Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ 163
Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող երրորդ տասնամեակին, երբ տակաւին հայ վերապրողները սպանդի ահաւորութեան հոգեցնցումը (trauma) կ’ապրէին եւ արեւմուտքի պատմաբանները լռութիւն կը պահէին անոր նկատմամբ, իրաքցի արաբ պատմաբան դոկտ. Ալի Հիւսէյն Մուհսին Ալ-Ուարտի (1913-1995), ուսումնասիրութիւններու իբրեւ արդիւնք իր հեղինակած «Ընկերային Ակնարկներ Իրաքի Նորագոյն Պատմութեան» խորագրեալ գիրքին (Social Glimpses of Iraq’s Modern History) (لمحات اجتماعية من تاريخ العراق الحديث ) երրորդ հատորին մէջ քանի մը էջերով անդրադարձած է հայոց դէմ կատարուած համիտեան կոտորածներուն: Սոյն հատորաշարքը (չորս հատոր) լոյս տեսած է 2005-ին Պաղտատի մէջ «Սթար» հրատարակչութենէն: Դոկտ. Ալի Ալ Ուարտիի համալսարանական ու այլ դասախօսութիւններէն յայտնի է թէ ան Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով հետաքրքրուած էր անցեալ դարու յիսունական թուականներուն, երբ տակաւին շատ քիչեր կը խօսէին անոր մասին:
Պատմաբան դոկտ. Ալի Ալ-Ուարտի ծնած է Պաղտատ 1913-ին իսլամ հաւատացեալ ընտանիքի մը մէջ: Հակառակ այս իրողութեան, ան ըմբոստացած է ամէն ինչի դէմ, որ ժամանակի հետ քայլ չի պահեր եւ կը յամառի մնալ խաւարամած ու տգէտ սովորութիւններու աւանդապահութեան մէջ: Ան հետամուտ եղած է նորարարութեան՝ մանաւանդ մշակոյթի ու աւանդութեան պարագային: Երբ հայրը բռնութեամբ կ’ուզէ զայն արհեստաւոր դարձնել, պատանի Ալի կը պնդէ ուսում ստանալու եւ լուսաւորեալ դառնալու վրայ: Երկրորդականը աւարտելէ յետոյ, երիտասարդ Ալին մտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը ուրկէ ընկերաբանական պատմութեան մէջ պսակաւոր գիտութեանց աստիճանով վկայուած է: Ապա, մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Թեքսասի Համալսարանէն վկայուած է նոյն մասնագիտութեամբ մագիստրոսի եւ ապա դոկտորական տիտղոսով: Անոր հետաքրքրութիւնները կեդրոնացած են արաբական թափառաշրջիկ եւ քաղքենի դասակարգերու բաղդատութեան ուսումնասիրութեամբ: Հեղինակած է աւելի քան տասը երկեր ընկերաբանական պատմութեան ծիրին մէջ: Անարդարութեան հանդէպ բուռն հակազդեցութիւն ունեցած է:
Դոկտ. Ալի Ալ Ուարտի Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ արդար կեցուածք ունեցած է անկախ իր կրօնական պատկանելիութենէն: Ան խիստ կերպով քննադատած է անոնց, որոնք իսլամ կրօնքի ուսմունքները բացատրած են այնպէս՝ ինչպէս իրենց հաճոյ կու գայ, որոնց կարգին թուրք իսլամ կրօնաւորները, որոնք երեւակայածին պատմութիւններով եւ անտրամաբանական հետեւութիւններով փորձած են արդարացնել թուրքերու հայեր սպաննելու ոճիրներն ու նենգ արարքները կրօնական քօղի տակ: Դոկտ. Ալի Ալ Ուարտի իր մանկութեան եւ պատանութեան տարիներուն ականատես եղած է հայոց տառապանքներուն, ինչպէս նաեւ հայոց գոյատեւելու եւ ստեղծելու անկոտրում կամքին: Այս իրողութիւնը պատճառ դարձած է որ ան իր երիտասարդութեան անդրադառնայ հայոց կոտորածներուն եւ թուրքին վայրագութեան հարցին ու արդարօրէն վերլուծէ անցեալի դէպքերը իբրեւ ընկերաբանական պատմաբան:
Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի գահակալութենէն ետք հայ ազգը տեսաւ ամենէն վայրագ կոտորածները, որոնք ցնցեցին ամբողջ Եւրոպայի հանրային եւ պետական կարծիքը: «Նոյնիսկ թուրքերէն շատեր ապշեցան կատարուած ջարդերուն ահաւորութեան դիմաց», կ’ըսէ պատմաբան դոկտ. Ալի Հիւսէյն Մուհսին Ալ Ուարտի (էջ 26): Եւրոպացիները Ապտիւլ Համիտը կոչեցին «կարմիր սուլթան»: Կոտորածները տեղի ունեցան հայկական վեց նահանգներու մէջ, ռուսական սահմանին մօտ: Ասոնցմէ առաջինը պատահեցաւ 1894-ի Հոկտեմբերին եւ մօտաւորապէս երեք տարի տեւեց: Երբեմն սպանդը կը սաստկանար եւ երբեմն կը մեղմանար, սակայն երեք տարի շարունակ չդադրեցաւ: Դոկտ. Ալի Ալ Ուարտի հայ զոհերուն թիւը կ’արձանագրէ հարիւր հազար: Ուրիշ պատմաբաններ կը հաստատեն երեք հարիւր հազար եւ ոմանք ալ կ’ըսեն թէ մօտաւորապէս կէս միլիոն զոհ տուաւ հայութիւնը:
«26 Օգոստոս 1896-ի Օսմանեան պանքի հայոց գրաւման փորձէն ետք, Կ. Պոլսյ թուրք զինուած խուժանը հայկական թաղերու մէջ մօտաւորապէս 5-6 հազար հայեր սպաննեց» (էջ 26), կը հաստատէ պատմաբան դոկտ. Ալի Ալ Ուարտի: Թուրք պաշըպօզուք խուժանը բահերով, բրիչներով եւ սուր գործիքներով կոտորեց հայերը: Սպանդը երեք օր տեւեց:
Եւրոպացի պատմաբաններ եւ քաղաքական դիտորդներ այն օրերուն դատապարտեցին սուլթանը իբրեւ վերոյիշեալ ջարդերուն միակ կազմակերպիչն ու հրահրողը: Վերլուծաբաններ սուլթանի վայրագ վարուելակերպը կը վերագրեն անոր հոգեբանական բարդոյթին՝ հայ մօրը հանդէպ ատելութեան: Սուլթանը շատ կը նեղուէր ու բարկանար այս մասին շրջող տարաձայնութիւններէն եւ սաստիկ կ’ատէր հայերը: Ասոր մասին գերմանացի պատմաբանուհի Վաթլեր կ’ըսէ. «Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ը որ ընդհանրապէս հանդարտ եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշում ունէր զանազան հարցերու նկատմամբ, կ’այլալէր ու չափազանց անողոք կը գտնուէր Հայաստանի նկատմամբ: Անոր ատելութիւնը հայոց հանդէպ կը ջլատէր ամէն բանականութիւն եւ հանդարտութիւն, որովհետեւ անոր մօրը հարցը մթագնած էր սուլթանի ամբողջ կեանքը եւ զայն կասկածի մթնոլորտի մը մէջ խեղթած» (էջ 27): Այս իրողութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ գիտնալու թէ սուլթանին հոգեբանական բարդոյթը կը կայանար անոր մէջ, որ ինք միշտ մարդոց կ’ուզէր յիշեցնել թէ հայկական ծագում չունի եւ կոտորուող հայոցմէ մէկը չէ: Ան կը փորձէր իր անձին եւ հայոց միջեւ անդունդ մը ստեղծել, հանգիստ սիրտով ուրանալու համար իր հայուհի մայրը: Ուրիշ ազդակ մըն ալ կայ որ իր մէջ բուռն կերպով կը գործէր, այն է թէ ան մոլեռանդ իսլամ դարձած էր մանկութեան ստացած կրօնական ծայրահեղ դաստիարակութեան պատճառով եւ կ’ատէր քրիստոնեաները:
Պատմաբան դոկտ. Ալի Ալ Ուարտի կ’ըսէ թէ ամէն պարագայի տակ ճիշդ չէ հայկական կոտորածներու լրիւ յանցանքը սուլթանին վրայ բեռցնել, որովհետեւ թուրք մոլեռանդ իսլամ ամբոխը արդէն քրիստոնեաներ սպաննելու պատրաստ էր եւ դոյզն ազդանշանի մը կը սպասէր: Հայաստանի մէջ հայերն ու թուրքերը կ’ապրէին իրար դրացնութեամբ եւ անոնց միջեւ դարերու ոխ ու ատելութիւն կար: Հայերէն զգալի թիւով երիտասարդներ Եւրոպա կ’երթային եւ կ’ուսանէին: Անոնք հայրենիք վերադառնալէ յետոյ իրենց ամբարած յեղափոխական եւ նորարարական ու ազատամիտ գաղափարները կը տարածէին քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ: Թուրքերը այս երեւոյթը հաշտ աչքով չէին դիտեր եւ ոխով ու ատելութեամբ կը լեցուէին հայոց հանդէպ: Եթէ երբեք հայկական լսարաններու, եկեղեցիներու եւ ակումբերու մէջ խօսուած ճառերը քաղաքականապէս եւ ընկերային գետնի վրայ կը զարգացնէր հայ հասարակութիւնը, թուրքերը արդէն իսկ շատոնց իրենց մզկիթներուն մէջ արտասանուած հրահրող ճառերով կը լեցնէին թուրք եւ քիւրտ հասարակութեան միտքերն ու հոգիները հայոց դէմ: Անոնք ամէն օր թոյն կը թափէին հայոց գլխուն: Նոյնիսկ բարենորոգման համար առաջարկուած հայոց միտքերը անոնք կ’ընդունէին իբրեւ անջատողական քայլեր եւ յեղափոխութեան պատրաստութիւն:
Մէկ կողմէ հայոց ու միւս կողմէ թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ տիրող վերոյիշեալ մթնոլորտին մէջ, հրահրողներ, չարիք ծրագրողներ եւ խառնողներ պակաս չէին: Անոնք կը գործէին թուրք կրօնաւորներու եւ տգէտ քիւրտ աշիրաթապետերու միջոցով: Ասոնք սուտ ու շինծու պատմութիւններ յօրինելով թուրք եւ քիւրտ հասարակութիւնը կը գրգռէին հայոց եւ քրիստոնեաներու դէմ: Հեղինակը՝ դոկտ. Ալի Ալ Ուարտի այսպիսի սուտ ու երեւակայածին պատմութիւններէն մէկը կը յիշէ իր գիրքին մէջ, ուր կ’ըսէ թէ թուրք մոլլա մը որ Մուհամմէտ մարգարէին գերեզմանը կը հսկէր, իբրեւ թէ երազին մէջ մարգարէն երեւալով մոլլային յայտնած էր թէ մեռելներու յարութիւնը մօտ է եւ իսլամները պարտաւոր են ոչ միայն հեռու մնալ պիղծ քրիստոնեաներէն, այլ պէտք է որ հալածեն ու սպաննեն զանոնք եւ խափանեն անոնց չարիքը: Թուրքերուն եւ քիւրտերուն կ’ուսուցուէր թէ հայերը չարիքի մարմնացում են: Այս «չքնաղ» ու նեխած գաղափարը «թերթիկներու միջոցաւ թուրքերը տարածած են ժողովուրդին մէջ եւ լաւապէս յաջողած հրահրել թուրք եւ քիւրտ հասարակութիւնը ու զայն ոտքի հանել հայոց դէմ» (էջ 28): Իբրեւ արդիւնք այդ վատ «հնարամտութեան», բազմահազար թուրքեր եւ քիւրտեր զինուած բահերով, բրիչներով եւ խոհանոցային դանակներով յարձակած են իրենց հարեւան հայոց վրայ եւ անոնցմէ հազարներով անմեղ այրեր, կիներ, աղջիկներ ու մանուկներ սպաննած: Թուրքերն ու քիւրտերը հրաշքով ողջ մնացածները իրենց տուներէն հանելով կրակի տուած են անոնց բնակարանները: Վայրենի թուրքերն ու քիւրտերը կոտորածներու ընթացքին գեղեցիկ հայ հարսերն ու աղջիկները առեւանգած են եւ իրենց հարէմներուն մէջ պահած:
Դոկտ. Ալի Հիւսէյն Մուհսին Ալ Ուարտի պայծառամիտ ընկերաբանական պատմաբանը յաջողած է առանց ոեւէ կաշկանդումի անաչառօրէն վերլուծել համիտեան կոտորածներու հոգեբանական եւ ընկերային կողմերը՝ միշտ յիշելով եւ բացատրելով անոնց դրդապատճառները, առանց արդարացնելու զանոնք: Ապտիւլ Համիտի հայոց նկատմամբ վայրագ վարուելակերպի իր նկարագրութեան եզրակացութեան մէջ պատմաբանը կը յիշէ կարեւոր կէտ մը, թէ Ապտիւլ Համիտ իրօք հմայուած էր այն իրողութեամբ որ ինք աշխարհի բոլոր իսլամներուն հոգեւոր պետն է, այսինքն՝ Խալիֆան (էջ 28): Ուստի ան կը ձգտէր աշխարհի իսլամները իր մականին տակ միացնել: Այս «սուրբ» գործին ընթացքին առջեւ քրիստոնեաները եւ մանաւանդ հայերը արգելք էին իրեն համար: Ուստի սուլթանը կը ջանար ու կը փորձեր վերացնել զանոնք:
Ընկերաբանական պատմաբան դոկտ. Ալի Հիւսէյն Մուհսին Ալ Ուարտիի հայոց նկատմամբ վերոնշեալ մատնանշումները կարեւոր վաւերագրութիւն են արաբ ընթերցողին, թէ թուրք վերնախաւը օգտագործած է Իսլամ կրօնքը իր շահերուն համար, առանց տարբերութիւն դնելու միջոցներուն մէջ: