղաքի բնակչութիւնը կը բաժնուի երեք խումբի.- ա) երիտասարդութիւնը՝ 16-50 տարեկան տղամարդիկ (շուրջ 600 հոգի), զօրակոչի կ’ենթարկուին եւ կը լծուին ինքնապաշտպանութեան, կը կազմուին յառաջապահ եւ պահեստի խումբեր, բ) երկրորդ խումբը՝ 8-12 տարեկան փոքրեր, զինամթերք փոխադրողներն եւ սուրհանդակներն էին, գ) երրորդ խումբը երէցներն էին, որոնք խրամներ կը փորէին եւ յարձակումներու ատեն «հուռռա՜, հոռռա՜» կը պոռային, իրենց կ’ընկերանային նաեւ զէնք չունեցող պատանիներ: Իգական սեռը կը բաժնուի չորս խումբի.- ա) դիրքերուն վրայ մարտնչողներ, բ) դեռատի հարսեր եւ օրիորդներ, որոնք կիւկիմներով ջուր կը մատակարէին դիրքերուն, գ) երրորդ խումբը հիւանդանոցին կը ծառայէր, դ) չորրորդ խումբը երէցներն էին, որոնք արցունքոտ աղօթքներով հաց կը թխէին:
Հրամանատարական կեդրոնատեղիին խուցերէն մին կը վերածուի դերձակատան, ուրիշ մը՝ զինարանի, ուր կը նորոգուէին զէնքերը, չպայթած ռումբերուն նիւթերը կ’օգտագործուէին եւ օրական 5-600 փամփուշտ կը պատրաստուէր: Կը պատրաստուէր նաեւ վառօդ: Զինարանի մարդիկ՝ գլխաւորութեամբ ՀԲԸՄ որբանոցի ուսուցիչ խարբերդցի քիմագէտ Գէորգ Պաղտոյեանի, Համարձում Ապտեանի եւ Տիգրան Աճէմեանի, թնդանօթ շինելու անյաջող փորձ մը կը կատարեն, բայց կը յաջողին ականներ ու պայթուցիկներ սարքել (Թերզեան, էջ 301-3):
16 Մարտին Հաճնոյ երկնակամարին կ’երեւի ֆրանսական առաջին սաւառնակը, իսկ յաջորդ օրը թուրքեր վերջնագիր կու տան Հաճընի: Ֆրանսական երկրորդ սաւառնակը Հաճնոյ երկնակամարին կ’երեւի 28 Մարտին, որուն կը յաջորդեն ծանր մարտերը: 6-7 Ապրիլին ծանր յարձակումի կ’ենթարկուի Հաճընը, որուն հետեւանքով կը լքուին լեռնային դիրքերը: Ամերիկեան որբանոցին շրջանը՝ Քրտէտ եւ շրջակայքը, կ’անցնին թրքական հակակշռի տակ: Չափահաս 20-40 որբանոցայիններ, իրենց ուսուցիչ Գէորգ (Չաւուշ) Պաղտոյեանի հրամանատարութեամբ ամիս մը պաշտպանուելէ ետք, Քիրազ լեռան վրայ զետեղուած թնդանօթին ռմբակոծումներուն եւ զօրքի յարձակումներուն դիմաց Ապրիլի կէսերուն կը լքեն լեռնային դիրքերէն վերջինը՝ Ս. Յակոբայ վանքը, ՀԲԸՄ-ի իրենց որբանոցը ու կ’անցնին քաղաքամէջ, մինչ կրտսեր որբանոցայինները արդէն հեռացուած էին անկէ:
Դիմադրականները կը խրամատաւորուին քաղաքի մերձակայ դիրքերուն: Ղանլը Փազարի հրամանատար կ’անուանուի կամաւոր Վահան Ալթունեան, Կելիկի՝ Արշակ Սահակեան, Քոփուշ թաղի՝ Կարապետ Օղլուգեան, Եազը թաղի՝ Մկրտիչ (Մկր) Մանասէեան, Ս. Յակոբայ կամուրջի՝ Կիրակոս Տէր Կիրակոսեան, Մանսխանէի՝ Մեսրոպ Շխրտըմեան: Պաշարման շղթան հազիւ 20 քայլ հեռու էր հայկական կարգ մը դիրքերէն:
15 Ապրիլին՝ թուրքեր հաշտութեան առաջարկ կը ներկայացնեն, իսկ 30 Ապրիլին ծանր կը ռմբակոծուի Կելիկ թաղը: 8 Մայիսին հաճընցիք կը կազմակերպեն առաջին հակայարձակումը՝ 300 դիմադրականներով: Թուրքերը նոր թարմ ուժեր բերելով 10 Մայիսին մեծ թնդանօթով (105 մլ) կը սկսին աւերել արդէն իսկ աւերակուած Հաճընը: Սակայն Մայիսի աւարտին թուրքերու 16 ծանր յարձակումները ապարդիւն կ’անցնին:
25 Մայիսին Սիսէն Հաճըն հասած լրաբեր Ասատուր Սաչեան, Սիս վերադարձին ականատես կ’ըլլայ քաղաքի հայութեան պարպումին: 1 Յունիսին կը ջարդուի Վահկայի հայութիւնը: 8-9 Յունիսին դիմադրականները մասնակի յարձակողականով կը գրաւեն Քրտէտի որբանոցը, եւ որբանոցայիններն ու տեղի ուտեստի պաշարը կը փոխադրեն Հաճըն: 18 Յունիսին Ճեպէճեան կը վիրաւորուի եւ այնուհետեւ կը գամուի անկողնին: Յուլիս 1920-ի սկիզբները միլլի չեթէական խումբեր կը սկսին երեւիլ Հաճընի լեռները, մինչ 3 Յուլիսին ինկած էր Շարը: Ասոր կը յաջորդէ Հաճընի վրայ ամէնաբուռն յարձակումը որ կը ձախողի: Յուլիսի վերջաւորութեան անհամերաշխութիւնը կը շեշտուի Հաճնոյ քաղաքական եւ զինուորական հրամանատարութեանց միջեւ. Չալեան իզուր կը ջանայ տարհամոզել զինուորական հրամանատարութիւնը՝ Հաճընի բնակչութիւնը տեղափոխելու Ատանա: 5-6 Օգոստոսին տեղի կ’ունենայ դիմադրականներու երրորդ հակայարձակողականը: 20 Օգոստոսին Հաճըն կը հասնին 3 սուրհանդակներ որոնք կ’աւետեն շուրջ 1500 կամաւորներու Ախարճայի (Ատանայի մօտ) մէջ հաւաքուիլը՝ Հաճընի օգնութեան հասնելու: Օգոստոսի երրորդ տասնօրեակին Չալեան դարձեալ կ’առաջարկէ նահանջել Ատանա, մինչ զինուորական թեւը կը հակառակի: 18 Սեպտեմբերի գիշերը՝ դիմադրականներու չորրորդ կահայարձակողականը՝ Ռումլու եւ Կիւզելլիմ գիւղերուն վրայ, դարձեալ կ’արդիւնաւորուի ուտեստի պաշարի ապահովումով, որ նոյնպէս կը սպառի: Ճիշտ է, որ պաշարուածները ջուրի տագնապ չունէին, բայց Յուլիսին արդէն մորթուած էին Հաճընի բոլոր կենդանիները. գրաստներ, ձիեր-էշեր-ջորիներ, շուն ու կատուներ, նոյնիսկ հիւանդներուն կաթ հայթայթելու վերապահուած միքանի կովերը…:
Հաճընէն Փախուստը եւ Կոտորածը. Վերապրողներ, Սգահանդէսներ, Վերաշինութիւն
15 Հոկտեմբեր 1920-ին կը լքուի Հաճընը: Յաջորդող օրերուն կը կատարուի անզէն զանգուածին ջարդը, լեռներու վրայ փախստականներու հայորսութիւնը: Կը ջարդուին նաեւ ՀԲԸՄ-ի Հաճընի որբանոցայինները (ըստ ականատեսի վկայութեան, թուրքերը «բոլոր որբերը … բերդէն վար կրակին մէջ նետեցին»), հիւանդանոցին պաշտօնէութիւնը:
Պաշարման օղակը ճեղքած շուրջ 400 դիմադրողներու մեծամասնութիւն մը կը հասնի Ճիհան: Ասոնք վերապրողներն են հերոսական Հաճընի:
Պապենական Հաճընի յիշատակը վառ պահելու մտասեւեռումով, վերապրող հաճընցիներ եւ անոնք, որոնք զինադադարին չէին վերադարձած ծննդավայր, 1928-ին Մարսէյի մէջ կը հիմնեն Հաճըն պարբերաթերթը, 1931-ին՝ Պէյրութի հիւիսիսային մուտքին Նոր Հաճըն բնակավայրը, Երեւանի կից Նուպարաշէնի մէջ Նոր Հաճըն թաղամասը, իսկ Նոյեմբեր 1958-ին հայրենի պետութիւնը Նոր Հաճըն կը վերանուանէ Արզնի Գէսի թիւ 3 տեղամասը:
Հաճընի նահատակութեան յիշատակը վառ կը պահուի նաեւ այսօր, Հաճըն ծնած եւ այնուհետեւ նորահաս յետնորդներուն կողմէ՝ ամէնամեայ մատաղով, որ կը կատարուի Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան զանազան մասնաճիւղերու ջանքերով, Հայրենի Նոր Հաճընի մէջ կանգնեցուած յուշարձան թանգարանով եւ այնտեղ կատարուող ճիտապուր-մատաղով[1]:
Վերապրող հաճընցիք մեզի՝ յետնորդներուս ոգեկան թելադրանք մը ունեցան եւ կը շարունակեն ունենալ.- Սիրուն Հաճընը իր պատմութեամբ եւ ութամսեայ հերոսամարտով անջնջելի թեպէյուկ (աւանդ) մըն է: Աղայլօ (յումպէտս) պէտք չէ՛ երթայ:
[1] Հաճընի ճիտապուրի պատրաստութիւնը կը կատարուի հետեւեալ ձեւով՝ ըստ երէց հաճընցիներու հաւաստիացումին.- մէկ քիլօ ոչխարի վիզի միսը լաւապէս խաշելէ ետք, մսաջուրը առանձնացնել, իսկ միսը փետտել-վերածել շատ փոքր կտորներու: Խաշել կովի ոսկոր եւ ջուրը խառնել մէկ քիլօ կորկոտին: Նուազ քան մէկ քիլօ սոխ մանրել փոքրագոյն չափի եւ զայն ու փետտուած միսն ու մէկ քիլօ կորկոտը շաղել իրարու: Ապա զանոնք դնել կաթսային մէջ, աւելցնել մսաջուրը եւ սկսիլ խառնել: Մսաջուրի սպառումէն ետք, եփող մատաղին տաքութեան համապատասխան տաքութեամբ քիչ-քիչ ջուր աւելցնել ու շարունակել անընդհատ խառնել: Երբ նկատուի ճաշին թանձրացումը՝ աւելցնել տաք ջուր, մինչեւ որ նկատուի որ այլեւս կորկոտը նոր ջուր չի ներծծէր: Խառնելը պէտք է տեւէ առնուազն երեք ժամ: Մատաղը եփած կ’ըլլայ երբ ոչ միայն սոխը եւ միսը հալած կ’ըլլան, այլեւ կորկոտը գրեթէ լրիւ խաշած գետնախնձորի պէս թուլցած:
Դոկտ. Անդրանիկ Տաքեսեան