Չորեքշաբթի, 14 Նոյեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Լիբանանի Հայկազեան համալսարանին միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը, որուն համաձայն՝ նախարարութեան աշխատակիցները վերապատրաստումներ պիտի անցնեն Հայկազեան համալսարանին մէջ՝ նպաստելու համար Արցախի դիւանագէտներու մասնագիտացման խորացման ու զարգացման: