Շաբաթ, 18 մարտը, յիշատակելի եւ անմոռանալի թուական մը պիտի մնայ լիբանանահայ մշակութային կեանքի պատմութեան մէջ:
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախկին լիբանանահայ եւ ներկայիս քանատահայ միջազգային դաշնակահար եւ յօրինող Սէրուժ Գրաճեան` ընկերակցութեամբ հայրենի արուեստագէտներ Արամ Ասատրեանի, Եւա Գէորգեանի եւ Արամ Գալստեանի, բարձրորակ կատարումով հմայեց Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանի սրահը լեցուցած խուռներամ բազմութիւնը:
Լիբանանահայ հանդիսատեսը ձեռնարկի ընթացքին իր ցուցաբերած խանդավառութեամբ եւ մասնակցութեամբ անգամ մը եւս հաստատեց մշակոյթի վաւերական արտայայտութիւններու նկատմամբ իր խոր յարգանքն ու քաջալերանքը: