Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը
Կը Հասնի 845-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Հասաւ 26-ի,
Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը` 234-ի
Նախորդ քանի մը օրերուն Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը զգալիօրէն բարձրացաւ, որուն լոյսին տակ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ լիբանանեան պետութեան մղած պայքարը սկսաւ ստանալ աւելի լուրջ բնոյթ` նկատի ունենալով այն մտահոգութիւնը, թէ գրեթէ նոր վարակումներ չունեցող երկրի մը մէջ վերջին օրերուն ընթացքին արձանագրուած են վարակուածներու բարձր թիւեր:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուողներուն թիւը այսպէս բարձր մնալու պարագային, կառավարութենէն պիտի պահանջէ ամբողջ երկիրը 48-72 ժամով փակել:
Երէկ գիշեր կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Հասան հարց տուաւ, թէ արդեօք լիբանանցիները նախազգուշութիւնները կը շարունակե՞ն, արտերկրի լիբանանցիներու շարքին եղող վարակուածներուն ակնարկութիւն կատարելէ առաջ:
Ան հաստատեց, որ անցեալ շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը զերոյէն երեքի միջեւ կը տարուբերէր, «իսկ այսօր արձանագրուած են 11 պարագաներ, որոնք բոլորն ալ Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներ են: Անոնցմէ 7-ն պարզ քաղաքացիներ են, իսկ 4-ը` զինուորականներ», յայտնեց ան:
Հասան նշեց, որ ինք` վարչապետ Հասսան Տիապի համաձայնութեամբ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմիի հետ արծարծած է այն միտքը, որ 48 ժամ երկիրը փակուի, որպէսզի «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու շրջաններուն մէջ ընդարձակ քայլեր առնուին` պաշտպանելու համար երկրին առողջապահական ապահովութիւնը, «որ այսօր ամէն բանէ վեր է», ըսաւ ան:
Հասան ընդգծեց, որ ընդհանուր զօրաշարժի պարտադրուած պայմաններուն աստիճանաբար նուազեցումը կ’ենթադրէ, որ քաղաքացիները յաւելեալ նախազգուշութիւններու դիմեն: «Այս շրջագիծին մէջ դիմակներուն գործածութիւնը պարտադիր է եւ հիմնական միջոց` համավարակի տարածումը սահմանափակելու: Դիմակն է, որ քաղաքացիներուն միջեւ առողջապահական ապահովութիւնը կ’երաշխաւորէ, եւ քաղաքացիներուն կողմէ դիմակներու գործածութիւնը պարտադիր է` առողջապահութեան նախարարութեան պահանջներուն ընդառաջելու ծիրին մէջ», ըսաւ ան:
Հասան հաստատեց, որ նոր վարակուածներու երէկուան թիւը զգուշացումի փողը հնչեցուցած է` նկատել տալով, որ այս շաբթուան ընթացքին ընդհանուր գնահատականը պիտի կատարուի, որպէսզի ըստ այնմ նոր որոշումներ տրուին:
Իր խօսքը ուղղելով արտերկրի լիբանանցիներուն` Համատ Հասան շեշտեց. «Ձեր իրաւունքն է վերադառնալ Լիբանան, սակայն ձեր պարտաւորութիւնն է յանձնառու մնալ նախարարութեան միջոցառումներուն` պաշտպանելու համար քաղաքացիներուն առողջութիւնը»:
Լիբանանի մէջ արձանագրուած մտահոգիչ թիւերուն պատճառով, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի հրապարակեց նոր շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ այսօրուընէ սկսեալ կրակմարի դրութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 845-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 36 նոր վարակուածներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 26 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 234 ուրիշներ` ապաքինած:
Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներու 707 քննութիւն կատարուած է եւ ի յայտ եկած, որ տեղացիներուն մէջ արձանագրուած են 23 վարակուածներ, իսկ Պէյրութ ժամանող արտերկրի լիբանանցիներուն համար կատարուած 485 «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեանց արդիւնքները երէկ արձանագրած են 13 դրական արդիւնքներ, որոնցմէ 10-ը Մոսկուայէն հասած արտերկրի լիբանանցիներ են, մէկ պարագայ` Մինսքէն, մէկ պարագայ` Քուէյթէն, եւ մէկ պարագայ` Քամերոնէն:
Նախարարութիւնը յայտնեց նաեւ, որ Պահրէյնէն, Տուպայէն, Լոնտոնէն եւ Ուքրանիայէն հասած օդանաւերուն պարագային բոլորին արդիւնքները ժխտական են, այլ խօսքով` չկան «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ:
Պէտք է նշել, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց, թէ «Քորոնա» ժահրին պատճառով 1200 զինուորներ բնակարանային մեկուսացումի ենթարկուած են:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ վարակուած զինուորները Զինուորական ատեանին մէջ գործող 13 բանակայիններ են, որոնք համապատասխան բժշկական խնամքի ենթարկուած են:
Այս շրջագիծին մէջ արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախարար Համատ Հասանի հետ եւ համաձայնեցաւ վաղը` երեքշաբթի օր Զինուորական ատեանին դատաւորները ենթարկել «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութեան:
Արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու պատասխանատու, դեսպան Ղատի Խուրի յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի յատուկ նախարարական յանձնախումբը որոշեց թռիչքներուն թիւը մասամբ նուազեցնել, որպէսզի երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հակակշռուի եւ ընդհանուր գնահատական կատարուի համաճարակի իսկական իրավիճակին մասին:
Խուրի հաստատեց, որ կառավարութիւնը որոշած է արտերկրի լիբանանցիներուն Պէյրութ փոխադրութիւնը ապահովել միայն «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեամբ:
Նշենք, որ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի յատուկ նախարարական յանձնախումբը շաբաթ յետմիջօրէին գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Յանձնախումբը ընդհանուր գնահատականը կատարեց արտերկրի լիբանանցիներու Լիբանան փոխադրութեան Բ. փուլին, ինչպէս նաեւ քննարկեց այդ աշխատանքը շարունակելու Գ. փուլին մանրամասնութիւնները` նկատի ունենալով, որ արտերկրի լիբանանցիներու Լիբանան փոխադրութեան Գ. փուլը պիտի սկսի այս ամսուան կիսուն:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց, որ իրենք մօտէն կը հետեւին երկրին մէջ տիրող առողջապահական իրավիճակին եւ անոր նկատմամբ պատասխանատուութիւն կը ցուցաբերեն:
«Մեզի համար աշակերտութեան, ուսուցիչներուն եւ դպրոցներուն ու համալսարաններուն վարչական պաշտօնէութեան առողջութիւնը առաջնահերթութիւն է, հետեւաբար այս հարցով յաւելաբանութիւններ կատարելու կարիք չկայ», ըսաւ Մաժզուպ: