ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի Ընդհանուր ժողովը, որուն օրակարգին վրայ էին հինգ հիմնական հարցեր՝ Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու ընթացքը, կոմիտէի կազմի ընտրութիւնները, Համահայկական ձմեռային 2-րդ խաղերու կազմակերպումը, կանոնադրական փոփոխութիւններ եւ կազմակերպչական հարցեր:
Միաձայնութեամբ, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ վերընտրուեցաւ Իշխան Զաքարեան: Իբրեւ փոխնախագահ պիտի շարունակէ պաշտօնավարել Ալպերթ Պոյաճեան՝ Միացեալ Նահանգներէն, Ստեփան Տէր Պետրոսեան՝ Լիբանանէն եւ Ռոլանդ Շառոյեան՝ Հայաստանէն:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի գործող կազմը համալրուեցաւ երեք անձերով: Նոր անդամներն են՝ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեան, զուիցերահայ բարերար Վարդան Սրմաքեշ եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Շահան Սեմերճեան:
Քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ կազմակերպչական այլ հարցերու: