«Հայ Ժողովուրդը Ա՛յն Ժողովուրդն Է,
Որ Պայքարեցաւ Եւ Կը Պայքարի Ի՛ր Հողերու
Ձեռքբերման Համար,
Եւ Ոչ Թէ Ուրիշին Հողերուն Տիրանալու»
Ըսաւ Անթուան Ուատիհ Սաֆի
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ նախագահութեամբ Թալին Խաչատուրեանի, շաբաթ, 6 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սէն Ժոզեֆ համալսարանի «Փիեռ Պու Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի դասական երաժշտութեան երեկոյ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները որ անդրադարձաւ ձեռնարկի շարժառիթին ու յայտագիրի գլխաւոր մասերուն:
«Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը ունի աւելի քան 32 տարիներու կրթական ծառայութիւն, վկայ` իր հունձքերը», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Երբ հայ մշակոյթի կարեւորութեան մասին կը խօսինք, մեզի համար հասկնալի կը դառնայ, որ անոր պահապան հրեշտակը Համազգայինն է: Հետեւաբար, ձեզի կը վստահեցնենք, թէ այնքան ատեն որ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին սիրտը կը տրոփէ, այնքան ատեն սփիւռքի մէջ պիտի ապրի հայ ազգագոյն երաժշտութիւնը»: Ան իր եւ քոլեճի խնամակալութեան անունով գնահատական խօսքերով դրուատեց քոլեճի երաժշտական ղեկավար, մեծատաղանդ ու բազմավաստակ ծառայութեան տէր` Արմէն եւ Աշոտ Ճենտէրէճեանները: Նմանապէս ան գնահատական խօսք ուղղեց քոլեճի խմբավարներուն եւ ուսուցչական կազմին, «որոնք իրենց առաւելագոյնը կու տան մեր նոր սերունդին»: Ան երախտագիտական խօսք ուղղեց նաեւ օրուան նախագահ Թալին Խաչատուրեանին, որ սիրայօժար ստանձնած է սոյն ձեռնարկին նախագահութիւնը` միշտ ընդառաջելով Համազգայինի օժանդակութեան դիմումներուն: Ան նշեց, թէ Խաչատուրեան ընտանիքը Համազգայինի մնայուն բարերարներէն է:
Կարճատեւ դադարներով ներկայացուեցաւ յայտագիրը, որուն ընթացքին առաջին հերթին Բերկովիչէն յատուկ երգերով ելոյթ ունեցաւ Սենեկային համոյթը, խմբավարութեամբ Կարօ Աւեսեանի, մենակատար` Սելին Կոկեան: Ապա հայկական եւ օտար երգերով հանդէս եկաւ «Տաւիղ» համոյթը, գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար` Մկրտիչ Միքայէլեան, մենակատարներ` Սեւան Ադամեան եւ Ճոնի Կէօքճեան: Չայքովսկիի «Փոքրիկ կարապներու պարը» խորագրեալ երաժշտութեամբ ելոյթ ունեցաւ Քառեակ սրինգը, խմբավար` Կարօ Սվագճեան: Անոր յաջորդեց մենակատարներու համոյթը, որ Կոմիտասէն, Վիվալտիէն, Մանֆրետինիէն եւ Պոկկերինիէն նուագեց գլուխ գործոցներ, գեղարուեստական ղեկավար` Աշոտ Ճենտերէճեան, մենակատարներ` Արմէն եւ Աշոտ Ճենտերէճեաններ:
Ձեռնարկի գլխաւոր ու հաճելի անակնկալը եղաւ, երբ Կարպիս Գապասագալեան բեմ հրաւիրեց, անակնկալօրէն հիւրաբար ձեռնարկին ներկայ եղող լիբանանցի հանրածանօթ արուեստագէտ Ուատիհ Սաֆիի որդին` դոկտ. Անթուան Ուատիհ Սաֆի, որ դաշնակի վրայ նուագելով հայերու հանդէպ իր սէրն ու ողջոյնը փոխանցեց «Լիբանանի երկինքէն դէպի Երեւանի երկինքը»` ելոյթ ունենալով «Լիբանան ու Երեւան` երկինքէն կտոր մը Երկրի վրայ» («Լուպնան ու Երեւան ըթաաթ սամա աալ արտ…») ծանօթ երգով` արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափողջոյններուն: Ջութակի վրայ անոր ընկերակցեցաւ իր որդին: Այս առթիւ իր սրտի խօսքը փոխանցելով` դոկտ. Անթուան Սաֆի մեծապէս դրուատեց հայերու ներդրումը Լիբանանի մշակութային ու երգարուեստի մարզերուն մէջ ու առհասարակ անոնց սէրը` մշակոյթի ու երաժշտութեան նկատմամբ: «Ձեր արժէքը ոչ ոք գիտէ մեզի չափ եւ ոչ ոք մեզ կը գնահատէ ձեզի չափ», ընդգծեց դոկտ. Սաֆի:
«Հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդները պատմութեան հնագոյն ժողովուրդներէն են, անոնք պայքարեցան ազատութեան եւ մարդու արժանապատուութեան համար: Հայ ժողովուրդը ա՛յն ժողովուրդն է, որ պայքարեցաւ եւ կը պայքարի ի՛ր հողերու ձեռքբերման համար, եւ ոչ թէ ուրիշին հողերուն տիրանալու», շեշտեց ան: Անթուան Սաֆի հաստատեց, որ հայութիւնը մշակոյթ կերտող եւ մշակութասէր ժողովուրդ է, որուն արժէքներն ու ստեղծագործութիւնները հայութեան շրջագիծէն դուրս գալով` համամարդկային տարողութիւն կը ստանան: