5, 6 եւ 7 ապրիլին Լոնտոնի «Օլիմփիա» սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ միջազգային գիրքի տօնավաճառը, որ գիրքի եւ գրահրատարակութեան ամէնէն հին ու ճանչցուած փառատօներէն է եւ հիմնուած է 1971-ին: Այս տարի, «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ տօնավաճառին մէջ հաստատուած է հայկական տաղաւարը, որուն դարձեալ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը` գործակցութեամբ Համազգայինի Լոնտոնի մասնաճիւղին: Տաղաւարին մէջ կը ցուցադրուին նաեւ հայրենի եւ սփիւռքահայ այլ հրատարակչատուներու եւ անհատ հրատարակիչներու գործեր: Համազգայինի հրատարակչատունը այս ցուցահանդէսին կը մասնակցի հայերէն եւ օտարալեզու հրատարակութիւններով: Նախատեսուած են նոր հրատարակութիւններու ներկայացումներ:
8 ապրիլին Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ տեղւոյն համայնքին համար, Համազգայինի նախաձեռնութեամբ, յատուկ ձեռնարկով մը պիտի ներկայացուին տաղաւարին մէջ ցուցադրուելիք բոլոր հրատարակութիւնները: