Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրբաթ, 11 հոկտեմբերին սկսաւ իր լիագումար նիստին:
Լիագումարի աշխատանքներու ծիրին մէջ, նոյն օրը երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Ան բարձր գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնը` հաստատելով, որ անիկա ունեցած է կարեւորագոյն դերակատարութիւն սփիւռքի մէջ` հայապահպանման առումով ընդհանրապէս, եւ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման գործին մէջ մասնաւորաբար: Կեդրոնական վարչութեան տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչներ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու հոգեւոր հովիւներուն ցուցաբերած հոգածութեան եւ գործակցութեան համար:
Վեհափառ հայրապետը հետաքրքրուեցաւ Համազգայինի ընթացիկ եւ յառաջիկայ ծրագիրներով, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը համառօտ կերպով անդրադարձաւ վարչութեան գլխաւոր աշխատանքներուն` յոյս յայտնելով, որ կաթողիկոսը սատար կը հանդիսանայ իր ծրագիրներուն: Հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր արծարծելէ ետք, վեհափառ հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան լիագումար նիստի աշխատանքներուն` վերահաստատելով իր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Համազգայինի աշխատանքներուն անխտիր:
Կեդրոնական վարչութեան անդամները այցելեցին նաեւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, շրջագայեցան դպրոցին զանազան բաժիններուն մէջ եւ ծանօթացան տարուած աշխատանքին: