Անդրանիկ Տագէսեան
ԾԽ.- Ստորեւ կը հրատարակենք 13 Նոյեմբեր 2019-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանին մէջ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 39-րդ հատորի շնորհանդէսին Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի խօսքը իր շահեկանութեան համար:
Սիրելիներ,
Թերեւս ոմանք խօսքս ոչ-աւանդական տեսնեն: Պիտի խնդրեմ որ չխրտչինք, այլ մտածենք: Հաւանաբար, ցորենի հատիկի չափ տրամաբանութիւն մը գտնենք մէջը:
Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան ծնունդէն անցած է 30 տարի:
Ինծի կը թուի սակայն, թէ 30 տարուան փոփոխութեան չենք ենթարկուած մենք:
30 տարի առաջ յառաջացած հայ նոր իրականութիւնը տակաւին լիարժէք ընկղմած չէ մեր մտադրոյթին մէջ: 30 տարիներու ծանրութեամբ չէ փոխուած մեր ընթացքը, կենցաղը, աշխարհընկալումը եւն.:
Ակնկալելի էր, որ Գ. Հանրապետութիւնը ըլլայ այն քաթալիզաթորը որ մեզ վերափոխէ:
«Մեզ» ըսելով նկատի ունիմ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ թէ՛ Սփիւռքը իր ամբողջ հայկականութեամբ եւ առնչութիւններով:
Երրորդ հանրապետութեան ծնունդի երկրաշարժը կարծէք թէ տակաւին պէտք եղած տեղաշարժը չէ յառաջացուցած հայոց տիեզերքին մէջ:
Ընդհանուր վերափոխման այս գործընթացէն զերծ չի կրնար մնալ Հայագիտութիւնը: Ինծի կը թուի թէ այսօր մենք տակաւին մեր երէկին մասին աւելի կը գրենք, քան՝ այսօրին մասին:
Այսինքն, Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան երեսնամեայ կենսագործունէութեան մասին տարեկան գիտահետազօտական աւելի քիչ յօդուած լոյս կը տեսնէ քան՝ զայն նախորդող շրջանին մասին: Ասիկա կը կարծեմ որ լուրջ վերատեսութեան կարիք ունի:
Հայագիտութիւնը Գ. հանրապետութեան հռչակումէն ետք պէտք չէ՛ ըլլայ ա՛յն՝ ինչ որ էր անկէ առաջ: Չէ՞ որ հայագիտութիւնը Խորհրդային Հայաստանի յառաջացումէն առաջ այնպէս չէ՛ր ինչպէս եղաւ անկէ ետք:
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի խմբագրակազմը շուրջ երկու տասնամեակ առաջ արդէն յայտարարած էր թէ հայագիտութիւնը կը դաւանի աւանդականէն աւելի լայն ըմբռնումով: Այսինքն հայագիտութեան սահմաններուն մէջ կը տեսնէինք որեւէ հայկական հաւաքականութեան մասին հոգեբանական, տնտեսական, ընկերային, կրթական, քաղաքական, գիտական, բժշկական, եւ հասարակագիտական այլեւայլ բնոյթի գիտական ուսումնասիրութիւն:
Սակայն, չբաւարարուելով այսքանով, խմբագրակազմս կատարեց մէկ կարեւոր քայլ եւս. մենք սկսանք շեշտաւորել «այժմէական հայագիտութիւն» հասկացութիւնը, ընդգծելով հայագիտութիւնը մերօրեայ կեանքին, հայկական այժմէական խնդիրներուն կապելու էականութիւնը:
Արդ, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 39-րդ հատորի այս շնորհանդէսին եւ Հանդէսի 50-ամեակի ու 40-րդ հատորին նախաշէմին, կը փափաքիմ յայտնել, որ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը յատուկ ճիգ պիտի ընէ ընդգրկելու Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին երեսուն տարիներու կենսագործունէութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւններ: Յիրաւի, ժամանակն է որ գրուի Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան կուսակցական կեանքին, խորհրդարանական բազմաթիւ ընտրութիւններուն եւ խմբակցութիւններուն, պետական պիւտճէին, պետական ընկերային թէ արտաքին քաղաքականութեան, կրթական համակարգին, տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան եւ շատ ուրիշ ոլորտներուն մասին: Համոզուած եմ, որ նման ճիգը կ’օգնէ որ մենք զմեզ աւելի շուտ սկսինք զգալ իբրեւ պետականատէր ազգ եւ ըստ այնմ վարուինք ու ապրինք:
Սխալ չհասկցուինք: Հանդէսը պիտի շարունակէ տեղ տալ հայագիտութեան աւանդական թէ այլ բնագաւառներուն, սփիւռքագիտութեան, առաւել ուշք դարձնելով այդ նիւթերուն արխիւային երեսակի այժմէական խնդրականութեամբ հարցադրումներուն: Հանդէսը պիտի շարունակէ քաջալերել եւ սատարել երիտասարդ հետազօտողները:
Հասկնալի է, որ այս բարեփոխութիւնը կարելի պիտի չըլլայ իրականացնել միանգամայն: Սակայն, Հանդէսը, մանաւանդ որ ան կը գիտակցի թէ ըլլալով Սփիւռքի մէջ հրատարակուող միակ հայալեզու տարեգիրքը, չունի պերճանքը իրապէս դժուարին պայմաններով իրեն տրամադրուած հնարաւորութիւնները ըստ հաճոյս գործածելու, այլ պէտք է ձգտի ռազմավարական ելակէտերու, քննական մօտեցումի, առաւելագոյն օգտաշատութեան եւ երկարատեւ արդիւնաբերութեան չափորոշիչներով օգտագործման դնել իր սուղ հնարաւորութիւնները:
Այժմէական հայագիտութիւնպը պիտի մղէ հայագիտական ընթերցողը որ մտածէ ու գործէ այժմէական մտասեւեռումով եւ պետականատէր ազգի տեսլականով:
Սիրելիներ, օգնեցէք մեզի: