Յարգելի Համազգայինի բարեկամ,
Արցախի մշակութային ժամանակակից կեանքը ծանօթացնելու եւ Արցախ- լիբանանահայ գաղութ մշակութաին կապերը ամրապնդելու նախանձախնդրութեամբ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հարտարակչատունը եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը, գործակցաբար Արցախի Համազգայինի գրասենեակին հետ, կազմակերպած են Արցախեան մշակութային օրեր, որոնք տեղի պիտի ունենան 9-14 յունիս 2019-ին։ Այս առիթով կազմակերպուած է գեղանկարչական ցուցահանդէս մը, որուն պիտի մասնակցին արցախցի տաղանդաւոր գեղանկարիչներ Գայիանէ Շուշեցի, Հրանդ Մնացականեան, Զարինէ Պապայեան, Արտակ Պօղոսեան, Յովիկ Գասպարեան, Լիանա Քոչարեան, Սամուէլ Դաւաթեան, Արծիւ Լալայեան, Լենորտ Զաքարեան, Գէորգ Սարգսեան, Էռնա Մկրտչեան, Դաւիթ Աւակիմեան եւ Արմինէ Աւակիմեան։ Այս արուեստագէտները տարբեր երկիրներու մէջ ցուցահանդէսներ տուած են, ինչպէս նաեւ մրցանակակիրներ են։ Ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի 12 յունիսի, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, նախագահութեամբ՝ տէր եւ տիկին դոկտ. Գրիգորիս եւ դոկտ. Գեղուհի Պողարեաններուն եւ հովանաւորութեամբ՝ BBAC դրամատան։ Այս առիթով նաեւ, գեղանկարչական ցուցահանդէսին կողքին, «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւնը, որ հիմնուած է 2013-ին, պիտի ներկայացնէ ղարաբաղեան գորգերու իւրայատուկ նմուշներ։
13 յունիսին տեղի պիտի ունենայ Արցախի ժամանակակից գրականութեան ներկայացումը, այս առիթով պիտի ներկայացուին արցախցի գրողները եւ անոնց հրատարակութիւնները։ Այս ձեռնարկին պիտի կատարուի նաեւ շնորհահանդէսը Հերմինէ Աւագեանի «Պատերազմ․․․աչքեր․․․ծաղիկներ» գիրքին։ Լիբանան ժամանող արուեստագէտներու խումբին մաս պիտի կազմէ նաեւ արցախցի տաղանդաւոր երգիչ Արթուր Խաչենց, որ նշեալ ձեռնարկներուն պիտի ունենայ ելոյթներ։ Արուեստագէտներու կեցութեան ընթացքին նախատեսուած են Այնճարի մէջ ձեռնարկ եւ այլ հանդիպումներ։
Սիրով հրաւիրուած էք չորեքշաբթի 12 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան:
Վստահ ենք, որ լիբանանահայութիւնը պիտի արժեւորէ այս նախաձեռնութիւնը եւ իր մասնակցութեամբ տայ յաւելեալ փաստը այն համոզումին, որ Արցախի մշակութային բնագաւառի զարգացման մէջ նաեւ ինք պատրաստ է բերելու իր անսակարկ աջակցութիւնը։
Յակոբ Հաւաթեան