Քաղաքակիրթ աշխարհը այսօր կ’ոգեկոչէ մարդկային պատմութեան մեծագոյն ողբերգութիւններէն ՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Հարիւր տարի առաջ օսմանեան Թուրքիոյ դահճապետները, անտեսելով միջազգային ընտանիքին առջեւ իրենց իրաւական պարտաւորութիւնները, մշակեցին մեր ժողովուրդին հաւաքական գոյութիւնը բնաջնջելու հրէշային ծրագիր մը : Կանխամտածուած, դժոխային այս յանցագործութեան հետեւանքով, ժողովուրդ մը ամբողջ տեղահանուեցաւ իր բնօրրանէն:
Բռնութիւններու, աքսորի ու տարագրութեան ճանապարհին կատարուած զանգուածային ոճիրներուն եւ կոտորածներուն ընթացքին նահատակուեցան աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր: Յափշտակուեցաւ կալուած, ունեցուածք, պատկանելիութիւն: Քանդուեցաւ եւ հարստահարուեցաւ հնգհազարեայ քաղաքակրթութեան տէր ժողովուրդի մը հոգեւոր, մշակութային ժառանգութիւնը: Բռնախլուեցաւ անոր հողը՝ հայրենիքը:
Անապատի խորերը աքսորուած բազմաչարչար եւ ընչազուրկ հայ ժողովուրդը մնաց իր հաւատքին հլու: Չկորսնցուց յոյսը: Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի, Կիպրոսի, Յունաստանի հիւրընկալ ժողովուրդներուն մօտ ապաստանելով, ուժ գտաւ յաղթահարելու իր տառապալից արհաւիրքը եւ վերապրեցաւ յարութեան շունչով: Ան դարձաւ ծնողք, ուսուցիչ, արհեստաւոր, գործատէր եւ հիմնեց դպրոց, եկեղեցի, ակումբ: Տարագիր հայը գիտակից մնաց իր դաժան յիշողութեան, մերժեց այդ յիշողութիւնը թաղել մոռացութեան զամբիւղին մէջ : Վերապրեցաւ հայը եւ դարձաւ պահանջատէր հաւաքականութիւն: Երախտագիտութիւն այն անձնաւորութիւններուն, գործիչներուն, բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, ժողովուրդներուն, պետութիւններուն որոնք ապաստան տուին աղիողորմ հայերուն:
Անցան տասնամեակներ: Աշխարհաքաղաքական զարգացումները խանգարեցին պահանջատիրական պայքարը միասնական մղելու մեր ուխտը: Հայոց ցեղասպանութեան Յիսնամեակը նոր զարթօնքի մը մեկնակէտ դարձաւ հայութեան՝ Սփիւռք եւ հայրենիք: Իսկ Հայաստանի վերանկախացումը առաւել գօտեպնդեց հայ ժողովուրդը: Պայքարը պիտի շարունակուի, քանի հայ ժողովուրդը չէ հասած յանցագործութեան լիարժէք դատապարտման ու հետեւանքներու յաղթահարման:
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակին տեղի ունեցող տարբեր միջոցառումները եկան ապացուցելու, թէ հայ ժողովուրդը յանձնառու կը մնայ պահանջատիրական իր պայքարին: Հայը ամէնուրեք կը փորձէ մտածել եւ խօսիլ միատեսակ: Բոլորս պահանջատէր ենք անկասկած եւ մեր իրաւունքներուն պաշտպան: Սակայն շատ զարմանալիօրէն իւրաքանչիւրս՝ իւրօրինակ ճանապարհով, հատուցում կը պահանջէ ցեղասպանէն: Հակասական եւ նոյնիսկ մտահոգիչ արտայայտութիւններու ականջալուր կը դառնանք, յաճախ: Զիրար հակասող կեցուածքներու կը հանդիպինք պետական, քաղաքական եւ հոգեւոր կառոյցները ներկայացնող անձնաւորութիւններու յայտարարութիւններէն: Այստեղ անմիջապէս կը նկատուի մեծ բացի մը առկայութիւնը: Համոզմունքներ ունինք, դրոյթներու կը հաւատանք, անողնաշար մարմնի մը տպաւորութիւնը կը ձգենք, որովհետեւ չունինք ազգային գաղափարախօսութիւն: Ի վերջոյ, ո՞ր պահանջատիրութեան մասին է խօսքը, երբ համազգային ամենասրբազան հարցին շուրջ կ’արտայայտենք տարբեր մօտեցումներ:
Ողջունելի իրականութիւն էր, երբ Հայոց ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի նախօրէին, մեր պետական, քաղաքական, հոգեւոր ղեկավարներու, առաջնորդներու օրհնութեամբ մշակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան համահայկական հռչակագիրը: Ո՞վ կ’երաշխաւորէ, որ անոր բովանդակութիւնը փոփոխութեան պիտի չենթարկուի յառաջիկայ տարիներուն: Զայն անհրաժեշտ է հայեցակարգի վերածել,որպէսզի արտաքին քաղաքականութեան մէջ շեղումներ չկատարուին պահանջատիրութեան հաշուոյն..: Բոլորիս ազգային, քաղաքական համոզումները ամփոփող համահայկական հռչակագիրը պիտի դառնայ ազգային գաղափարախօսութեան ուղեցոյցը:
Քաղաքական աշխոյժ եռուզեռ կ’ապրինք հայրենիք եւ Սփիւռք: Այսուհանդերձ անհրաժեշտ է յստակացնել ՝ ին՞չ կը պահանջենք մենք, ին՞չ հիմքերու վրայ կը ներկայացնենք մեր պահանջը եւ ինչո՞ւ կը հետապնդենք ժամանակակից Թուրքիան: Յստակ հիմնաւորումի եւ բանաձեւումի մը մասին է խօսքը: Ին՞չ կը հասկնանք Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներ եզրով կամ ինչպէ՞ս պիտի բանաձեւենք Ցեղասպանութեան հետեւանքները յաղթահարելու համար Թուրքիոյ ներկայացուելիք պահանջները: Հայաստանի հանրապետութիւնը ինքնաբերաբար պիտի ըլլայ ցեղասպանութեան զոհերու շահերուն եւ իրաւական բոլոր հարցերուն պաշտպանը:
Միւս կողմէ սակայն, Սփիւռք եւ հայրենիք անհրաժեշտ է որ միասնաբար մշակեն պահանջները հիմնաւորող փաստաթուղթը: Գաղտնիք մը չէ նաեւ՝ մեր կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը պիտի դառնայ Սփիւռք- հայրենիք աշխատանքներու բաժանումը:
Հարիւրամեակի այս ամիսներուն տեղին է հարց տալ. ին՞չ պիտի ըլլայ հարիւր եւ աւելի տարիներու փորձառութեամբ հմտացած հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն դերակատարութիւնը, յետ հարիւրամեակի փուլին: Այսօրուան հայկական իրականութիւնը շատ մը երեւոյթներով կը տարբերի անցեալէն: Այսօր նոր հրամայականներու առջեւ կը գտնուինք, անկասկած: Ժամանցուած է երէկի գործելաոճը: Բայց առանց խզուելու երէկի արմատներէն, անհրաժեշտ է նոր մարտավարութիւն մշակել վաղուան մեր օրուան համար: Վաղուան օրն է կարեւորը: Անհրաժեշտ է դուրս գալ միջկուսակցական անտեղի վէճերէն: Մեր ուժն ու ներդրումը դնենք ի սպաս վաղուան յանձնառու երիտասարդին պատրաստութեան: Սփիւռքի մէջ ո՞վ կոչուած է ստանձնելու այս կարեւոր առաջադանքը, եթէ ոչ մեր ազգային քաղաքական կուսակցութիւնները: Բայց արդեօք անոնք միշտ պատրա՞ստ են այսօրինակ յանձնառութեան:
Դարադարձի ոգեկոչումը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէ Սփիւռքն ու հայրենիքը: Առաջին հրամայականը անկասկած պիտի ըլլայ ազգային գաղափարախօսութեան մշակումը, ապա՝ համադրուած աշխատանքը: Բոլորս մէկ բազուկ դարձած տէր պիտի կենանք մեր իրաւունքներուն:
Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական եւ հատուցման հետապնդումը մեզմէ կը պահանջէ համակողմանի, հաւաքական եւ հետեւողական աշխատանք: Պիտի օգտագործուին անկասկած մեկուսի բոլոր քայլերը եւ մօտեցումները,որոմներ ցանելով հայ ժողովուրդի հատուածներուն միջեւ, զանոնք շեղելու հիմնականէն…:
Հարիւր տարուան փորձը իր վարդագոյն եւ փշոտ իրականութիւններով խոհեմութիւն պիտի թելադրէ մեր բոլորին: Հարիւր տարին բաւարար ժամանակամիջոց էր կշռելու իւրաքանչիւրիս կարողութիւնները, գնահատելու եւ վերանայելու մեր թերութիւններուն : Հարիւր տարուան անտեղի մրցակցութիւնը, գզվռտոցն ու բզկտոցը բաւարար ցաւ են՝ դասեր քաղելու եւ հրաժարելու մեր փոքր «ես»երէն: Միաբանութեան եւ հաւաքական կամքի դրսեւորման ժամանակն է ահա: Ընելիք չունինք այլեւս եթէ ոչ՝ հայապահպանում եւ պահանջատիրական պայքարի հետապնդում: Սթափինք, որովհետեւ այլեւս չենք կրնար մատերու ետին պահուտիլ…:
Հարիւրամեակը բաւական ժամանակամիջոց է սթափելու: Հարիւրամեակը ազդանշանն է այն սուր պայքարին, որ մեր բոլորին առջեւ պիտի դնէ տարբեր հրամայականներ: Հարիւրամեակի ոգեկոչումը ուխտի վերանորոգում է հետապնդելու մեր նահատակներուն կտակը: Հարիւրամեակի ոգեկոչումը խօսքէն գործի անցնելու մարտահրաւէր մըն է բոլորիս: Որքան ալ ամենակարող նկատենք մենք զմեզ, մարտահրաւէրը անզօր պիտի ըլլանք մղելու առանձին: Հայրենիք, պետականութիւն, եկեղեցի եւ Սփիւռք կը գտնուինք հաւաքական որոշումի մը առջեւ, որուն մեկնակէտը անպայման պիտի դառնայ ազգային գաղափարախօսութեան մը մշակումը: Վստահաբար տեղի պիտի ունենայ դերերու բաշխում: Հռոմի Պապը, Եւրոպական Խորհրդարանը, տարբեր պետութիւններ կրնան ճանչնալ մեր ժողովուրդին դէմ կատարուած անիրաւութիւնը, բայց հիմնական աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ մեր ժողովուրդին ուսերուն վրայ: Պիտի չմոռնանք, որ այն խորհրդարաններէն շատեր, որոնք այսօր մարդասիրական խօսքեր ու յորդորներ կը շռայլեն, երէկ աչքաթող մնացին մեր ժողովուրդին արհաւիրքին առջեւ:
Մեր պահանջատիրական պայքարը չ’աւարտիր Հարիւրամեակի ոգեկոչումներով: Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք,Յանցագործութիւնը կը մնայ անպատիժ:
Վաղը նոր էջ մը պիտի բացուի մեր ժողովուրդին առջեւ: Յանցագործը տակաւին կը մերժէ առերեսուիլ ճշմարտութեան հետ եւ անդրդուելի կը մնայ ժխտողական իր համոզումներուն վրայ: Պիտի չմոնանք, որ մենք հողային պայքար ունինք թուրքին հետ:
Պիտի վերցնենք այդ մարտահրաւէրը անկասկած, սակայն որքանո՞վ կազմակերպուած պիտի ըլլան մեր քայլերը, այս մասին է մտահոգութիւնը: Պատահականութիւնը եւ ինքնամղումը չեն կրնար ու պիտի չկարենան ծածկել մեր երէկի թերութիւնները: Երէկ տակաւին կարելի էր կերպով մը քօղարկել զանոնք: Այսօր ու վաղը՝ ոչ: Մենք ունինք հրաշալի սերունդ, հաւատաւոր երիտասարդութիւն, բայց հարց է թէ ինչպէ՞ս կը դաստիարակենք վաղուան մեր հունձքը: Ինչպէ՞ս կը պատրաստենք վաղուան յանձնառու երիտասարդը, երբ զայն դաստիարակելու կոչուած ուսուցիչներէն շատեր իրազեկ չեն մեր ժողովուրդի պատմութեան, ոմանց համար՝ լատինատառ հայերէնով ալ կարելի է գրել …., ոմանք անտեղեակ են միջազգային իրաւագիտութեան նուազագոյն դրոյթներուն…: Վաղուան հայը պահաջատէր մը չէ լոկ,այլ՝ իրաւական պայքարը շարունակելու ուխտած մարտիկ: Բայց ո՞ր ուխտին մասին է խօսքը, երբ քրմապետներու կը խնկարկեն Սփիւռքի «լուսաւորիչ»ներէն շատեր, հեթանոսական բարքեր կը տիրեն այլուր…:
Հայոց ցեղասպանութիւնը փաստ ըլլալէ բացի միջազգային յանցագործութիւն է միաժամանակ: Ժամանակի վաղեմութիւն չի ճանչնար մեր պայքարը: Մեր նահատակները միայն յիշողութիւն չեն, որպէսզի յանձնենք ժամանակի նախախնամութեան,այլ կենդանի վկաներ արդարութեան: Միասնականութեան պիտի տանք համազգային բովանդակութիւն եւ խորք: Հետեւողական աշխատանք, նուիրում եւ համոզում այս է միասնականութեան գաղտնիքը:
Հարիւրամեակի Օրն է ասօր: Տխուր դարադարձ…: Հարիւրամեայ պարտք մը ունինք Ցեղասպանութեան նահատակներուն: Յիշողութեան վկաները մեզի հետ պիտի մնան առյաւէտ մինչեւ պատմական արդարութեան վերականգնումը:
Կը խոնարհինք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն առջեւ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ