Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը իր երկու յարկերով, տարբեր մթնոլորտով եւ հայրենի արուեստի իւրայատուկ ոճով հարուստ էր ուրբաթ, 17 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, երբ տեղի ունեցաւ բացումը արուեստագէտ Աշոտ Աւագեանի ցուցահանդէսին` հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու, ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Եւրոպայէն եւ այլ երկիրներէ համազգայնականներու եւ Համազգայինի բարերարներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի բարեկամներու, արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու հոծ բազմութեան մը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց արուեստագէտը, որ խառնուելով ու նոյնանալով հայրենի հողին ու բնութեան, իր պաստառներով հարազատօրէն կը փոխանցէ Հայաստանի ժայռերուն ու բնութեան կախարդանքը: Տէրտէրեան անդրադարձաւ այս ցուցահանդէսին իւրայատկութեան, այն իմաստով, որ անիկա կը վայելէ համազգայնական զոյգի մը` Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր գաղութներէ եկած համազգայնականներ ու Համազգայինի բարեկամներ իրենց ներկայութեամբ կ՛իմաստաւորեն Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին համահայկական դերակատարութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Միացեալ Նահանգներէն համազգայնական Տիգրան Պապիկեան, որ լաւապէս կը ճանչնայ արուեստագէտը: Ան արուեստագէտը անուանեց Սիսիանցի Աշոտ, որովհետեւ ան միշտ կառչած մնացած է իր հայրենի հողին` Սիսիանին: Ան կոչեց զինք «խենթ», որովհետեւ ան երբեմն իր պաստառները ցուցադրած է ջրվէժներու կողքին, երբ ջուրը իրեն հետ տարած է կարգ մը գործեր, երբեմն խարոյկներու վրայ ցուցադրելով այրած է իր գործերը` հաւատալով, որ արուեստը միշտ հաղորդակցութեան մէջ է նաեւ բնութեան հետ: Ան աւելցուց, որ արուեստագէտը կը կազմակերպէ ծիսակատարութիւններ` ցոյց տալով մարդու եւ բնութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր կապը:
Անդրադառնալով արուեստագէտին «խենթութիւններուն»` Տիգրան Պապիկեան աւելցուց, որ Աշոտ Աւագեան արդէն պատրաստած է իր գերեզմանը եւ հաստատած, որ մարդ չի մահանար, այլ կը փոխակերպուի եւ ինք կը զգայ, որ ինչ որ պատահած է կեանքին մէջ, փաստօրէն ասկէ առաջ պատահածի մը կրկնութիւնն է: Պապիկեան անդրադարձաւ նաեւ Աշոտ Աւագեանի մարդկային վսեմ նկարագիրին:
Ապա խօսք առաւ ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան յայտնեց որ անհատին խօսքը, դրսեւորած կեցուածքը, գաղափարական կերտուածքը եւ գործը երբ իրարու համահունչ կ՛ընթանան եւ կը համալրեն զիրար, բնականաբար այդ անհատը օժտուած կ՛ըլլայ այս կեանքի մէջ կոչումով` աւելցնելով որ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը այսօր հպարտ է հիւրընկալելու կոչումի տէր հայրենի արուեստագէտ մը:
Ապա Հաւաթեան անդրադարձաւ արուեստագէտի կեանքին եւ մեր ժամանակակից պատմութեան ու արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ անոր ունեցած դերակատարութեան` հաստատելով, որ անոր արուեստը հարազատ արտացոլումն է եւ հայելին հայկեան ցեղի խոյանքին, հայու անկոտրում կամքին, պայքարունակ ոգիին եւ հերոսական սխրանքներուն: Աշոտ Աւագեանի գործերը մեր տուներուն մէջ ունենալը ան նկատեց այս բոլոր առաքինութիւնները մեր մէջ ներառելու եւ զանոնք ապրեցնելու եզակի առիթ:
Ցուցասրահի տնօրէնը իր խօսքը աւարտելով շնորհակալութիւն յայտնեց հովանաւորող զոյգին` տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններուն, որոնց համար լիբանանահայ գաղութի կենսունակութեան պահպանումը եւ Համազգայինի առաքելութեան անխախտ շարունակականութիւնը միշտ ալ եղած են գերխնդիր եւ իբրեւ այդպիսին կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ այս գաղութի կարգ մը մարզերուն: Անդրադառնալով տարբեր երկիրներէ եկած համազգայնական բարերարներու եւ բարեկամներու ներկայութեան` Հաւաթեան հաստատեց, որ իրենց ներկայութիւնը նոր լիցքաւորում կու տայ գաղութին եւ անոնց տածած սէրն ու գուրգուրանքը այս գաղութին նկատմամբ կը սատարէ գաղութի յաւելեալ աշխուժութեան եւ գործունէութեան ընդարձակման:
Այս առիթով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի: Երգչախումբը մեկնաբանեց «Հոյնար» (Կանաչեան) եւ «Այ եայլի» (Գրիգոր Սիւնի) երգերը: Շուիի նուագակցութեամբ հանդէս եկաւ Լոռի Եափուճեան:
Բացման հանդիսութեան աւարտին խօսք առին նաեւ տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններ:
Սելլա Թնճուկեան յայտնեց, որ թէեւ ինք շատոնց հաստատուած է Լիբանանէն դուրս, սակայն ամէն օր Լիբանանի կարօտով կ՛ապրի եւ լիբանանահայ գաղութի դերակատարութիւնը կը գտնէ շատ կարեւոր` հայապահպանման եւ հայեցի կրթութեան առումով: Այս հանգամանքը աւելի զգալի կը դառնայ, երբ մարդ օտար ափերու վրայ իր զաւակներուն կազմաւորման կը հետեւի եւ իրեն համար միշտ ալ հիմնական մարտահրաւէրը կը մնայ այդ սերունդին հայեցի դիմագիծի կերտումը:
Ատոմ Թնճուկեան անդրադարձաւ լիբանանահայ գաղութին եւ յատկապէս «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ծաւալած գործունէութեան, որ յատուկ դերակատարութիւն ունի գաղութի կեանքին մէջ` տրուած ըլլալով, որ հոն հաստատուած հրատարակչական, լրատուական, Հայ դատի, ինչպէս նաեւ քարոզչական եւ մշակութային-գրական կառոյցները կը ճառագայթեն գաղութի առօրեային մէջ եւ այս իմաստով կ՛իմաստաւորեն լիբանանահայ գաղութի համահայկական դերակատարութիւնը: Ան յաջողութիւն մաղթեց բոլորին իրենց առաքելութեան եւ գործունէութեան մէջ:
Յայտնենք, որ Աշոտ Աւագեան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կը ցուցադրէ 23 արուեստի գործեր:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 յուլիս 2015, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: