ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Զահլէի Տեղական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Կիրակի , 6 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Զահլէի ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Ալեք Մանուկեան կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ եզակի դասախօսութիւն մը՝ համշէնահայերու եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի Հերոսներուն մասին:
Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետ Աւօ Փամպուքեան ներկայացուց օրուան բանախօս, միջազգային լրագրող Համօ Մոսկոֆեանը, ապա զինք հրաւիրեց բեմ:
Յարգելի բանախօսը կատարեց մինչեւ մեր օրերը Համշէնի պատմականը, կրօնափոխ հայերու իրավիճակը, ինչպէս նաեւ իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ ունեցած անձնական հանդիպումները: Դասախօսութեան աւարտին, ան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:
AGBU-AYA Antranik-Zahle Local Committee organized a lecture about Hamshen and Iraqi Kurdish heroes on Sunday, December 6, 2015 at 11:00 AM in AGBU-AYA Alec Manougian Center, Zahle. Key note speaker was international journalist Hamo Moskofian.