Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, կիրակի, 21 մայիս 2023-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող «Գայիանէ» պարի դպրոցը` մասնակցութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբին, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Ժենի Քոլոյեանի: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեանի եւ Համազգայինի պարախումբերու գեղարուեստական ղեկավար Ժենի Քոլոյեանի հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Լիբանանի մէջ` իբրեւ ձեր առաջին փորձառութիւնը, ի՞նչ տպաւորութիւններ ունիք այս տարեշրջանի աւարտին:
ԺԵՆԻ ՔՈԼՈՅԵԱՆ.- Թէեւ Լիբանանի մէջ ասիկա իմ առաջին փորձառութիւնս է, սակայն սփիւռքի մէջ եւ Համազգայինի հետ ասկէ առաջ գործակցած եմ: Արդարեւ, 2019-ին Քուէյթի Համազգայինի շրջանակին մէջ ունեցած եմ փորձառութիւն, իսկ ոչ Համազգայինի շրջանակներու մէջ եւս բազմիցս գործունէութիւն ունեցած եմ: Մինչեւ Լիբանան գալս չէի գիտեր, որ լիբանանահայութիւնը այսքան մեծ է եւ համախմբուած, ինչ որ գովելի եւ հիանալի առիթ կու տայ, ինչպէս նաեւ այդ բոլորին մէջ գործունէութիւն ծաւալելը շատ մեծ պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ: Իբրեւ առաջին աշխատանք Լիբանանի մէջ, ես կը կարծեմ, թէ այդ բոլորին ապացոյցը պիտի ըլլայ 21 մայիսի ելոյթը, մանաւանդ որ երկար ատենէ ի վեր պարի ելոյթ տեղի չեն ունեցած «Քնար» եւ «Գայիանէ» պարախումբերը, հետեւաբար այդ սպասումը թող արդարացի ըլլայ:
«Ա.».- Ինչպէս յիշեցիք, քանի մը տարուան` պայմաններու պարտադրանքով եղած բացակայութենէ ետք, Համազգայինի պարախումբն ու դպրոցներու աշակերտները կրկին պիտի ներկայանան լիբանանահայութեան: Ի՞նչ յայտագիրով հանդէս պիտի գան պարախումբերը:
ՄԱՐԱԼ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ.- Կիրակի, 21 մայիսի ելոյթը խորքին մէջ «Գայիանէ» պարի դպրոցինն է` մասնակցութեամբ «Քնար» պարախումբին: Այս իմաստով ալ տարեկան այս ելոյթը ունի իր յատուկ իմաստը: «Քնար»-ի մասնակցութիւնը իսկապէս կարեւոր եւ ողջունելի ներկայութիւն է մեր «Գայիանէ» պարի դպրոցի աշակերտներուն համար: Այս տարի բոլորը բեմ պիտի բարձրանան, նոյնիսկ` «Գայիանէ» պարի դպրոցի 4 տարեկան մանուկները, որոնք իրենց դողդոջուն քայլերով յաճախեցին դպրոց, սորվեցան պարը եւ պիտի մեկնաբանեն զայն: Մեր թիւը խօսուն է` շուրջ 240 հոգի, եւ ասիկա կ՛ապացուցէ, որ դպրոցը էապէս կը ծառայէ իր նպատակին, իսկ որակի առումով, գնահատականը կը մնայ անշուշտ հանդիսատեսին: Գեղարուեստական դպրոց պահելը դիւրին չէ, անիկա կ՛ենթադրէ` կազմակերպուած կառոյց, մասնագիտացած մանկավարժներ, ուսուցիչներ, պատասխանատուներ, գեղարուեստական ղեկավարներ, գիտակից հաւաքականութիւն, անշուշտ նիւթական եկամուտն ալ կարեւոր է եւ իր մեծ դերակատարութիւնը ունի, ինչպէս նաեւ` նուիրեալ ծնողներ, որոնք հաւատք ունին Համազգայինի գործունէութեան եւ աշխատանքին նկատմամբ: Օղակներ են, որոնք կը յաջողցնեն մեր գործունէութիւնը եւ աշխատանքը: Յիշած այս բոլոր կէտերուս եւ բոլոր տուեալներուն առկայութեան կրնանք երաշխաւորել այս դպրոցին յաջողութիւնը եւ կրնանք իրականացնել տարեկան ելոյթը:
Աւանդութիւն դարձած է, որ իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին Համազգայինի պարախումբերը ունենան իրենց ելոյթները, բայց դժբախտաբար վերջին քանի մը տարիներու կացութիւնը պատճառ եղաւ, որ այս աւանդութեան պահպանումը անկարելի դառնայ: Մենք, երբ այս տարեշրջանին սկսանք, ուզեցինք պարզապէս աշակերտները կրկին համախմբել: Սկզբնական շրջանին երկրին մէջ տիրող կացութեան պատճառով տատամսեցանք ձեռնարկելու ելոյթի, սակայն, տեսնելով աշակերտներուն աշխատանքը, մօտեցումը եւ խանդավառութիւնը, այսօր ահա այս ծրագիրը պատրաստուած է, եւ 21 մայիսին լիբանանահայութեան պիտի ներկայանանք: Այս իմաստով տարեշրջանի սկիզբէն հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանք տարուեցաւ, եւ յուսանք` այդ աշխատանքին արդիւնքը կը քաղենք: Հոս կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր գեղարուեստական ղեկավար Ժենի Քոլոյեանին, որ մասնագէտի բծախնդրութեամբ գործեց: Վստահ ենք, որ այս ելոյթը, ինչպէս` Համազգայինի բոլոր նախաձեռնութիւնները եւ ծրագիրները, մեր նախատեսած մթնոլորտին ու մշակոյթը պահպանելու առաքելութեան արտացոլացումը կ՛ըլլայ:
Կ՛ուզեմ նշել, որ նկատի ունենալով երկրին պայմանները եւ նիւթական դժուարութիւնները` մենք այս տարի բաւարարուեցանք «Գայիանէ»-ի պարագային մեր ունեցած տարազներով եւ մեր գեղարուեստական ղեկավարն ու օգնականը իրենք է, որ համադրեցին այդ մէկը եւս:
Ժ. Ք.- «Գայիանէ» պարի դպրոցը պիտի ներկայանայ ամբողջովին հայկական պարերով` տարբեր ուղղուածութիւններու վրայ, իսկ «Քնար» պարախումբի պարագային, բացի հայկականէն, ունինք նաեւ այլ ազգերու պարեր: Իմ փափաքս եղած էր, որ ուղղուածութիւնը ըլլայ հայկական պարերու վրայ, որովհետեւ այս տարի կը նշենք Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակը, հետեւաբար շեշտը կը դրուի հայկականին վրայ, որ պարերուն 95 տոկոսը կը ներկայացնէ` տարբեր շրջաններու յատուկ պարեր:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայկական պարը այսօր, յատկապէս` սփիւռքի մէջ հայապահպանման իմաստով:
Ժ. Ք.- Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր ես կը պարեմ, եւ այդ ատեն Հայաստանի մէջ հայկական պարը արդիականացած չէր: Իմ շրջապատիս մէջ կային անձեր, որոնք կը հետեւէին ժամանակակից պարերու եւ աւելի ուշադրութիւն կը գրաւէին, քան անոնք, որոնք կը յաճախէին հայկական, ժողովրդական, դասական պարերու: Վերջին քանի մը տարիներուն նկատեցի, որ հայկականը շատ արդիականացած է Հայաստանի մէջ, ինչ որ մեծապէս ուրախացուց զիս: Նպատակս եղած է, որ սփիւռքը եւ Հայաստանը ըլլան մէկ կէտի վրայ, որովհետեւ սփիւռքի մէջ նկատած եմ, որ պարը ժամանցի վայր է, եւ ես չեմ ուզեր նման բան, եւ իմ այս վերջին մէկ տարուան աշխատանքս այս բոլորին ապացոյցն է: Ես ուզեցի, որ ոչ մէկ տարբերութիւն ըլլայ սփիւռք թէ Հայաստան` թէ՛ պարերու բեմադրութեամբ, թէ՛ կարգապահութեամբ, թէ՛ իբրեւ դպրոց եւ թէ՛ իբրեւ անսամպլ: Իմ նպատակս եղած է, որ սփիւռքը ոչինչով տարբերի Հայաստանի պարախումբերէն ու դպրոցներէն եւ 21 մայիսին հանդիսատեսը պիտի համոզուի այս բոլոր ըսածներուս:
Մ. Հ.- Պարը կ՛արտայայտէ իւրաքանչիւր ազգի բնորոշ գիծերը, մանաւանդ` բարքերը եւ քաղաքակրթութեան աստիճանը: Հայ ազգային պարը մեծ դեր կը խաղայ մեր մշակոյթը կատարեալ պահելու առաքելութեան մէջ: Համազգայինը` իբրեւ գիտակից եւ արթուն պահակը այս ժառանգութեան եւ արուեստին, սերունդէ սերունդ վառ պահած է պարելու սէրը` երիտասարդներու եւ պատանիներու ամէնօրեայ ապրումը դարձնելով զայն:
«Ա.».- Խօսինք «Գայիանէ» պարի դպրոցին մասին:
Մ. Հ.- Համազգայինի «Գայիանէ» պարի դպրոցը, ըլլալով գեղարուեստի դպրոցներէն մէկը, ունի առաքելութիւնը մանուկներուն ջամբելու պարային կշռոյթը, ձեւերը` միաժամանակ առաջնորդելով զանոնք համաշխարհային պարարուեստի աշխարհին մէջ զանազանելու եւ արժեւորելու հայկականը, որովհետեւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները կոչուած են առաւել հաւատքով եւ յանձնառութեամբ, միակամ ճիգով եւ նախանձախնդրութեամբ արժեւորելու իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնները, այսինքն` բծախնդրօրէն պահպանել թանկարժէք եւ անզուգական հայկական մշակոյթը իր բոլոր բնագաւառներուն մէջ, նամանաւանդ այսօր, երբ կը խօսինք «Գայեանէ» պարի դպրոցի ելոյթին մասին, որովհետեւ անիկա լոկ պար սորվեցնող, ուսուցանող կառոյց չէ, այլ հայկական պարարուեստի մեծ ժառանգութիւն պահպանող եւ սերունդէ սերունդ փոխանցող դպրոց մըն է բոլորին համար:
Այս իմաստով նշեմ, որ այս տարեշրջանին «Գայիանէ» դպրոցի շուրջ 15 աշակերտներ` իրենց տարիքը բոլորելով, փոխանցուեցան «Քնար»:
«Գայիանէ» պարի դպրոցը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն ի վեր կը միտէր նորահաս սերունդին մէջ հայկական մշակութային հարստութեան մէկ մասնիկին` պարարուեստին շուրջ ստեղծել առողջ, հայկական եւ բարձրորակ մթնոլորտ: Աւելի քան 1200 աշակերտներ դպրոցի ծնունդէն մինչեւ օրս վայելած են դպրոցին բարիքները: «Գայիանէ» պարի դպրոցը կը միտի պատրաստել մարդուժ Համազգայինի «Քնար» պարախումբին համար: Անոնք ներկան են եւ անշուշտ պիտի ըլլան ապագան: Այլ խօսքով, երթը կը շարունակուի, եւ այս իրողութիւնը թէ՛ յուզիչ է եւ թէ՛ տարբեր խորհուրդ ու գրաւչութիւն ունի:
Կ՛ուզեմ նշել, որ «Գայիանէ» պարի դպրոցը եւ «Քնար» պարախումբը պատմական հարուստ անցեալ ունին եւ լիբանանահայ մշակութային կեանքի պարարուեստի աշխարհին մէջ իւրայատուկ մթնոլորտ ստեղծած են, նաեւ անմոռանալի պահեր պարգեւած են: Համազգայինի դպրոցները ընդհանրապէս հայ երգը, հայ պարը եւ անոնց ջահը բարձր պահած են եւ մեր հաւաքական կեանքը ջերմացուցած են` ըլլայ խանդավառութեամբ, ըլլայ հպարտութիւն ներշնչելով իրենց ներկայացուցած գործերով եւ աշխատանքներով:
«Ա.».- Քանի՞ հոգիէ բաղկացած է «Քնար» պարախումբը: Քանի՞ հոգի են «Գայիանէ» պարախումբի անդամները եւ ի՞նչ են անոնց տարիքները:
Ժ. Ք. – «Քնար» պարախումբը շուրջ 40 հոգիէ բաղկացած է, իսկ «Գայիանէ»-ն շուրջ 200 հոգի` 4-16 տարեկան:
«Ա.».- Խօսինք աշխատանքային դժուարութիւններու մասին:
Ժ. Ք.- Խստութեանս չդիմանալը ամէնէն մեծ դժուարութիւնն էր: Ես կը սիրեմ կարգապահութիւնը եւ խստութիւնը, սակայն այդ խստութիւնը պէտք է իր արդիւնքը տայ: Եթէ խստութիւնը միայն խօսք պիտի մնայ` առանց պահանջելու եւ առանց տալու, ապարդիւն պիտի ըլլայ, այդ մէկը ես չեմ գնահատեր: Այո՛, ես խիստ եմ: Եթէ այդ խստութիւնը չըլլար, այս ելոյթը տեղի պիտի չունենար, որովհետեւ շուրջ 240 հոգիի համար բեմադրական աշխատանքներ կատարելը քանի մը ամսուան ընթացքին մեծ աշխատանք է: Մենք ականատես եղանք տարբեր դժուարութիւններու, ինչպէս` Հայաստանի մէջ պատահած դէպքերը, երկրաշարժը, որոնք պատճառ եղան, որ փորձերը ընդհատուին: Նման դժուարութիւններու դիմաց գտնուեցանք, բացակայութիւններ շատ չեղան, որ դարձեալ իմ խստութեանս արդիւնքն էր: Աշխատանքի մէջ չի կրնար ամէն բան հեզասահ ընթանալ, այլ անպայման դժուարութիւններ պիտի ըլլան, որոնք պէտք է լուծուին:
«Ա.».- Այս տարուան ելոյթը կը վայելէ Լիբանանի մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի հովանաւորութիւնը, ինչ որ յատկանշական է:
Մ. Հ.- Նկատի ունենալով, որ այս տարի Լիբանանի մշակոյթի նախարարին հետ ստորագրեցինք «Էմ. Օ. Եու»-ն, այդ մէկը մղեց մեզ, որ մեր ձեռնարկը կայանայ «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի մէջ, անշուշտ` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ մշակոյթի նախարարին: Համազգայինի կեդրոն տուած անոր քանի մը այցելութիւններուն եւ ներկայ գտնուած ձեռնարկներուն լոյսին տակ ան արժեւորեց եւ գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնն ու աշխատանքը:
«Ա.».- Համազգայինը ունի նաեւ պալէի դասարաններ: Խօսինք այդ մասին:
Ժ. Ք.- Դասական պարը շաբաթական մէկ անգամ է, ինչ որ անշուշտ շատ քիչ է: Երեխաները` 4-16 տարեկան են եւ մեծ սիրով կը յաճախեն պալէի դպրոց, եւ ես իրենց յատուկ վարժութիւններ կու տամ, որպէսզի տան մէջ փորձ ընեն մինչեւ յաջորդ շաբաթ: Դասական պարը, ինչպէս գիտէք, պարերու պարարուեստն ու հիմքն է, եւ անով զբաղիլը ծով համբերութեան կը կարօտի: Շատ լաւ վիճակի մէջ են աշակերտները, եւ արդէն կը պատրաստուինք մեր բաց դասարանի ելոյթին, որ կէս հանդէս է եւ տեղի պիտի ունենայ 25 մայիսին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ:
«Ա.».- Պարի կարեւորութիւնը ի՞նչ է մարդու համար: Իսկ երեխաներու պարագային, ինչպէ՞ս կ՛ազդէ պարը անոնց կերտուածքին վրայ:
Ժ. Ք.- Բոլորս գիտենք, որ մարդ արարածը, երբ կը ծնի, առաջին անգամ կը շարժի: Շարժումը արդէն պարի մէկ տոկոսն է, եւ եթէ կը շարժիս, արդէն կը պարես: Մարդու համար շարժիլը կեանքի ամէնէն կարեւոր ազդակներէն մէկն է: Պարը մարդու եւ առհասարակ ազգի կեանքին մէջ աչքի ամէնէն աւելի զարնող մշակոյթներէն մէկն է, որուն մէջ ներառուած են բոլոր մշակոյթի ճիւղերը` երաժշտութիւն, կերպարուեստ, գծագրութիւն, քանդակագործութիւն, նկարչութիւն: Պարի միջոցով կարելի է ճանչնալ ազգը` հագուստներով, երաժշտութեամբ: Մեր պարերը դիտողները պիտի հասկնան, թէ մենք որքա՛ն պատերազմ տեսած ազգ եղած ենք, մեր կիները որքա՛ն հզօր են, մեր բերդը ինչի՛ մասին կը խօսի, մեր աղջիկները որքա՛ն հեզ եղած են դարեր շարունակ եւ մինչեւ օրս: Մենք պէտք է պահպանենք մեր պարարուեստը եւ մշակոյթը, դժբախտաբար ուրիշ բան չունինք: Հինը պահպանելով` պէտք է քալենք դէպի առջեւ: Երեխաներու պարագային, որքան կանուխ ուղղես անոնց մարմինը դէպի պար, այնքան աւելի ճիշդ է, այնքան աւելի թեթեւ կը զգայ, եւ որքան մարմինը ֆիզիքապէս շարժի, այնքան աւելի առողջ կ՛ըլլայ: Պարը եւ շարժումը շատ կարեւոր են մարդու կեանքին մէջ: Առողջութեան 95 տոկոսը կազմուած է շարժումէն:
«Ա.».- Ձեր վերջին խօսքը` մեր ընթերցողներուն:
Ժ. Ք.- Համազգայինը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ ելոյթ չէ ունեցած: Ասիկա առաջինն է: Ես պարախումբի բոլոր անդամներուն խօսած եմ, որովհետեւ միայն պարով չենք կրնար պատրաստուիլ ելոյթի, այլ պէտք է հոգեբանօրէն կազմաւորուինք: Մենք շուտով ելոյթ պիտի ունենանք աւելի քան 1200 հանդիսատեսի դիմաց, ինչ որ մեծ պատասխանատուութիւն է իւրաքանչիւր բեմ բարձրացողի համար, եւ կրկնակի պատասխանատուութիւն` ինծի համար, որ այդ ելոյթը պատրաստած եմ: Աստուած թող օրհնէ մեզ եւ յաջողութիւն տայ: Ես կը շնորհաւորեմ բոլոր այն ծնողները, որոնց զաւակները առաջին անգամ բեմ պիտի բարձրանան, նաեւ` բոլոր պարողները, որոնք սրտատրոփ կը սպասեն ելոյթի օրուան եւ կը մաղթեմ, որ բոլորին աշխատանքը գնահատուի այդ բեմէն: Ուսումնական տարուան ընթացքին այն բոլոր տքնաջան աշխատանքները, որոնք տարուած են բոլորիս կողմէ` Համազգայինի, իմ եւ աշակերտներուն, կ՛ուզեմ, որ այդ օրը ըստ արժանւոյն գնահատուի:
Մ. Հ.- Կ՛ուզեմ շնորհակալական խօսք ուղղել` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, մեր ծնողներուն, բարերարներուն, մշակութասէր ժողովուրդին, որոնք ամբողջական նեցուկ են մեր ծրագիրներու յաջողութեան: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս զօրավիգ են մեր գործունէութեան: Շնորհակալութիւն` Ծնողական յանձնախումբին, պաշտօնէութեան, որոնց համատեղ աշխատանքներով կարելի եղաւ իրականացնել այս տարեշրջանի ելոյթը: Յատուկ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն` պարուսոյց Ժենի Քոլոյեանին եւ մեր աշակերտներուն, որոնք վստահաբար պիտի արժանանան բոլորին ջերմ գնահատանքին եւ անսակարկ քաջալերանքին: