ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ընդհանուր քարտուղար` Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն
«Սփիւռքը զգուշ պէտք է ըլլայ թէ՛ հայաստանակեդրոն, եւ թէ՛ սփիւռքակեդրոն մտածողութեան մէջ ինքզինք բանտարկելէ: Իր կիզակէտը պէտք է դառնայ հայակեդրոն մտածողութեան զարգացումը»:
ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի տարի»` նպատակ ունենալով սփիւռքը «վերակազմակերպել եւ վերաշնչաւորել»:
«Ազդակ» այսօր կը յիշատակէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը: Եթէ ամեակներ լաւ առիթներ են յիշատակելու անցեալն ու այն բոլոր երախտաւորները եւ նուիրեալները, որոնք հայապահպանման ջահը միշտ վառ փորձեցին պահել մամուլին միջոցով, բայց նաեւ առիթ է խօսելու ներկայի ու ապագայի տեսլականին մասին:
«Ազդակ» այսօր` ի գին բազմաթիւ զոհողութիւններու, Լիբանանի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ճգնաժամին մէջ ամուր ու անսասան կանգնած է հայապահպանումի մեծ առաքելութեան մէջ: «Ազդակ»-ի հայապահպանումը նպատակասլաց է: Այսօր ան կը տքնի կերտելու «հայակեդրոն» ռազմավարութիւն մը` մէկ կողմէ զարկ տալով հայկական իրականութեան ընդհանրապէս, եւ միւս կողմէ իր երդիքին տակ համախմբելով հայաստանեան, արցախեան եւ սփիւռքեան տարբեր միտքերն ու կարողականութիւնները մասնաւորապէս: «Ազդակ» կուսակցական պաշտօնաթերթ է, բայց ան իր հայակեդրոն ռազմավարութիւնը մշակեց եւ զարգացուց` իր չորս կողմը համախմբելով մէկ կողմէ հրապարակագիրներ, բայց նաեւ մտաւորականներ եւ բարեկամներ, որոնք, տարբեր մտածողութիւններ ունենալով հանդերձ, «Ազդակ»-ը կը տեսնեն իբրեւ հայութիւնը համախմբող յատակագիծ:
Արամ Ա. վեհափառ կը գրէ. «Սփիւռքը կրնայ իր կարեւոր նպաստը բերել համահայկական մտածողութեան մշակման` համահայկական օրակարգի մը ենթահողին վրայ»: Այս իմաստով «Ազդակ» նոյնքան կարեւոր նպաստ կը բերէ, երբ իր չորս կողմը կը հաւաքէ հայկական միտքեր եւ զարկ կու տայ հայկական մտածողութեան: «Ազդակ» նոյնքան նախանձախնդիր է` համահայկական օրակարգ ստեղծելու իր ջանքերով: Այս ջանքի արգասի՞քը: Լսարաններու երկար շարքն է, ուր հայկական տարբեր նիւթեր, մտահոգութիւններ եւ օրակարգեր մէկը միւսին ետեւէն, տարբեր մասնագէտներու կողմէ` տեղեկատուութեան աշխարհի ընձեռած կարելիութիւններուն միջոցով առցանց կը հաւաքէ ու կը համադրէ հայկական եւ ազգային միտքը: Այս հայ միտքերը կը ներառեն Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքի տարբեր գաղութները, այսպիսով «Ազդակ»-ի մամլոյ առցանց լսարանը կը դառնայ լաւ ենթահող մը` համահայկական տարբեր օրակարգերու քննարկման, միտքերու փոթորկման, առաջարկներու ներկայացման եւ հաւանական լուծումներու որոնման:
Վեհափառ հայրապետը «հզօր Հայաստան-հզօր սփիւռք» տեսլականը կը նկատէ ազգային ռազմավարութեան հիմք եւ նպատակակէտ: Այս նպատակակէտը լաւագոյնս յաջողցնելու համար անհրաժեշտ է հայուն եռամիասնութիւնը` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, ամրացնել: «Ազդակ» այս առումով ալ իր կարեւոր մասնակցութիւնը կը բերէ այս եռամիասնութիւնը գօտեպնդելու: Եթէ մէկ կողմէ հայաստանեան, արցախեան եւ սփիւռքեան իրադարձութիւններուն իր մեկնաբանութեամբ, բայց նոյնքան նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի տեղեկատուութեան միջոցներուն հետ ամուր կապեր հաստատելով:
Մամուլը հաւաքականութեան մը բազկերակն է: Այսպէս ըսուած է եւ ընդունուած: Բազկերակը, որ կը տրոփէ եւ կը շարունակէ տրոփել բազում նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ, կը նշանակէ, թէ հաւաքականութիւնը ունի կեանք եւ անիկա ապրող իրականութիւն է: Մամուլը եթէ բազկերակ է, այդ կը նշանակէ, թէ անիկա հաւաքականութեան ապրող եւ ապրեցնող լաւ ցուցանիշ մըն է: Եթէ մէկ կողմէ ապրեցնող եւ խթանող, բայց նոյնքան նաեւ զգաստացնող միաւորն է: Ահա թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդը եկեղեցւոյ եւ դպրոցին կողքին նաեւ զարկ տուաւ մամուլին` իր վերապրելու հրամայականին համար, յատկապէս յետեղեռնեան ժամանակաշրջանին, հայկական սփիւռքներու կազմաւորումին ընթացքին:
«Ազդակ» հայ ժողովուրդի մամուլի մէկ լաւ բազկերակն է, որուն տրոփը հայակեդրոն է եւ նպատակասլաց: Այս հայակեդրոն տրոփումը «Ազդակ» կը կեդրոնացնէ համահայկական օրակարգերու ենթահող ստեղծելով:
Շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ի 95 տարիներու կեանքը կերտած իւրաքանչիւր նուիրեալին: Մեր մաղթանքն է, որ «Ազդակ» շարունակէ նոր ամեակներ կերտելու իր տեսլականը: Ինչո՞ւ նոր ամեակներ ստեղծելու տեսլական: Որովհետեւ հայը պիտի շարունակէ ապրիլ իր պատմութիւնը իր հարազատութեամբ եւ հպարտութեամբ: Հարազատ եւ հպարտ պատմութիւնը հայակեդրոն իրականութեան մէջ եւ անոր միջոցով է:
«Ազդակ» կը հանդիսանայ հայակեդրոն օրակարգ ստեղծող մամուլի ջատագով մը: Մամուլի օրկան մը` հայակեդրոն օրակարգով, որ կ՛ապահովէ հայուն պատմութեան զետեղումը շարունակականութեան երթին վրայ:
Շնորհաւորութիւններ «Ազդակ»-ին եւ նաեւ շնորհակալութիւն ազգային այս կարեւոր առաքելութիւնը ստանձնած իր այս նուիրական առաքելութեան համար:
Բարի երթ նոր ամեակներու:
Քուէյթ