Ամբողջ աշխարհի առաջատար լրատուամիջոցները՝ ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն հրապարակումէն անմիջապէս ետք՝ իրենց ուշադրութիւնը կրկին սեւեռեցին Հայաստանի վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenprerss.am-ը։
«Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ամրապնդեց իր իշխանութիւնը, երբ իր ղեկավարած քաղաքական ուժը յաղթանակ տօնեց արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն»,- գրած է բրիտանական The Guardian-ը: Պարբերականը մէջբերած է ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք Փաշինեանի խօսքերը, որ «Հայաստանի քաղաքացիները խորհրդարանին մէջ կազմած են յեղափոխական մեծամասնութիւն»:
Sputnik News-ը նշած է, որ նախկին իշխող ուժը՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, առաջին անգամ ձախողած է յաղթահարելու 5 տոկոսանոց նախընտրական շեմը՝ անցնելու խորհրդարան՝ հաւաքելով ընդամէնը 4.7 տոկոս ձայն:
«Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի դաշինքը դիւրութեամբ յաղթած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն»,- գրած է Reuters-ը:
Իսկ Euronews-ը, արձանագրելով, որ «Իմ քայլը» դաշինքը ստացած է ձայներու 70.43 տոկոսը, նշած է. «Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը ամբողջական յաղթանակ կը տանի»:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեանի տուեալներով՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած էր 40 օտարերկրեայ լրատուամիջոցի աւելի քան 80 լրագրող:
Անոնք սկսած էին լուսաբանել ընտրութիւնները Դեկտեմբեր 9-ի առաւօտեան: