Երէկ` երկուշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2018-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի հրատարակչական գործի հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի օգտագործած առաջին մամուլի տեղադրման եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 2017 եւ 2018 տարեշրջաններու հունձքի ներկայացման նուիրուած ձեռնարկը` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեակին առիթով:
Խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ շատ բան պիտի պակսէր արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրական անդաստանէն, եթէ երբեք Համազգայինը եւ անոր հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեանը չունենային հրատարակչական առաքելութեան հաստատման տեսիլքը: Մանկական, պատանեկան, գրական, գեղարուեստական, պատմական, ուսումնասիրական, Հայ դատի եւ հայկական արուեստի առնչուած բազմահազար գիրքեր, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր դասագիրքեր 87 տարիներու ընթացքին հարստացուցին հայ գրականութեան անդաստանը: Անոնք իրենց անջնջելի դրոշմը դրին մեր կեանքին վրայ, եւ անոնց բարիքներէն մինչեւ այսօր կ՛օգտուին իրերայաջորդ սերունդներ:
Յակոբ Հաւաթեան նշեց, որ իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր միշտ ալ դժուար եղած է հրատարակչական գործի ընթացքը, եւ Աղբալեան ինք որոշ ժամանակ մը պարտաւորուած եղած է իր անձնական միջոցներով շարունակելու եւ պահելու կառոյցը, որպէսզի երաշխաւորէ անոր գոյութիւնը: Ան յաջողած է իր այս ոգին ու շեշտադրումը քանդակել Համազգայինի ընդհանուր առաքելութեան մէջ: Իր կամքին ու վճռակամութեան շնորհիւ ահաւասիկ երթը կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Ան ըսաւ. «Հակառակ առկայ դժուարութիւններուն եւ գիրի ու գրականութեան նկատմամբ ստեղծուած անտարբերութեան, սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի նահանջին, մենք կը շարունակենք մեր աշխատանքները եւ կ՛արդիւնաւորենք զանոնք` շնորհիւ մեր առաքելութեան հաւատացող բազմաթիւ բարեկամներու նիւթաբարոյական աջակցութեան: Հրատարակչական աշխատանքին զուգահեռ անշուշտ նոյնքան կենսական է գրատարածման աշխատանքի ծաւալումը եւ այս ծիրին մէջ կը փորձենք որոնել ներկայ ժամանակներուն համահունչ միջոցներ ու կազմել ծրագիրներ` հայ գիրքը հայ ընթերցողին հասանելի դարձնելու համար: Այս առիթով, ուրախութեամբ ձեր տրամադրութեան տակ կը դնենք 2017 եւ 2018 տարեշրջաններու հաստատութեան հունձքը եւ ընթերցանութեան ու գրատարածման նոր մղում մը տալու առաջադրութեամբ կը յայտարարենք Սմարթ ֆոնի վրայ յատուկ ծրագիրի էփի` E LIBRARY-ի հաստատումը, ուր կարելի պիտի ըլլայ գտնել Համազգայինի եւ ինչու չէ նաեւ այլ օգտաշատ հրատարակութիւններ»:
Ան ըսաւ. «Հրատարակչատան առաջին մամուլի տեղադրումը այստե՛ղ, մեզի համար կը դառնայ յուշարար եւ մեզ կը դնէ յաւելեալ պարտաւորութեան դիմաց` շարունակելու աշխատանքը ինքնավստահութեամբ, համոզումով եւ նաեւ հոգեկան գոհունակութեամբ: Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք հայրենի արուեստագէտ Քարլոս Սայատեանին, որ սիրայօժար պատրաստեց Աղբալեանի այս գեղեցիկ դիմանկարը: Շնորհակալութիւն ձեզի, որ ձեր ներկայութեամբ եւ հետեւողական օժանդակութեամբ կը դառնաք մասնակից մեր աշխատանքին, նաեւ կ՛ապրիք այդ ծրագիրներու յաջողութեան բերկրանքը»:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը: Ան ըսաւ, թէ Նիկոլ Աղբալեանի տպագրական մեքենան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի եւ հրատարակչականի գոհարն է: Առանձինը` թանգարան մը: Ամփոփում մը յիշատակներու եւ յիշողութիւններու, հիմնաքարը` Համազգայինի տպարանին եւ հրատարակչականին: Հարազատ պատկերը զայն մատակարարողին եւ իր տիրոջ: Տոկուն, փոքր, սակայն ծանր, դանդաղ աշխատող, բայց տպագրական սխալէն սարսափող, զայն վանող: Ինչպէս շատ բան հայկական սփիւռքի ռահվիրայական շրջանին, Համազգայինի տպարանն ալ ապրեցաւ իր հերոսական շրջանը: Յետոյ զարգանալով հասաւ իր ներկայ վիճակին: Այսօր նոր մարտահրաւէրներ կան իր դիմաց: Հրատարակչական մարզը ընդհանրապէս թեւակոխած է նոր փուլ մը, հետեւաբար մեր հրատարակչականն ալ պարտաւոր է յարմարելու նոր կացութիւններուն: Այսինքն` տպագրական աշխատանքին կողքին պէտք է զարգանայ ելեկտրոնային միջոցներով գրականութեան եւ մշակոյթի տարածումը:
Ան նշեց նաեւ, որ արդէն ատենէ մը ի վեր «Լալան ու Արան» մանուկներուն խաղերու միջոցով հայերէն ուսուցանելու ձեռնարկը կը վայելէ երեխաներու կողմէ խանդավառ ընդունելութիւն մը, պատրաստ է եւ կատարելագործուելու ընթացքի մէջ հրատարակչականի ելեկտրոնային գրադարանն ու գրախանութը, իսկ մօտ օրէն հրապարակ կ՛իջնէ Համազգայինի H-pem մշակութային հարթակը, որ ուղղուած է բոլորին, բայց յատկապէս ոչ հայախօս հայ երիտասարդութեան:
Մկրտիչ Մկրտիչեան աւարտեց խօսքը ըսելով. «Տեւապէս նորոգուելու եւ նորոգելու աշխատանքը վճռակամութեամբ կը շարունակուի: Նորով կը շարունակուի ստեղծագործ կեանքը, իսկ մեր միտքերուն մէջ նոյնքան ներկայ հինը կը վերածուի ուղղութիւն ցոյց տուող փարոսի»:
Սրտի խօսով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս: Ան ըսաւ, թէ այս երեկոն հաշուետուութեան եւ յիշատակի երեկոյ է, որովհետեւ մենք կ՛անդրադառնանք 2017-2018 գրական հունձքին եւ յիշատակի քաղցրութեամբ կը վերյիշենք Նիկոլ Աղբալեանով սկսած հրատարակչական տպագրական նուիրական աշխատանքը: Եւ այս բոլորին մէջ բարձրօրէն գնահատելի է Համազգայինի հետեւողականութիւնը: Արդիական միջոցներով գործը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի հաւատարիմ աշակերտներ կը գտնուին հայ իրականութեան մէջ: Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ աշխատանքը մենք գործով գնահատենք:
«Տօնական այս օրերուն, երբ տօնածառի մտերմութեան մէջ կը գտնուինք, այս լոյսերը լոյս դառնան նաեւ մեր աշակերտներուն եւ մեր նոր սերունդի կեանքին մէջ հայ գիրքի լուսաւորումով: Գիրք նուիրենք, որպէսզի հայ աշակերտը եւ հայ երիտասարդը գիրք կարդան, որպէսզի Նիկոլ Աղբալեաններու օրհնութիւնը անպակաս ըլլայ մեր մշակութային կեանքէն, որպէսզի հայ գիրքի հունձքը Համազգայինով եւ բոլոր մշակութային կազմակերպութիւններուն ճամբով միշտ ըլլայ առատ եւ միշտ լուսաւորէ մեր հաւաքական կեանքը», եզրափակեց առաջնորդ սրբազան հայրը:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: