Թամար Աբովեան- ՀԱՅ ԵՄ
17 Հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ, պատմական ճակատագրական այս թուականին, Լիբանանի ժողովուրդը՝ տարեցներ, այրեր, կիներ, երիտասարդներ, երիտասարդուհիներ, պատանիներ եւ պարմանուհիներ Լիբանանի բոլոր համայնքներէն, սկսան լսելի դարձնել իրենց ինքնաբուխ, արդար եւ իրաւացի ձայնը Լիբանանի զանազան շրջաններէն եւ հրապարակներէն:
Լիբանանի մէջ յամեցող դժուարութիւնները, մանաւանդ անգործութիւնը, ազգային եկամուտի անարդար բաշխումը, աղքատութիւնը եւ միջին դասակարգի վերացումը՝ փտածութեան, անարդարութեան, օրէնքի բացակայութեան, ուժի բանեցման, ազատ խօսքի իրաւունքի ոտնակոխման առընթեր… այս բոլորը պատճառ դարձան, որ լիբանանցին պոռթկայ եւ իր պոռթկումը արտայայտէ ժողովրդային եւ ինչու չէ՝ իրեն յատուկ յեղափոխական շարժումով մը:
Ի վերջոյ, Լիբանան սկսաւ ստանալ այն պատկերը, զոր ամբողջ լիբանանցիները կ՛երազէին եւ դեռ կ՛երազեն տեսնել, ազատ, անկախ, ինքնիշխան Լիբանան մը (այս երեքը միայն այլ երկիրի մը կողմէ բռնագրաւուած ըլլալով չէ որ կը կորսուին), ուր բոլոր համայնքները եւ կրօնքները՝ քրիստոնեան, իսլամը, տիւրզին, շիին, սիւննին միատեղ կ’ապրին՝ մէկը միւսին գոյութիւնը ընդունելով, մէկը միւսը հանդուրժելով, մէկը միւսը սիրելով ու գուրգուրալով, իսկ ամէնէն կարեւորը՝ իբրեւ «մարդ» ապրելով, որ զրկուած չէ իր բնական, նուազագոյն իրաւունքներէն եւ կրնայ իր ճակտին քրտինքով, պատիւով եւ արժանապատւութեամբ ապրիլ:
Ի վերջոյ, լիբանանցին անդրադարձաւ որ ինք քաղաքացի չէ իր իսկ երկրին մէջ:
Ի վերջոյ, լիբանանցին հասկցաւ, որ համայնքային եւ կուսակցական նեղ հաշիւներով հայրենիք չի կերտուիր, ժողովուրդ չի կառավարուիր, սերունդներ չեն դաստիարակուիր: Տնտեսապէս զօրաւոր, մաքուր կենսոլորտով… պայծառ, փայլուն, ինչպէս նաեւ՝ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան Լիբանան կերտելու համար, եւ սերունդներ ճիշդ ձեւով դաստիարակելու համար, հեռու՝ նեղմտութենէ, խանութպանային նեղ հաշիւներէ, կուսակցական կաշկանդումներէ, վճռական ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ պէտք է քանի մը մակարդակներու վրայ, որոնցմէ առաջինը՝ ներկայ «իշխող գլուխներու» փոփոխութիւնն է, որոնց պատճառով ուրիշը անտեսելու, ուրիշին խօսքը նկատի չունենալու, «Ե՛ս եմ զօրաւոր»-ի հոգեբանութիւնը դրոշմուած է անոնց համայնքներուն եւ կուսակցութիւններուն անդամակցողներուն եւ համակիրներուն միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ, մինչդեռ խորքին մէջ, իրենք խաւարի մէջ են եւ ուղեղալուացի ճամբով դարձած են ստրկամիտ ծառաներ:
Այս բոլորը եկան ըսելու, որ իրողական բոլոր կուսակցութիւնները պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն իրենց գործելաձեւը եւ եթէ պիտի գոյատեւեն, Լիբանանի ժողովուրդին պէտք է հրամցնեն բան մը, որ նոր է, արդիական եւ կառուցողական:
Այս բոլորին գիտակցելով, կարեւոր հարցում մը կը ծագի մեր միտքերուն մէջ. ծագումով հայ լիբանանցիներուն դերը ի՞նչ է այս բոլորին մէջ, արաբերէն կ՛ըսեն «Շու մահալլու պըլ իրապ» Լիբանանի ճգնաժամային այս կացութեան մէջ…
Ժամանակն է, որ դուրս գանք ձմեռումի մեր ներկայ վիճակէն: