ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն»․- ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահները՝ Իկոր Խովայեւ (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), ու ԵԱՀԿի նախագահի անձնական ներկայացուցիչը՝ Անճէյ Քասփրչիք, Երկուշաբթի օր Արցախի հարցը քննարկեցին Սպիտակ տան Ազգային ապահովութեան խորհուրդի Եւրոպայի հարցերու աւագ տնօրէն Ըմենտա Սլօաթի եւ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու առաջին օգնականի տեղակալ Տերիք Հոկընի հետ, կ՛ըսուի նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
«Միայն համապարփակ լուծումը, որ կ՛ընդգրկէ բոլոր չլուծուած հարցերը, կրնայ կարգաւորել երկու երկիրներուն (Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի) յարաբերութիւնները եւ առիթ տալ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն, որ խաղաղօրէն ապրին», շեշտեցին համանախագահները:
Հոկըն եւ Սլօաթ «ողջունեցին համանախագահներուն ջանքերը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի վճռականութիւնը` դարձեալ երկխօսութեան միջոցով ներգրաւուելու խաղաղ գործընթացին մէջ»: