ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Սիրելի՛ ընթերցող,
Ի հեճուկս համաճարակին, կեանքը կը շարունակուի… Ու պիտի շարունակուի, մինչեւ որ մարի` այնպէս, ինչպէս պատմութեան անցած բազում ու բազմատեսակ համաճարակներու պարագային: Սակայն գլխաւոր մտահոգութիւն կը մնայ անոր հետեւանքները (անգործութիւն, աղքատութիւն, թշուառութիւն) խոհեմաբար ու ճիշդ կերպով դիմագրաւելու եւ անկէ նուազագոյն վնասով դուրս գալու խնդիրը:
Փորձագէտներէն շատեր համոզուած են, որ անսպասելիօրէն ի յայտ եկած այս տնտեսական տագնապը հաւանական է, որ աւեր գործէ ամէնէն յառաջադէմ ու ամէնէն բարգաւաճ երկիրներուն մէջ իսկ: Եւ, ըստ իրենց, եթէ այսպէս շարունակուի, կը նախատեսուի, որ ասկէ ետք երկրագունդի տարածքին սովամահութենէ աւելի մարդ մեռնի, քան` «Քորոնա» ժահրէն: Նկատի առէք, որ, ըստ «Worldoinfo» կայքին, իւրաքանչիւր քսանչորս ժամուան ընթացքին, այսինքն` ամէն օր, աշխարհի տարածքին միայն անօթութենէ կը մեռնի աւելի քան երեսուն հազար (30.000) մարդ, որոնց մահացութեան դրդապատճառը պայման չէ, որ «Քորոնա» ժահրը ըլլայ: Այո՛, օրապահիկով ապրող ժողովուրդի գոյատեւումը վտանգուած կը թուի ըլլալ, իսկ ապագան` մռայլ: Անհաւանական չէ, որ տնտեսական, ընկերային, կենցաղային եւ նոյնի՛սկ առողջապահական ոլորտներու մէջ եւս ստեղծուին անկանխատեսելի տագնապներ, որոնց պատճառով մարդկային փոխյարաբերութիւններու չափանիշները վերատեսութեան ենթարկուին եւ կեանքին մէջ (ըլլայ դրական թէ ժխտական) անսպասելի փոփոխութիւններ տեղի ունենան: Երեւոյթը մասնակի բնոյթ չունի, այլ առանց խտրականութեան կը շարունակէ տարածուիլ միջազգային ամէնէն վստահելի կարծուած հարթակներու վրայ իսկ: Դժուար թէ մօտիկ ապագային (թէկուզ նոր արժեչափերով) կեանքը հունաւորուի, եւ ամէն ինչ հեզասահ ընթանայ, թէկուզ առաջուան նման: Այնուամենայնիւ սակայն, հազարամեակներու փորձը ցոյց տուած է, որ ժամանակը իր անվերադարձ բնոյթով կեանքը կ՛ուղղորդէ ու կը ներդաշնակէ, համաձայն բնութեան տարերային օրինաչափութիւններուն: Իսկ բնութեան քմայքին ենթակայ մարդը միշտ չէ, որ կարելիութիւնը կ՛ունենայ իր ԵՍ-ի ներքին թելադրականութեան համապատասխան ապրելու ու գոյատեւելու: Ահաւասիկ հո՛ս է, որ ժամանակն ու տարածութիւնը կը շեղին իրենց ծիրէն, եւ մարդ արարածը կ՛անճրկի, ահազանգի կը մատնուի, ու անդոհանքը կը շարունակուի ու կը տարածուի… Թէեւ` ոչ անվերադարձ:
Բայց®
Այդ նոյն հազարամեակներու փորձը ցոյց տուած է նաեւ, որ այդ միեւնոյն անճրկած ու ահազանգի մատնուած մարդ արարածը, շրջանցելէ ետք ամէն տեսակի փորձութիւնները, կրցած է գոյատեւել ու շարունակել կեանքը` յենելով մարդկային նոր ու տարբեր արժէքներու եւ չափանիշներու վրայ, որոնք իրենց բարոյականութեան բնոյթով նախ բանական մարդը կը զանազանեն անբան արարածներէն ու կեանքը կ՛իմաստաւորեն` այս անգամ յենելով ոգեղէն համապատասխան սկզբունքներու եւ տեսլականներու վրայ:
Խօսքը ոգեղէն եւ նիւթեղէն արժէքներու միջեւ ընթացող յաւիտենական մրցակցութեան մասին է անկասկած:
Իմ արուեստասէր ու լայնամիտ ընթերցո՛ղ, գուցէ կարիք չկար այսքան խորանալու հարցին մէջ ու մտնելու մարդկային խոր ու առեղծուային ծալքերու մէջ: Սակայն եթէ վերջին տասնամեակներուն քիչ թէ շատ հետեւած ես միջազգայնօրէն ընդունուած ու գնահատուած տարբեր տեսակի (մասնաւորապէս յանձնառու) արուեստներու խթանման ու տարածման հոլովոյթին, նշմարած պէտք է ըլլաս, որ թէ՛ ուղղակիօրէն, եւ թէ՛ անուղղակիօրէն մէկ կողմէ առաջ կը մղուի մարդ անհատը առանձնացնելու, աւելի անձնասէր (էկոյիստ) ու հաճոյամոլ դարձնելու ձգտումը, իսկ միւս կողմէ աշխատանք կը տարուի յառաջ մղելու մարդը մարդկայնացնելու, ազնուացնելու ու կեանքը գեղեցկացնելու գեղագիտական գործօնը: Նիւթապաշտութեան ու ոգեղէն արժէքներու գնահատման միջեւ շղթայազերծուած պայքարը ստեղծուած է նախամարդու մարդկայնացման ընթացքին ու կը շարունակուի ցայսօր: Այս նիւթաբարոյական յաւիտենական «մրցակցութեան» մէջ, ուժային կշիռը գրեթէ միշտ թեքուած է նիւթապաշտութեան կողմը, մարդը մղած` դէպի անասնական բնազդներու բացայայտում ու զարգացում, որոնք մէկ կողմէ մարդկային էութիւնը ապականելու եւ ոգեղէն արժէքները նսեմացնելու հակագեղագիտական հոլովոյթին կը ծառայեն եւ միւս կողմէ ոչ միայն վայրագութիւնը կը խթանեն, այլեւ կ՛աւերեն նոյնինքն մարդու կողմէ եւ յանուն մարդու բարօրութեան համար ստեղծուած ամբողջ մշակոյթը: Այս յոռի երեւոյթին հակազդելու համար, այդ նոյն մարդու բանականութիւնը հազարամեակներու ընթացքին ստեղծեց բազում ու բազմատեսակ գաղափարախօսութիւններ, վարդապետութիւններ ու համապատասխան կրօններ եւ օրէնքներ, որոնք սակայն իրենց մարդասիրական առաքելութեան մէջ մասամբ միայն յաջողած կը թուին ըլլալ: Այս ճգնաժամային օրերուն, թէեւ մարդկային վերաբերումները, ըլլան անոնք նիւթական օգնութեամբ, բարոյական աջակցութեամբ, անձնազոհութեամբ ու մասամբ նորին, ի զօրու են ու կը գործեն իրողապէս, այնուամենայնիւ նիւթապաշտութենէ ծնած ընչաքաղցութիւնն ու աթոռամոլութիւնը կը շարունակեն իրենց աւերները գործել: Մեծապետական ամբաստանութիւններն ու զրպարտութիւնները նոր թափ կը ստանան, պատերազմները կը շարունակուին, համաճարակային շահագործումներու տեսակները կը բազմանան ու կը բազմապատկուին, եւ մարդ անհատը կ՛ենթարկուի ակամայ ստեղծուած «չարագործութեան» քմայքներուն:
Հարցը պարզացնելու համար նշենք, որ համաճարակը, ո՛չ միայն անկոչ ու տհաճ հիւրի նման, եկած ու մտած է մեր տուներուն ու առհասարակ կեանքին մէջ, ո՛չ միայն ինքզինք կը պարտադրէ, այլեւ նոյնի՛սկ կը սպառնայ մեր կեանքին ու անուղղակիօրէն ի նպաստ
նիւթապաշտութեան կը բանի: Մինչ ոգեղէն արժէքներու հաւատացողները կը փորձեն վանել անասնականը իրենց մէջէն, ընչաքաղցներն ու աթոռամոլները առիթը կ՛օգտագործեն` պարզապէս իրենց դիրքերը ամրապնդելու ու յագուրդ տալու իրենց վայրագ բնազդներուն: Եւ այսպէս, պայքարը կը շարունակուի, եւ ապագան յղի կը մնայ (դրական թէ ժխտական) նորութիւններով ու անակնկալներով:
Իմ լաւատե՛ս ընթերցող, այո՛, անհրաժեշտ է հարցը դիտել նաեւ հակառակ կողմէն եւ նկատի առնել, որ բնական աղէտները երբեմն դրական արդիւնքներ ալ տուած են: Օրինակի համար հին ատեն, եգիպտական փարաւոնական ժամանակներուն Նեղոս գետը ամէն տարի գարնան կը յորդէր, զայն կը նկատէին ԱՂԷՏ ու դժբախտ պատահար, որովհետեւ ամէն ինչ կ՛աւերէր: (Ի դէպ, հին եգիպտացիները Նեղոս գետի յորդումը կ՛անուանէին ու կը հնչէին «աշէտ» կամ ԱՂԷՏ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս հայերէնի մէջ: Աղէտ բառը միակ «պատահականութիւնը» չէ, կան բազմաթիւ, ըլլայ լեզուական, պատմական թէ հոգեւոր ուղղակի առնչութիւններ, հայկական ու փարաւոնական մշակոյթներուն միջեւ, որոնք առանձինն ուսումնասիրութեան կը կարօտին): Եգիպտոսի ԱՂԷՏ-ը յետոյ վերածուեցաւ ու նկատուեցաւ «Աստուծոյ պարգեւ», որովհետեւ առանց Նեղոսի յորդառատ ու արգասաբեր ամենամեայ ողողումներուն ո՛չ հազարամեայ փարաւոնական այդ հսկայ մշակոյթը պիտի ստեղծուէր եւ ոչ ալ Եգիպտոսը պիտի կարենար մինչեւ այսօր գոյատեւել: Նոյնն են նաեւ Եփրատ եւ Տիգրիս գետերուն պարագաները շումեր-աքքատական մշակոյթներու եւ Հինտուս ու Գանկէս գետերը հնդիկ ժողովուրդին համար: Այլ տեսակի օրինակներ եւս կան, ինչպէս` հռոմէական ժամանակաշրջանին Ներոն կայսեր կողմէ Հռոմի հրդեհումը կամ Վիզուվի հրաբուխի ժայթքումը, որ հակառակ անոր որ երկու մշակութապէս ու տնտեսապէս զարգացած հռոմէական քաղաքներ ամբողջութեամբ հրաշէկ լաւայի տակ ծածկեց, այսուհանդերձ այսօր հնագէտներու եւ պատմաբաններու կողմէ կը նկատուի օրհնութիւն մը հնագիտութեան համար:
Անշուշտ վերոյիշեալ աղէտները թէեւ ուղղակիօրէն համեմատելի չեն «Քորոնա» ժահրին գործած աւերին հետ, սակայն պատմութեան ընթացքին ի յայտ եկած համաճարակներէն երբեմն մարդ արարածը քաղած է գիտական թէ բարոյական դասեր եւ ստացած դրական արդիւնքներ եւս: Օրինակի համար, մեր օրերուն, աշխարհի կրթական համակարգը սկսած է վերատեսութեան ենթարկուիլ, եւ արդէն իսկ համալսարաններէն ու դպրոցներէն շատեր ուսուցումը կը կատարեն հեռակայ կարգով` համացանցի միջոցով: Նոյն սկզբունքներէն մեկնելով` շատեր սկսած են տունէն աշխատիլ, իսկ ուրիշներ նոյնիսկ միջազգային ժողովներ սկսած են համացանցի միջոցով կազմակերպել: Եթէ ուսուցման, աշխատանքի եւ խորհրդակցութեան այս կերպերը պաշտօնապէս որդեգրուին ու համատարած դառնան, պատկերացուցէ՛ք ինչքան տարածք, ժամանակ, ուժանիւթ կամ մթնոլորտի ապականում պիտի խնայուի մարդկութեան:
Իսկ մեզի համար կայ աւելին: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, «Քորոնա» ժահրին պատճառով, մարտ մէկէն մինչեւ հիմա, այսինքն` երկու ամսուան ընթացքին հայրենիք վերադարձած են աւելի քան վաթսուն երեք հազար (63.000) քաղաքացիներ: Եւ եթէ առնուազն քանի մը ամիս եւս հայրենադարձութիւնը շարունակուի նոյն թափով, պատկերացուցէ՛ք ազգային գետնի վրայ ինչքա՛ն մեծ շահ ապահոված պիտի ըլլանք:
Այնպէս որ, մեզի կը մնայ այս համամարդկային աղէտը ընդունիլ նաեւ իբրեւ փորձառութիւն` տալով անոր նոր իմաստաւորում ու նոր գնահատում եւ փորձել դրական արդիւնքներ ու դասեր քաղել անկէ:
Իմ իրատե՛ս ընթերցող, եթէ կ՛ակնկալես, որ այս ընդհանուր խորապատկերին վրայ գործող մարդկային փոխյարաբերութիւններն ու արժեչափերու խախտումները (ըլլան անոնք ժխտական թէ դրական) վերատեսութեան ենթարկելու, վերլուծելու եւ համապատասխան կառուցողական լուծումներու առաջարկներ ներկայացնեմ, կրնամ յուսախաբ ընել քեզ, որովհետեւ այդ բոլորը իմ համեստ ուժերէս վեր կը մնան: Ասիկա տարբեր տեսակի մասնագէտներու համադրուած ու բծախնդիր աշխատանք կ՛ենթադրէ:
Իմ բանիմա՛ց ընթերցող, ես իմ համեստ մտածումներս շարադրեցի, եզրակացութիւնը կը վստահիմ քու առողջ դատողութեանդ: Այո՛, այս դժուարին օրերուն մենք բոլորս անհրաժեշտօրէն պէտք ունինք ո՛չ միայն իրերօգնութեան, այլեւ կարծիքներու անկեղծ ու անշահախնդիր փոխանակման… Կարեւորը մարդկութեան ակամայ պարտադրուած այս տարօրինակ ու տհաճ կացութաձեւը խելամտօրէն դիմակայելն է ու համբերութեամբ խուսանաւելը…