Հինգշաբթի` 18 մայիս 2023-ին, Ռուհր Շրջանի Հայ Համայնքի նորակազմ երիտասարդաց յանձնախումբը կազմակերպած էր հաւաքոյթ` Համբարձման տօնին առիթով։
Հաւաքոյթին ներկայ էին համայնքի անդամները իրենց ընտանիքներով, որոնք շատ հաճելի անակնկալներով լեցուն օր մը վայելեցին։
Երիտասարդները պատրաստած էին շատ կոկիկ յայտագիր, տօնին առթիւ յիշելով եկեղեցական, ժողովրդական և ազգային մեր բոլոր սովորութիւնները։
Միասնական սիրոյ ճաշը սկսաւ աղօթքով` որմէ ետք հայկական խորոված հրամցուեցաւ ներկաներուն։
Ճաշէն ետք ներկաները առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ շրջափակը եւ յայտագիրը շարունակուեցաւ հայրերու և մայրերու զոյգ տօները շնորհաւորելով։
Ամենէ տարեց հայրիկն ու մայրիկը յուշանուէրներ ստացան: Օրուան բախտաւորը ընտրուեցաւ և ազգային երգերով և պարերով շատ հաճելի ժամեր վայելեցինք միասին։
Աւելի ուշ, երկաներուն հրամցուեցան համեղ քաղցրաւենիներ։
Այս առիթով կ՛ուզենք երախտագիտութիւն յայտնել մեր սիրելի երիտասարդներուն, նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով` վստահեցնելով, որ մենք միշտ իրենց կողքին պիտի ըլլանք` օժանդակելով և քաջալերելով։
ՌՈՒՀՐԻ ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ