«Ուժեղ Ենք Եւ Մեզ Յաղթել Հնարաւոր Չէ»
Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ երաժշտական համերգ էր. եկեղեցին մարդաշատ էր, իսկ բեմի վրայ էր վաստակաւոր երգչուհի մեցօ սոփրանօ` Աննա Մայիլեանը, որ իր երաժշտական բարձր կատարումներով յաջողեցաւ լիբանանահայ հանդիսատեսը տանիլ հայ երաժշտութեան անդաստան եւ հաղորդակից դարձնել բազմազան երաժշտական գործերու:
«Մթնշաղէն դէպի արշալոյս» համերգը տեղի ունեցաւ չորքշաբթի, 26 մայիս 2015, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Հայ աւետարանական «Արմիս» մշակութային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ուժանիւթի նախարար Արթիւր Նազարեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Հրայր ճէպէճեան: Ան յայտնեց, որ մթնշաղը Հայոց ցեղասպանութիւնն է, արշալոյսը` հայու վերապրումը, որ կը պահանջենք, իսկ մթնշաղի եւ արշալոյսի հասարակաց գիծը հայուն արժանապատուութիւնն է: Ապա աւելցուց` ըսելով, որ այսօր կը յիշենք ու կը պահանջենք հայուն արժանապատիւ կեանքը, որ կրնար բազմանալ ու ապրիլ, որ կրնար ստեղծագործել ու մշակել: Կը պահանջենք հայուն արժանապատիւ հողը, պապենական տունը, որ կրնար բարգաւաճիլ… Այսօր հայը նոյնպէս հպարտ է Հայաստան հայրենիքով եւ սփիւռքի բոլոր հատուածներով, որոնք ամուր տէր կանգնած են Հայ դատին ու պահանջատիրութեան: Խօսքը աւարտեց` ըսելով, որ համերգը կու գայ ամուր կապելու հայը իր մշակոյթին, հայրենի արժէքներուն ու մանաւանդ հողի կապուածութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ իրենց նպասը բերած են համերգի յաջողութեան:
Խօսք առաւ նաեւ վաստակաւոր երգչուհի Աննա Մայիլեան: Ան ողջունեց բոլորը ներկաները եւ ըսաւ, որ ա՛լ ժամանակն է ըլլալու ամուր ու միասնակամ որպէս ժողովուրդ: Մեր մշակոյթի ու արուեստի գործերուն հանդէպ քաջալերական կեցուածքով ու ծափահարութիւններով փաստենք, որ կ՛ապրինք, «ուժեղ ենք եւ մեզի յաղթել հնարաւոր չէ»:
Համերգի առաջին բաժինով Աննա Մայիլեան եւ դաշնակահար Էլեն Կիրակոսեան ներկայացուցին Կոմիտասի, Դանիէլ Երաժիշտի, Ռոմանոս Մելիքեանի, Համբարձում Պէրպէրեանի, Շահան Պէրպէրեանի, Համբարձում Գրիգորեանի, Գէորգի Սարաճեանի, Նիկոլ Գալենտերեանի գործերը, որոնցմէ են` «Առաւօտեան քաղցր եւ անուշ հովերն» եւ «Ամէն առաւօտ եւ լոյս», «Արի, արի» «Զնկլիկ», «Անոր», «Արեւին ոսկի», «Պապար», «Հով լինեմ», ուշագրաւ էր Կոմիտասի «Չինար ես»,«Զուլօ» եւ «Ալ ձին» երգերու կատարումները, շատ գեղեցիկ էին նաեւ «Գարուն բացուաւ», «Արազին», «Իմ ուղին» երգերը, որոնք խորապէս յուզեցին ներկաները:
Առաջին բաժինով Էլեն Կիրակոսեան դաշնամուրի մենանուագով հնչեցուց «Հաբրբան» եւ «Կաքաւիկ» գործերը: Յայտագիրի երկրորդ բաժինը սկսաւ Սերօ Քելուկեան, որ ապրումով արտասանեց Ժաք Ս. Յակոբեանի «ՏԷր Զօր» կտորը` տուտուկի նուագակցութեամբ` Յակոբ Քելուկեանի:
Ելոյթ ունեցաւ Հայ աւետարանական «Արմիս» երգչախումբը` խմբավարութեամբ` վեր. Ներսէս Պալապանեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Սեւան Պալապանեանի: Երգչախումբը ներկայացուց «Ջան Հայաստան», «Ամենապերճ Յիսուս» եւ «Ուռենի» երգերը: Աննա Մայիլեան ներկայացուց նաեւ «Վարդը», «Արարատ», «Հայրենիքիս կանչը», իսկ «Օրօր» երգին միացաւ երգչախումբը: Երգչախումբի «Բարի է իմ հոգւոյս», «Հայաստան» երգերու կատարումներուն միացաւ Աննա Մայիլեան: Պէտք է նշել, որ կարգ մը երգերու սրինգով միացաւ Լոռի Պիլալեան, սաքսոֆոնով` Արեգ Գարակէօզեան եւ փողով` Րաֆֆի Էլմաճեան: Համերգի ամբողջ տեւողութեան ծափահարութիւնները չդադրեցան: Համերգը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ, ապա` վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով: