Շուշիի ազատագրութեան 23-ամեակին առիթով եւ Արցախի հզօրացման ի նպաստ երէկ` հինգշաբթի, 14 մայիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 տեղի ունեցաւ ռատիոթոն մը, որուն ընթացքին լիբանանահայութեան հաւաքական ներդրումով կարելի եղաւ գոյացնել 52.522 տոլար:
Լիբանանի մէջ գործող «Արցախ ֆոնտ»-ին կողմէ «Վանայ ձայն»-էն կատարուած ռատիոթոնին ընթացքին կատարուեցան հարցազրոյցներ, որոնց ընթացքին ներկայացուեցան ֆոնտին աշխատանքները, Արցախի եւ մասնաւորաբար սահմանամերձ ազատագրուած տարածքներուն մէջ ձեռնարկուած ծրագիրները, որոնց ճամբով ֆոնտը կը հոգայ արցախցիին ընկերային, առողջապահական, գիւղատնտեսական, դպրոցաշինութեան եւ շարք մը այլ մարզերու առնչուած կարիքները:
Լիբանանահայութեան իրենց պատգամները փոխանցեցին նաեւ հայ երեք յարանուանութիւններու պետերը:
Յատկանշական էր, որ այս ռատիոթոնին լիբանանահայութեան խուռներամ մասնակցութիւնը, ժողովուրդին մօտ տիրող խանդավառութիւնը ինքնին ցուցանիշ էր այն իրողութեան, որ լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս իր հայրենիքին կողքին կանգնելու եւ անոր հզօրացման մասնակից դառնալու պատրաստակամ է, ինչպէս եղած է միշտ:
Մայիս 14-ին կատարուած ռատիոթոնին ճամբով լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններու, պատրաստ է ոչինչ խնայելու յանուն հայրենիքի հզօրացման: