ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ, 1-2 Փետրուարին, հայագիտութեան նուիրուած ուսանողական գիտաժողովներ տեղի պիտի ունենան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) «Ռոյս» շէնքի թիւ 314 սրահին մէջ:
Պսակաւոր արուեստից վկայականի ուսանողներու ուսումնասիրութեանց նուիրուած 1 Փետրուարի գիտաժողովը պիտի սկսի կ.ե. ժամը 3։30-ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ երեկոյեան ժամը 7։
Մագիստրոսի կամ դոկտորականի ուսանողներուն յատկացուած գիտաժողովը պիտի կայանայ 2 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն երեկոյեան ժամը 6։ Գիտաժողովը իր տեսակով 16-րդն է նշեալ համալսարանին մէջ:
Այս գիտաժողովներուն ընթացքին, 13 ուսանողներ պիտի ներկայացնեն հայագիտութեան առնչուող զանազան ուսումնասիրութիւններ. երկու գիտաժողովներու աւարտին եւս տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Նաեւ, 2 Փետրուարի գիտաժողովի հիւր բանախօսն է Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, իսկ Փետրուար 1ի գիտաժողովին ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն նաեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղէն ուսանողներ։
Գիտաժողովներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://nelc.ucla.edu/agsc/agsc-program կայքէջը: