ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ՝ 19 Մարտին տեղի ունեցաւ Համահայկական եօթերորդ խաղերը կազմակերպող կոմիտէի նիստը:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան խաղերու կազմակերպման վերաբերող զանազան հարցեր:
Համահայկական եօթներորդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 5-էն 17 Օգոստոսի միջեւ: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:
Այս տարի կը լրանայ խաղերուն կազմակերպման քսանամեակը եւ կ՛ակնկալուի մարզիկներու աննախադէպ մասնակցութիւն, որուն մասին կը վկայէ նախնական դիմումներու մեծ թիւը: Նշենք, որ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են 17 մարզաձեւեր: