ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
«Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութիւնը` յիշողութեան, արուեստի եւ պահանջատիրութեան միջեւ» խորագիրով երիտասարդական միօրեայ սեմինարը շաբաթ, 21 մայիս 2022-ին, Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ համախմբեց լիբանանահայ աւելի քան 130 երիտասարդներ:
Սեմինարը արգասիքն էր ամիսներու աշխատանքի մը, որուն մէջ կատարուած ներդրումը միայն Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին չէր պատկաներ: Անիկա կը վայելէր Արամ Ա. կաթողիկոսին բարձր հովանաւորութիւնը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի նիւթական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ նեցուկն ու օժանդակութիւնը «Թռչնոց Բոյն»-ի տնօրէնութեան եւ տիկնանց յանձնախումբին:
Սեմինարի նախօրեակին դասախօսներ Լիբանան հասած էին Ամերիկայէն, Չեխիայէն, Քուէյթէն եւ Սուրիայէն` Լիբանանի դասախօսներուն հետ միասին սոյն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար:
Զեկուցաբերները թիւով 14 էին, իւրաքանչիւրը` իր մասնագիտութեան համապատասխան օրուան նիւթերուն առնչուող հետաքրքրութիւններ ունեցող մարդիկ, իսկ մասնակիցները կու գային իբրեւ ներկայացուցիչներ` լիբանանահայ գաղութի տարբեր միութիւններու, վարժարաններու, դպրեվանքներու եւ համալսարաններու: Անոնց տարիքը 18-24-ի միջեւ էր: Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին նաեւ նախապէս արձանագրուած եւ առնչուող նիւթերուն հաղորդակից դառնալու փափաք ու հետաքրքրութիւն ունեցող անձեր:
Ինչո՞ւ սակայն կը կազմակերպուէր նման ձեռնարկ մը այս օրերուն, պատասխանը կու գար յանձնախումբի կազմած սեմինարի ծրագիրէն` հետեւեալ ձեւով. «Վերոնշեալ հոգեխոցէն ետք պէտք էր բացատրել օտարացումի եւ կործանման զգացումները, եւ «ես»-ի եւ «ինքնութեան» մասին նոր աւանդութիւններ եւ խօսոյթներ կառուցել: Հայութիւնը պէտք է վերակառուցուէր իբրեւ ազգ: Ցեղասպանութիւնը, իբրեւ հաւաքական ցնցող փորձառութիւն, դարձաւ դէպի այս նպատակակէտը առաջնորդող կարեւորագոյն տարրերէն մէկը: Այնուամենայնիւ, ինքնութեան վերակառուցումը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ պայքար` միջազգային քաղաքական ուժաբանութեան, գաղթի նորոգուող ալիքներու եւ Հայաստանի անվտանգութեան ու ինքնիշխանութեան սպառնացող շարունակական սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ, որոնք կը շարունակեն աւելի բարդացնել արդէն իսկ բազմաշերտ եւ բազմաբնոյթ հայկական սփիւռքի զարգացումը: Այս պայքարը տեսանելի է ո՛չ միայն մտաւորական մակարդակի վրայ, այլ նաեւ ժառանգութեան եւ մշակոյթի հետ հայութեան աւելի անմիջական փոխազդեցութիւններուն մէջ:
Այս պատճառով ալ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, ի պատրաստութիւն 2022-ին Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչման ծրագիրներուն, որոշեց փոխան ապրիլեան դասական ձեռնարկի յղացքին եւ ոճին` վերլուծական-քննական մօտեցումով նշել հայ ժամանակակից ինքնութիւնն ու մշակոյթը բնորոշող այս կարեւոր իրադարձութիւնը»:
Մասնակիցներուն համար օրը սկսաւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն, երբ բոլորը «Շաղզոյեան» եւ «Աղբալեան» կեդրոններէն հանրակառքերով ուղղուեցան դէպի Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան բարի գալուստի խօսքը ուղղեց Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան եւ յայտնեց, թէ միութեան «ակնկալութիւնն է, որ այս սեմինարը վերլուծական մօտեցումով ուսումնասիրէ հայ ժամանակակից ինքնութիւնն ու մշակոյթը բնորոշող մշակութային կարեւոր իրադարձութիւնները, հաւաքական հոգեխոցն ու անկէ բխած անհատական եւ խմբային վարքագիծը, ու վերջապէս` իրազեկ դարձնէ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը եւ անոր մօտ քաջալերէ քննական մտածողութիւնը` ընդգծելով սփիւռքի ուժի կարողականութիւնը»:
Ապա Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբին բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց. «Կասկածէ վեր է, որ սփիւռքը հայրենիքին ու հայութեան աներեւելի ուժն է: Ինչո՞ւ աներեւելի. որովհետեւ սփիւռքի մէջ բոլորս ալ ստիպուած ենք մեր ապրած երկրին պատկանելիութեան շապիկը հագուիլ, սակայն էութեամբ ու ինքնութեամբ հայ մնալ, հայ ապրիլ եւ հայութեան համար գործել ու ստեղծագործել: Սակայն, եթէ ասիկա աներեւոյթ է, այդ չի նշանակեր, որ ան նուազ ուժի տէր է: Ընդհակառակն, աներեւոյթը աւելի ուժ կրնայ պարունակել, քան` երեւելին: Այսուամենայնիւ, սփիւռքի ուժը զգալի կը դառնայ, երբ մենք յաջողինք այդ ուժը կազմակերպել, համախմբել, արժեւորել եւ քաջալերել: Ահա, այս պատկերացումով, Համազգայինը կը ներկայանայ աննախընթաց այս սեմինարով, որուն ընթացքին վեր պիտի առնուին սփիւռքի հայկական գրականութեան, երաժշտութեան, կերպարուեստի-տեսողական արուեստներու, սփիւռքեան կառոյցներու եւ համայնքային կեանքի ստեղծարար ոգին եւ աւանդը»: Ան իր խօսքին մէջ նաեւ աւելցուց. «…Որքան մենք յաջողինք վերարժեւորել եւ իմաստաւորել այն, ինչ որ կրցած ենք ընել ու տակաւին կը շարունակենք ընել, այնքան աւելի այդ արժեւորումները խթան պիտի ըլլան, որպէսզի մենք ամրապնդուինք հայ ինքնութեան մեր իւրայատուկ գիծին մէջ, որ յարատեւ ստեղծագործելն ու արարելն է»:
Յայտագիրի բացման զեկուցումը ներկայացուց կատարեց Միշիկըն համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղի պատմութեան դասախօս եւ տեղւոյն Հայագիտական հետազօտութեանց կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեան: «Դար մը Մեծ եղեռնի ուրուականին հետ» խորագիրով անոր ներկայացումը անդրադարձ մըն էր Եղեռնի օրերէն մինչեւ այսօր երկարող ժամանակաշրջանին մէջ տեղի ունեցած անկիւնադարձային իրադարձութիւններուն, աշխարհի չորս դին հանրային ոգեկոչման առաջին ձեռնարկներուն, մամուլի մէջ լոյս տեսած յիշատակումներուն եւ նահատակներու յիշատակին նուիրուած աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ կառուցուած յուշարձաններուն:
Սեմինարը ունէր նաեւ հիւր դասախօս մը` լիբանանցի երաժշտահան, գրող եւ թատերգակ Ղատի Ռահպանին: Ռահպանի արաբերէնով ներկայացուց «Հայ արուեստագէտներուն ներդրումը լիբանանեան մշակութային ինքնութեան կազմաւորման մէջ» զեկուցումը, որուն մէջ լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի մօտ եւ հեռու անցեալներուն, ինչպէս նաեւ ներկայի մշակութային ինքնութեան կազմաւորման մէջ իրենց ներդրումը բերած հայ արուեստագէտներու անունները եւ արուեստի տարբեր մարզերուն մէջ անոնց տարած աշխատանքը: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայ ժողովուրդը զգացական աշխարհ ունեցող ժողովուրդ է, եւ ուր որ ալ գտնուի` ան կը ծառայէ իր «երկու հայրենիքներուն»: Ներկաներու ծափողջոյններուն արժանացաւ յատկապէս իր գերդաստանի անդամներուն արհեստավարժ աշխատանքին ընթացքին, հայ տարբեր արուեստագէտներու հետ ունեցած իրենց շփումին պատճառով լիբանանեան տարբեր խաւերու կողմէ անոնց «Ռահապնեան» կոչուիլը, եւ այդ մէկը իրենց հպարտանքը դասելը: Ան շեշտեց, որ կարելի պիտի չըլլար տեսնել Լիբանանի կարգ մը արուեստագէտներ իրենց այսօրուան պատկերով, եթէ չըլլար լիբանանահայ այս կամ այն արուեստագէտին ներդրումը:
Յայտագիրի հիմնական չորս բաժիներուն չանցած, մասնակիցները ունեցան սուրճի կարճ դադար մը «Թռչնոց բոյն»-ի շրջափակին մէջ` թարմանալու եւ գիտելիքներով հարուստ օրուան տրամադրուելու նպատակով:
Դադարէն ետք, սկիզբ առաւ դասախօսութիւններու նախատեսուած շարքը:
Օրուան մէջ խտացուած այս յայտագիրը կը բաժնուէր 4 գլխաւոր նիւթերու` «Լեզու եւ գրականութիւն», «Երաժշտութիւն», «Բեմ եւ պաստառ», «Սփիւռքեան կառոյցներ եւ համայնքային կեանք»:
Իւրաքանչիւր նիստի տեւողութիւնը մէկ ժամ էր եւ ունէր 3 դասախօս ու մէկ զրուցավար: Ամէն մէկ դասախօսութեան յատկացուած էր քառորդ ժամ, եւ քառորդ ժամ մըն ալ կը մնար նիւթին առնչուող զրոյցին: Զրուցավարը մէջընդմէջ կը ներկայացնէր նիւթերը, հերթաբար կը ծանօթացնէր դասախօսները եւ կը հրաւիրէր զանոնք իրենց նիւթը ներկայացնելու:
Առաջին թեման էր «Լեզու եւ գրականութիւն»-ը, որ ներկայացուեցաւ դասախօսներ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, դոկտ. Արտա Ճէպէճեան եւ Անիթա Մուչոյեանի կողմէ: Նիստը վարեց Քրիստ Խրոյեան:
«Լեզու եւ գրականութիւն»-ը սկիզբ առաւ Հայկազեան համալսարանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայագիտական կեդրոնի դասախօս, Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն, գրաքննադատ Արմէն Իւրնէշլեանի «Գրականութիւն եւ հոգեխոց» դասախօսութեամբ: Ան հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ հայ արձակագիրներու եւ բանաստեղծներու յետեղեռնեան հոգեխոցի արտայայտութիւններուն եւ պատկերացումներուն: Այնտեղ էին Թէքէեանի, Վահեանի, Օշականի, Ծառուկեանի, Համաստեղի եւ ուրիշներու տողերն ու ապրումները եւ անոնց ընդմէջէն արտայայտուած հոգեխոցը, ցաւն ու զայրոյթը:
Թեմայի երկրորդ դասախօսութիւնն էր «Սփիւռքի գրականութեան Ա. եւ Գ. սերունդներ` ձուլումէն յետյիշողութեան վաւերագրում եւ պահանջատիրութիւն», որուն դասախօսն էր Հայկազեան համալսարանի դասախօս եւ HU Writing Center-ի հիմնադիր տնօրէն Անիթա Մուչոյեան: Ան անգլերէն լեզուով իր այս ներկայացումին համար առաջին սերունդէն որպէս ներկայացուցիչ ընտրած էր Ուիլիըմ Սարոյեանը, եւ 3-րդ սերունդի ներկայացուցիչներէն Փիթըր Պալաքեանը. առաջինը` ցեղասպանութեան արարքի ըմբռնումի իր գրականութեամբ, իսկ երկրորդը` իրաւունքի եւ պահանջատիրութեան իր պոռթկումով: Ան անոնց գրականութենէն օրինակներ մէջբերելով փորձեց բացատրել անոնց հոգեվիճակը եւ անկէ բխած ստեղծարարութիւնը:
Թեմայի վերջին ներկայացումը յատկացուած էր հայ համայնքային կեանքին մէջ արեւմտահայերէնի ունեցած դերին: «Արեւմտահայերէնը` խորհրդանիշը վերապրումի եւ գոյատեւումի» ներկայացումը կատարեց Քուէյթի Ամերիկեան Միջին Արեւելքի համալսարանի մարդաբանական բաժանմունքի դասախօս, լեզուաբան դոկտ. Արտա Ճէպէճեան: Ան իր ներկայացման մէջ անդրադարձաւ տեղահանման հետեւանք` «զոհ սփիւռք»-ի յատկանիշներուն, համայնքին մէջ հայ լեզուն պահելու համար հայութեան փորձերուն` լուսարձակի տակ առնելով հայ լեզուի կարեւորութիւնն ու դերը, յատկապէս լիբանանահայ համայնքի տարբեր խաւերէն իր հաւաքագրած զանազան արտայայտութիւնները իբրեւ հիմք ունենալով:
Երկրորդ նիստը «Երաժշտութիւն»-ն էր, որուն որպէս դասախօսներ իրենց մասնակցութիւնը բերին դոկտ. Սիլիվա Անժելիք Ալաճաճի, դոկտ. Հայկ սրկ. Իւթիւճեան եւ Զաքար Քէշիշեան: Նիստի զրուցավարն էր Կարէն սրկ. Եօսուլքանեան:
«Երաժշտութիւն» բաժինի առաջին դասախօսն էր Ֆրանքլին եւ Մարշըլ քոլեճի երաժշտութեան դասախօս դոկտ. Սիլիվա Անժելիք Ալաճաճին: Անգլերէն լեզուով անոր ներկայացման խորագիրն էր «Տարագրութիւն ձայներիզի վրայ. գրառումներ յետեղեռնեան սփիւռքի երաժշտութեան, յիշողութեան եւ համակերպումէն հրաժարելու մասին», որուն մէջ մասնաւորապէս նշեց, որ հայկական երաժշտութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւնները բոլորը կը դառնան դասական եւ հոգեւոր երաժշտութեան շուրջ: Ան յայտնեց, որ յաճախ հայ անհատները, որոնք կ՛ապրին տարբեր երաժշտութիւններով չեն գտներ իրենք զիրենք այդ ուսումնասիրութիւններուն մէջ, որոնք հիմնուած են հայկական երաժշտութիւնը ներկայացնելու որպէս մաքրամաքուր եւ դասականին մօտիկ արուեստ, մինչ այդ` ժողովուրդին մեծ մասը այլ երաժշտութեամբ է որ կ՛ապրի: Այլ խօսքով, օրինակ, կարելի չէ հայ երաժշտութիւնը ուսումնասիրած ժամանակ անտեսել հայկական փոփի մէջ դերը Ատիսին, որ ճամբայ հարթեց արեւմտահայերէնով նոր երաժշտական մշակոյթի մը ստեղծումին եւ կամրջելու հինը օրուան նոր ռիթմերուն հետ: Ան ներշնչեց եւ ստեղծեց հայալեզու նոր ոճ մը:
Թեմայի երկրորդ դասախօսն էր նուագավար, երգչախմբավար եւ երաժշտագէտ, Փրակի Կարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ դոկտ. Հայկ սրկ. Իւթիւճեան: Ան հանդէս եկաւ իր «Հայկական եկեղեցական երաժշտութիւնը Մեծ եղեռնի վաղորդայնին» դասախօսութեամբ, որուն մէջ լուսարձակի տակ առաւ ոչ միայն մեր կրած հոգեւոր եւ մշակութային կորուստները` տեղահանման եւ յետցեղասպանութեան շրջանին, այլ անկէ ետք կատարուած մշակոյթը փրկելու աշխատանքները` երեւելի տարբեր անձանց փորձառութիւններուն ընդմէջէն:
Այս նիստին վերջին դասախօսն էր Զաքար Քէշիշեան, որ «Տարագիր երաժշտական կեանք. դասական եւ խմբերգային կենսափորձը» դասախօսութեամբ անդրադարձաւ արհեստավարժ եւ գեղարուեստական մակարդակի վրայ սփիւռքահայ կեանքին մէջ երաժշտութեան դերին ու երաժշտական կեանքին քանի մը կարեւորագոյն յատկանիշներուն` ցոյց տալով անոր ներդրումը ոչ միայն հայապահպանութեան առումով, այլ նաեւ իբրեւ յետցեղասպանութեան վերապրումի ու արարումի կենսափորձ: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ երգչախմբային փորձը եւ արհեստավարժ երաժշտութեան վաստակը:
Երկրորդ թեմայէն ետք հասաւ ճաշի պահը, ուր ներկաները ճաշակեցին «Թռնչոց Բոյն»-ի տիկնանց յանձնախումբի պատրաստած համադամ ճաշերը, եւ ժամ մը ետք, անգամ մը եւս անցան սրահ` ունկնդիրներ դառնալու համար սեմինարի երկրորդ կիսուն, եւ երրորդ թեմային` «Բեմ եւ պաստառ»-ին:
Այս նիստի դասախօսներն էին դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, Վաչէ Ատրունի եւ Հրաչ Թոքաթլեան. անոնց հետ զրուցեց Գայիանէ Մածունեան:
«Ոգեկոչում` գոյնի եւ ծաւալի ընդմէջէն». այս էր խորագիրը առաջին ներկայացման, որուն մասին դասախօսեց գրականագէտ, արուեստաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կրթական-հայագիտական հայ մշակոյթի դասախօս դոկտ. Մովսէս Հերկելեան: Ան երկայացուց նախաեղեռնեան շրջանին թրքական կոտորածներու անդրադարձը Այվազովսկիի փորձառութենէն, անցնելով մինչեւ յետեղեռնեան շրջան` յիշելով արուեստագէտներուն դերն ու անունները անոնց, որոնց արուեստը,- ըստ Հերկելեանի,- կարելի չէ վերլուծել, առանց ի նկատի ունենալու ցեղասպանութիւնը: Անոնք երգած են խոր վիշտն ու անասելի ցաւը եւ արտայայտած են ըմբոստութիւնն ու ընդվզումը իրենց գործերով:
Նիստի երկրորդ դասախօսութիւնն էր «Շրջուն թատերախումբ»-ի եւ «Գեղարդ» թատերակեդրոնի հիմնադիր, Հայկազեան համալսարանի եւ Հիւսիսային հայագիտական հիմնարկի դասախօս, բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիի «Եղեռնի նիւթը բեմին վրայ»-ն: Ան իր ներկայացումին մէջ անդրադարձաւ Համիտեան ջարդերէն ետք ստեղծուած թատերական գրաքննութեան այն ժամանակ` երբ հայերը կը տիրապետէին «թրքական թատրոն» ըսուածին, ինչպէս նաեւ հայախօս ներկայացումներու եւ կարգ մը բառերու արգիլման, եւ անոնց առընթեր հայկական կողմի որդեգրած ներկայացումները կատարելու անթեղուած ձեւերուն: Ըստ Ատրունիի, Ցեղասպանութեան վերաբերող թատրոնը քաղաքական բնոյթ ունէր եւ առ այսօր դժուար է պահանջատիրութեան օրակարգը բաժնել անկէ:
«Բեմ եւ պաստառ» թեմայի վերջին դասախօսն էր Լիբանանի ֆրանսական Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս, լուսանկարիչ Հրաչ Թոքաթլեան` իր «Հարցադրումներ Հայոց ցեղասպանութիւնը արծարծող շարժապատկերներու շուրջ» ներկայացումով: Ան իր դասախօսութեան ընդմէջէն ներկայացուց Ցեղասպանութեան հետ կապուած վաւերագրական կամ գեղարուեստական ժապաւէններ պատրաստելու հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները եւ որդեգրուած մօտեցումները, ինչպէս նաեւ թուային պատկերը ցայսօր կատարուած աշխատանքներուն` նշելով անոնցմէ յիշարժանները:
Երրորդ թեման աւարտելէն ետք, կարգը հասած էր չորրորդ ու վերջին նիստին` «Սփիւռքեան կառոյցներ եւ համայնքայնին կեանք»-ին: Դասախօսներն էին Լեւոն Շառոյեան, Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան եւ Հրակ Աւետանեան, իսկ զրուցավարը` Գրիգոր Ալոզեան:
Թեմայի դասախօսութիւններու բացումը կատարեց Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայագիտական հիմնարկի այցելու դասախօս Լեւոն Շառոյեան, իր «Յետեղեռնեան մտորումներ` սփիւռքահայ մամուլի էջերուն մէջ» դասախօսութեամբ, որ պատմական ակնարկ մըն էր յետեղեռնեան շրջանին սփիւռքահայ մամուլի մէջ լոյս տեսնող յատկանշական լուրերուն եւ պատմական իրադարձութիւններուն: Ան առանձնաբար քաղուածքներ մէջբերեց Մխիթարեաններու «Բազմավէպ»-էն եւ Պոլսոյ «Ազատամարտ»-էն, տեղւոյն վրայ նաեւ վերլուծումներ կատարելով եւ անոնց անկիւնադարձային ու ճակատագրական ըլլալը նշելով:
Երկրորդ դասախօսութիւնն էր «Յետցեղասպանութեան կրթական կառոյցներ եւ ազգային ինքնութեան կազմաւորում»-ը, իսկ դասախօսը` Հայկազեան համալսարանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի եւ հայագիտական կեդրոնի դասախօս Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան: Դասախօսը իր ներկայացումին մէջ անդրադարձաւ հայ դպրոցին դերին, ի մասնաւորի անհատական եւ հաւաքական ապահով ու բարեկեցիկ պայմաններու ստեղծումի պահանջներու գոհացումին, լեզուի, մշակոյթի քաղաքացիական եւ ընկերային-քաղաքական կեանքի առողջ ընթացքի ապահովման ուղղուած կրթական նպատակակէտերուն, ազգային ինքնութեան պահպանման, ազգին հետ խորքային առնչուածութեան, իրազեկութեան եւ անկէ բխող առողջ եւ հաւասարակշիռ պատկանելիութեան զգացումի կերտումի գործընթացներուն: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ հայ դպրոցը ոչ միայն կրթութեան եւ ուսումնական կեդրոն մըն էր, այլ նաեւ կը հանդիսանար երաշխիքը հայ ժողովուրդի գոյութեան:
Չորս թեմաներու դասախօսութիւններու փակումը կատարեց հետազօտող, յօդուածագիր եւ Պէյրութի Մամուլի ու թուային գրագիտութեան ակադեմիայի աշխատակից Հրակ Աւետանեան` իր «Սփիւռքեան հայրենիքի մը կառուցումը` Լիբանանի փորձառութիւնը» ներկայացումով: Ան ներկայացուց յետեղեռնեան շրջանին Լիբանանի մէջ եռուն ու ծաղկող մշակութային շարժումը, որուն յառաջապահներն էին միութիւններն ու կուսակցութիւնները` իրենց հիմնած դպրոցներով, հայրենակցական միութիւններով եւ կառուցած եկեղեցիներով: Աւետանեան նշեց, որ սփիւռքը հայրենիքէն հեռու ըլլալով, իր հայեացքը միշտ յառած մնաց իր հայրենիքին ու ներշնչուելով անկէ, պահեց իր ինքնութիւնը եւ ծաղկեցուց մշակութային հայրենիք մը հայրենիքէն դուրս:
Եւ որովհետեւ աշխարհագրական հայրենիքէն դուրս եղած այդ մշակութային հայրենիքը պարզաբանումի, սահմանումի, եւ անոր պատկերը բիւրեղացումի կարիքը ունի, դասախօսութիւններու հարուստ այս շարքէն ետք սեմինարը ունեցաւ «Մշակութային հայրենիք» կոչուած ազատ քննարկում մը, որուն համար որպէս հիւր զրուցավար սեմինարին ներկայ էր քաղաքագէտ, «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի աշխատակից եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի խօսնակ Արմէն Ապտալեան: Սոյն զրոյցին պատահականօրէն ընտրուեցան ներկայ մասնակիցներէն արուեստի տարբեր մարզերու մէջ դերակատարութիւն ունեցող երիտասարդներ, որոնց հետ զրուցավարը երկխօսութիւն ունեցաւ եւ հարցումներ ուղղելով փորձեց մտածել տալ պահ մը` աւելիին մասին:
Աւելի ուշ, ներկաները այցելեցին «Թռչնոց բոյն»-ի «Արամ Պեզիքեան» թանգարան, ուր նաեւ, ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, ելոյթ ունեցաւ «Գուսան» երգչախումբի արական կազմը, որ կատարեց Մեսրոպ Մաշտոցի ապաշխարութեան շարականներէն վեց կտոր` «ԱՁ Զղջման իմոյ», «ԱՁ Ի նեղութեան իմում», «ԴՁ Անկանիմ», «ԴԿ Տէր որ ի մէջ լերինն», «ԲԿ Մեղք իմ բազում են» եւ «ԱԿ Ծով Կենցաղոյս»:
Սեմինարի աւարտին ներկաները ունեցան ընկերային պահ: Այնտեղ կարծիքներ փոխանակեցին ու տպաւորութիւններ փոխանցեցին ձեռնարկին մասին:
Սեմինարը միօրեայ էր, եւ մէկ օրուան մէջ փոփոխութիւն կարելի չէր բերել, սակայն մէկ օրը կրնայ հանդիսանալ առաջին օրը նոր մտածումի մը, նոր հայեցակարգի մը, նոր կեցուածքի մը, որ օրերու ընթացքին կրնայ մշակուիլ, զարգանալ եւ ինչու չէ` տանիլ մեծ փոփոխութիւններու: