Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Գայիանէ» պալէի դպրոցի աշակերտները, որոնց միացան նաեւ նոյնանուն դպրոցէն եւ «Քնար» պարախումբէն անդամներ, երէկ` 13 դեկտեմբեր 2019-ին, Սին Էլ Ֆիլի «Նեպիլ Քահհալէ» սրահին մէջ շատ հետաքրքրական ձեւով եւ տօնական ուրոյն տրամադրութեամբ ներկայացուցին Չայքովսկիի աշխարհահռչակ «Տը նաթքրաքըր» պալէն` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյց Ժաքլին Սարխոշեանի:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ բեմին վրայ փայլող մեծերն ու փոքրերը սրահը լեցուցած հանդիսատեսներուն պարգեւեցին տօնական մթնոլորտին մէջ ապրելու իւրայատուկ առիթ` իրենց պարերով, պարային-թատերական ներկայացումներով: Բացայայտ էր, որ տարուած էր բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանք, որուն արգասինքն էր այդպէս մեծաթիւ աշակերտները բեմ բարձրացնելն ու այդպէս հարուստ պարային պատկերներով հանդիսատեսներուն ներկայանալը:
«Տը նաթքրաքըր»-ի ներկայացումով Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները նոր ոստում մը կատարեցին, որովհետեւ արդէն իսկ շրջանցեցին պարային պարզ ներկայացումներով տարուան ընթացքին աշակերտներուն սորված պարերով հանդէս գալու սովորութիւնը եւ նոր էջ մը բացին` թատրոնը պարի, երաժշտութեան եւ բեմականացման ճամբով հրամցնելու:
Հետաքրքրական էր տակաւին այս ուղին նոր սկսած մանուկներուն ու պատանիներուն մէկտեղումը փորձառու պարողներու հետ, անոնց միջեւ ստեղծուած կապը, միասին ներկայացման ոգի ու շունչ տալու ճիգը, որ նկատելի էր բոլորին մօտ, մեծն ու փոքրը կը ձգտէին իրենց լաւագոյնը ընել, որպէսզի տարուած հետեւողական ու ծրագրուած աշխատանքին արգասիքը փայլուն ըլլար: Պէտք է ըսել, որ անոնք յաջողեցան, որովհետեւ կրցան լարուած պահել հանդիսատեսները, անոնց պարգեւել արուեստի ու տօնական իւրայատուկ պահեր, բեմին վրայ տիրող մանկութեան, հեքիաթային եւ կախարդանքի աշխարհ փոխադրելով նաեւ բոլորը:
Այս ողջունելի եւ շնորհակալ աշխատանքը ըմբոշխնելու կարելիութիւն կայ նաեւ այսօր` 14 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, նոյն վայրին մէջ: