Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդը հիմնուելով 29 Փետրուար – 1 Մարտ Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, ծրագրած էր կազմակերպել տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ։
Առաջին հերթին 30 Յուլիս 2020ին արդէն իսկ յաջողութեամբ կայացաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու հետ հանդիպումը։
Տարածաշրջանային մեր երկրորդ առցանց ժողովը տեղի պիտի ունենայ 1 Սեպտեմբեր 2020ին, Երեւանի ժամով՝ 19:00-ին: Այս անգամ Եւրոպան նկատի ունինք, որպէս տարածաշրջան:
Իբրեւ թեմա նկատի առնուած է՝ Հայկական Լրատուամիջոցը Ներկայ Պայմաններուն Մէջ. Դժուարութիւններ Եւ Դիմագրաւման Միջոցներ։
Եւրոպայի տարածքին հրատարակուող Հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներէն մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի կապուիլ հետեւեալ ել-նամակի հասցէին՝ [email protected]
Ծանօթ. Լրատուամիջոցներէն կը խնդրուի հրապարակել:
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ