ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
«Եղբայրութեան կամ թէ սիրոյ» բանաստեղծութիւնը որոշակիօրէն կը յիշեցնէ Կէօթէի «Կոփտական երգը»(1), որուն վերջին տողը` «Մուրճ կամ զնդան պիտի լինես», Իսահակեանը նոյնութեամբ փոխ առած է իր ոտանաւորին մէջ:
«Մուրճ կամ զնդան» արտայայտութեամբ բանաստեղծը դրած է հասարակական ծաւալուն իմաստ` իշխելու եւ հնազանդելու, տիրոջ եւ ծառայի հակադրութիւնը:
Պատմական կարեւորութեան համար կ՛արժէ այստեղ ներկայացնել Կէօթէի «Կոփտական երգ» բանաստեղծութիւնն ու անոր մտայղացման պատճառները, որոնք հիմք ծառայած են Իսահակեանի «Եղբայրութեան կամ թէ սիրոյ» բանաստեղծութեան:
Կոփտական երգ
Ե՜կ, ականջ դի՜ր դու խորհուրդիս –
Ջահել օրդ թանկ է, որդի˜ս,
Տքնի՜ր, որ շուտ խելօքանաս,
Քանզի բախտի նժարը մեր
Տատանւում է միշտ վար ու վեր`
Պիտի իջնե՜ս կամ բարձրանաս,
Պիտի իշխե՜ս ու նուաճես
Կամ ծառայես ու նահանջես,
Պարտուե՜ս եւ կամ յաղթող ելնես,
Մուրճ կամ զնդան պիտի լինե՜ս(2):
Արտասովոր է Կէօթէի «Կոփտական երգ»-ին ճակատագիրը: 1787-ին, դէպի Իտալիա կատարած իր ճամբորդութեան միջոցին, Կէօթէ կը ծանօթանայ արկածախնդրութիւններուն իտալացի ալքիմիկոս եւ ոսկի խարդախող Ճուզեփփէ Պալզամոյի, որուն այդ շրջանին Հռոմի պապը բանտ նետած էր: Հին եգիպտական ղպտի քուրմի իմաստութիւն ունեցող գերմանացի մեծ բանաստեղծը իր պատանի ժամանակակիցին կը սորվեցնէ մարդ դառնալու եւ կեանքի դաժան պայմանները դիմակայելու դժուարին արուեստը: Բանտը Կէօթէ կը նմանցնէ երկրին, իսկ մուրճը` երկրի տիրակալին:
Հետագային Կէօթէի այս պզտիկ բանաստեղծութիւնը պիտի հնչէր ֆաշիստական բանտերուն մէջ, իսկ «մուրճ եւ զնդան, բանտ» խորհրդանիշները պիտի դրոշմուէին Արեւելեան Գերմանիոյ պետական դրօշին:
Այդ բանաստեղծութիւնը առաջին նկատողներէն եղած է Աւետիք Իսահակեան: Եւ բնականաբար առաջիններէն մէկն էր, որ 20-րդ դարասկիզբին թափանցեց Կէօթէի բանաստեղծութեան ընկերային խորքը: Վարպետի ձեռագիրներու հաւաքածոյին մէջ պահպանուած է իր իսկ ձեռքով ընդօրինակուած «Կոփտական երգ»-ի («Kopհtisches Lied») գերմաներէն բնագիրը(3): Ասիկա անգամ մը եւս կը վկայէ Կէօթէի բանաստեղծութեան նկատմամբ անոր ունեցած յատուկ հետաքրքրութիւնն ու ուշադրութեան մասին:
Պէտք է ըսել, որ 16 դեկտեմբեր 1900-ին, գտնուելով Ցիւրիխի մէջ, 25 տարեկան Իսահակեանը իր յուշատետրին մէջ գրի առած է խոհեր, որոնք զգալի չափով նախապատրաստած են յիշեալ բանաստեղծութեան մտայղացումը. «Ես զարկուած եմ. հասարակութեան, կեանքի, օրէնքներու, պայմաններու հսկայական մուրճերու տակ զարկուած եմ»,- կ՛ըսէ բանաստեղծը: – «Այդ բոլորի հետ միասին այդ տիտանական ծանր հարուածներու, ճնշումներու տակ ես բիւրեղացած եմ, ինչպէս ադամանդը բիւրեղանում է քարածուխի հսկայական լեռներու ծանրութեան եւ ճնշման տակ»(4): Տիրապետող հասարակութեան կարգն ու օրէնքը իբրեւ հարուածող մուրճ` այս պատկերը ստեղծագործական հասունացման երկար գործընթացէ անցած է, մինչեւ որ տարիներ յետոյ վրայ հասած է իրականութեան ճնշման այն գագաթնակէտային պահը, երբ բանաստեղծական պատկերը չափ ու ձեւ կը ստանայ եւ դուրս կը պո-ռթկայ տառապած հոգիէ: Ըմբոստ բանաստեղծութիւնը կը ծնէր այնպէս ինչպէս յեղափոխութիւնը` բռնադատող հասարակութեան հարուածներու տակ:
Այսպիսով, Իսահակեանի «Եղբայրութեան կամ թէ սիրոյ» բանաստեղծութեան հիմնական թեման եղբայրութեան, արդարութեան, անհաւասարութեան, մէկ խօսքով, սեւի եւ ճերմակի շեշտադրումն է, կեանքի եւ մահուան առեղծուածի փիլիսոփայական ըմբռնումն է, որ բնորոշ դարձաւ Իսահակեանի ստեղծագործութեան մէջ:
Ուրեմն ժողովուրդը կը տառապի տիրակալի քմահաճ հարուածներու տակ, այս է բանաստեղծի կողմէ իր ժամանակի աւատատիրական տիրող իրականութեան ժողովրդավարական ընկալումը: Մարդ անհատի ընկերային կեցութեան մէջ երկուութեան մէջ կ՛արտացոլէր հասարակական յարաբերութիւններու հակառակ բնոյթը, Իսահակեանի համոզումով մարդէ կախուած է` ըլլալ հարուածող մո՞ւրճ, թէ՞ ծեծուող զնդան:
Ուրեմն ան, որ չի ցանկար զնդան ըլլալ, պէտք է մուրճ ըլլայ: Այս ճշմարտութիւնը անհրաժեշտ է, որ լիովին ըմբռնենք:
Հետեւաբար, բանաստեղծութեան պատգամը յստակ է. դուն պիտի պարտուի՛ս, կամ յաղթես: Դուն կը պարտուիս՛ եթէ քու միտքդ ու ձեռքերդ ի սպաս դնես խաղաղ ու յառաջադէմ կառուցողական գործին` յանուն ժողովուրդիդ ու քու հայրենիքիդ: Միջին ճանապահ չկա՜յ: Դուն իրաւունք չունիս զնդան ըլլալու, այլ պիտի ըլլաս մուրճ:
Բանաստեղծութեան մէջ, կրկներգի նման, իբրեւ բազմազանութիւն, կրկնուած է միեւնոյն ներհակ գաղափարը «Տէր կամ ստրուկ պիտի լինիս», «Լուծ կամ լծկան պիտի լինիս», «Մո՛ւրճ կամ զնդան պիտի լինիս», որուն կը հետեւի բանաստեղծին անփոփոխ, միակ գտնուած եզրայանգումը` «Ճշմարտութի՛ւն չկայ ուրիշ»: Այդ միակ ճշմարտութեան իսկական իմաստը, սակայն, այն է, որ չի կրնար ըլլալ որեւէ ճշմարտութիւն հասարակարգի մը մէջ, ուր կ՛իշխէ տիրոջ եւ ստրուկի օրէնքը:
Ձայնակցելով գերմանացի վարպետին` երեսնամեայ հայ բանաստեղծը ցոյց կու տայ, որ 20-րդ դարու սկիզբը քաղքենիական իրականութեան մէջ «Մո՛ւրճ կամ զնդան», «տէր կամ ստրուկ» երկընտրանքը նոյնքան եւ աւելի ճակատագրական էր, որքան անկէ 120 տարի առաջ` Կէօթէին ժամանակակից աւատատիրական-դասային իրաւակարգի մէջ:
Իսահակեանին սրտամօտ են «Կոփտական երգ»-ի հեղինակին խորհրդածութիւնները բախտի մեծ կշիռքի նժարի վրայ իջնող ու բարձրացող մարդու մասին, որուն հասարակական դերակատարութիւնը պարփակուած է ընկերային կեցութեան երկու ծայրակէտերու միջեւ` իշխել կամ ծառայել, նուաճել կամ նահանջել, յաղթել կամ պարտուիլ, մէկ խօսքով` մուրճ կամ զնդան ըլլալ: Ամբողջ բանաստեղծութեան մէջ Իսահակեանը կարծես խռովայոյզ առեւտուրի մէջ է գերմանացի իմաստունին հետ, բայց ան ոչ միայն կը հաւաստիացնէ նոր սերունդի անփորձ պատանիին ուղղուած հանդարտօրէն խոհուն Կէօթէի խրատներու իսկութիւնը, այլ հրեղեն խօսքով կը բերէ իր պատգամները` ուղղուած իր ժամանակի տառապած մարդուն, եւ անոր խօսքը կը հնչէ ոչ իբրեւ խրատ, այլ` որպէս հրամայական:
Որքան ալ ցասումով Իսահակեանը ոտքի տակ կը նետէ չարի եւ բարիի պատգամները, բայց ընթերցողը, հաւատալով անոր արդար ցասումին, չի հաւատար, սակայն մարդասէր բանաստեղծը կրնայ դրժել եղբայրութեան եւ սիրոյ իր դաւանած նուիրական տիպարները:
Իսահակեանի «Եղբայրութեան կամ թէ սիրոյ» բանաստեղծութիւնը, ապա ան եւս գտած է իր արձագանգը հետագայ շրջանի հայ բանաստեղծութեան մէջ, թէեւ մեկնաբանուած է միանգամայն այլ ոգիով:
1950-ական թուականներու Իսահակեանի արած մէկ համեստ խոստովանութիւնը աւելի քան յստակ է, «մուրճի» եւ «զնդանի» խորհուրդը եւ անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ կէս դար առաջ գրած անոր բանաստեղծութեան ներքին ազդակը ոչ թէ մարդ-անհատի փոփոխական ճակատագիրն էր, այլ` հարազատ ժողովուրդին վիճակուած ընկերային չարիքն ու ազգակործան աղէտը. «Այն միտքը, որ ես արտայայտել եմ, թէ «Մո՛ւրճ կամ զնդան պիտի լինիս», դա ճիշդ է, որովհետեւ, երբ հայ մարդը տեսնում էր, որ իր աչքի առաջ ոչնչացնում են իր ժողովրդին, շահագործում եւ ճնշում նրան, նա պէտք էր մի բարկութեան նշան արտայայտէր: Այդ բոլորը դառնութեան հետեւանք է» : Ազգային աղէտի տագնապը կը ստիպէ բանաստեղծին մէկ կողմ նետել իր քարոզած մարգարէական պատգամները եւ, Կէօթէի նման, անողոք ճշմարտութեան խօսքը ուղղել իր ժողովուրդին` դուն դարերով եղած ես զնդան, հիմա դուն մուրճ պիտի ըլլաս:
Ազգային եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան 2008-ին յատուկ ձայնագրութեամբ մը հրապարակ իջեցուց երգ մը միայն` Աւետիք Իսահակեանի «Եղբայրութեան կամ թէ սիրոյ» բանաստեղծութիւնը` «Ճշմարտութիւն» վերնագրով: Սակայն, 2009-ին վերոնշեալ երգը Գառնիկ իր նոր` «Յուշեր» ձայնասկաւառակի երգացանկին մէջ ներառեց:
Երգի երաժշտութեան հեղինակն է երաժիշտ-երգահան Սեդօ Պաղտասարեանը: Ան ծնած է 19 սեպտեմբեր 1953-ին, Հալէպ: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի Ազգ. Սահակեան վարժարանին մէջ, ապա տարի մը յաճախած է Ամերիկեան քոլեճ: 1968-ին ընտանիքին հետ վերջնականապէս կը հաստատուի Պէյրութ: Երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճին մէջ, ուր դպրոցական ամավերջի հանդէսներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նուագակցութեամբ:
Հօրը հետ արհեստի բերումով ճամբորդած է արտերկիր, հետագային Թրիփոլի, ապա կրկին հաստատուած` Պէյրութ:
Սեդօ Պաղտասարեան երաժշտութեան ասպարէզին մէջ նախ սկսած է նուագել սոլօ կիթառ, ապա, տարիներ ետք, ստեղնաշարային գործիքներ: Սկզբնական շրջանին յաջորդաբար մաս կազմած է «Huntsman», «Bandali», Յարութ Պալեանի, «Surprise» նուագախումբերուն: «Surprise»-ի մէջ` որպէս սոլօ կիթառահար եւ երգող: Իր կիթառի ասպարէզին վերջ տուած է, երբ Ճօ Պարութճեանի խումբին մէջ սկսած է նուագել:
1982-ին տան մէջ հիմնած է անձնական փոքր սթիւտիօ մը, որմէ խանդավառուած` կը սկսի յօրինել երգեր եւ իր ձայնով կը ձայնագրէ: Այս փոքր սթիւտիոյին պահանջը կը բազմապատկուի երգիչներու կողմէ, որ պատճառ կը հանդիսանայ լրջօրէն սթիւտիոն մեծցնելու մասին մտածելու, այնուհետեւ կը տեղափոխէ սթիւտիոն:
Ստեղնաշարային գործիքներու նուագակցութեամբ իր մասնակցութիւնը բերած է ներլիբանանեան եւ Լիբանանէն դուրս հայ եւ արաբ անուանի բազմաթիւ երգիչներու ելոյթներուն:
Սեդոն յօրինած է բազմաթիւ սիրային, ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգեր, որոնց խօսքն ու երաժշտութիւնը իրեն կը պատկանին, կամ` միայն երաժշտութիւնը: Միւս կողմէ, կան բազմաթիւ երգեր ալ, որոնց մշակումները ինք` Սեդոն կատարած է: Յօրինած երգերը մեծ մասամբ լայն ժողովրդականութիւն ունեցած են, այդ երգերը երգած են բազմաթիւ երգիչներ:
«Եղբայրութեան կամ թէ սիրոյ» բանաստեղծութիւնը, այս պարագային` Գառնիկ Սարգիսեանի եւ Սեդօ Պաղտասարեանի կողմէ վերնագրուած «Ճշմարտութիւն» երգը հեղինակելու ընթացքին Գառնիկ եւ Սեդօ յարմար նկատած են, որ «Եղբայրութեան կամ թէ սիրոյ» բանաստեղծութեան մէջ որոշ բարեփոխումներու դիմեն. բանաստեղծութեան բնագիրի վերջին տունէն 2 տողը օգտագործած են կրկներգի մէջ, իսկ միւս 2 տողերը ընդհանրապես վանած են: Սակայն երգին վերջին տունը յաւելեալ տուն մըն է, որ փոխ առած են նոյնպէս Աւետիք Իսահակեանի 1904-ին գրած «Արարչագործ աստղի առաջ» բանաստեղծութեան 5-6-7 եւ 8-րդ տողերէն:
Հետեւաբար, ոտանաւորը կարգ մը բարեփոխումներու ենթարկուելէ ետք ստացած է երգի հետեւեալ բնոյթը, որ ստորեւ կը ներկայացնենք:
Ճշմարտութիւն
Եղբայրութեան կամ թէ սիրոյ
Խօսքը ես ձեզ չեմ աւետում, –
Պատգամները չարի, բարւոյ
Ձեր ոտների տակն եմ նետում:
Կրկներգ
Կեանքն է պայքա՛ր` գո՛ռ ու դաժա՛ն,
Ճզմի՛ր մարդուն եւ թռի՛ր վե՛ր.
Իրաւունքը ուժն է միայն.
Վա՛յ յաղթուածին, հազա՛ր վայեր:
Տէր կամ ստրուկ պիտի լինիս, –
Ճշմարտութի՛ւն չկայ ուրիշ,
Մո՛ւրճ կամ զնդա՛ն պիտի լինիս
Ճշմարտութի՛ւն չկայ ուրիշ:
Չես սպաննի, քեզ կը սպաննեն.
Դու սպաննի՛ր, քեզ չսպաննեն.
Լուծ կամ լծկան պիտի լինիս, –
Ճշմարտութի՛ւն չկայ ուրիշ:
Կրկներգ.
Կեանքն է պայքա՛ր` գո՛ռ ու դաժա՛ն…
Ուր ես վանում մեզ երկրի հետ,
Ինչ է կեանքին նպատակը
Ինչ ես կապել մեզ նիւթի հետ
Դարձրել մահին հպատակը:
Կրկներգ.
Կեանքն է պայքա՛ր` գո՛ռ ու դաժա՛ն…
Գառնիկ Սարգիսեանի մեկնաբանած այս երգը ինչպէս մարդկութեան, այդպէս ալ հայութեան դէմ գործուած անարդարութեանց հանդէպ իր ներքին տառապանքի պոռթկումը արտայայտելու միջոց ծառայած է: Իսահակեանի շնորհիւ` հայ մարդու վիշտն ու թախիծը, բերկրանքն ու կարօտը հասկնալի դարձան աշխարհի ժողովուրդներուն:
Պէտք է արձանագրել, որ Գառնիկ Սարգիսեան վերջին քանի մը տասնեակ տարիներուն որդեգրած էր յատուկ ուղղութիւն մը: Հայութեան, Հայաստան-Արցախ-սփիւռքի հետ առնչակից եւ օրուան պահանջներէ մղուած` այժմէական նիւթեր, քերթուածներ կ՛ընտրէր, ըլլան անոնք տաղանդաւոր բանաստեղծներու կամ իր ուշադրութիւնը գրաւող, վերոնշեալ միտքերուն համընկնող գրութիւններ պէտք էր ըլլային: Այլ խօսքով, իր մտայղացումով էր, որ շատ մը գրողներու ստեղծագործութիւնները պիտի մարմնաւորուէին եւ ծնունդ պիտի առնէին իբրեւ երգ: Այդ ստեղծագործութիւններէն էր բնականաբար Իսահակեանի «Եղբայրութեան կամ թէ սիրոյ» բանաստեղծութիւնը:
Գառնիկ Սարգիսեան տագնապած է մարդ էակին համար, միշտ ջատագովը եղած է հայու անիրաւուած իրաւունքներու տիրանալու գաղափարին, արուեստի ճամբով պայքարած է անարդարութեան դէմ եւ եղած` Հայ դատի նուիրեալ առաքեալ մը:
Գառնիկ հայ երգը տարածելու եւ նորահաս սերունդին ծանօթացնելու իր քաջարի առաքելութիւնը միշտ շարունակած է, եւ ան մնայուն ներկայութիւն եղած է մեր հայկական բեմերուն վրայ` դառնալով բոլորին սիրելին, մանաւանդ` երիտասարդութեան կուռքը:
Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութիւնը, Սեդօ Պաղտասարեանի յօրինումով եւ Գառնիկ Սարգիսեանի մեկնաբանութեամբ, դարձաւ հայ ժողովուրդի ազատաբաղձ հոգիի եւ արդարութեան դարաւոր կարօտի թարգմանը:
Գառնիկ Սարգիսեանի երգեցողութեան ոճն ու աստուածատուր ձայնը եւ ընտրած յատուկ երգերը, այս պարագային` Իսահակեանի գրչին պատկանող ստեղծագործութիւնը, երգի վերածելով կրցաւ անգամ մը եւս իր նշանակալի ներդրումը եւ դրոշմը դնել ազգային յեղափոխական երգարուեստի բնագաւառին մէջ:
Բառերու շեշտադրումով, երաժշտական ինքնատիպ ոճով երգը պահած է իր քաղաքական բնոյթը, միաժամանակ խօսքերուն խոհափիլիսոփայական իմաստը երաժշտաւորուած է բաւական մեծ հմտութեամբ, ուր Գառնիկի մեկնաբանութեամբ պոռթկումն ու պատգամը միաձուլուելով` կը ճախրէ ու կը շանթահարէ անիրաւուած հոգիներն ու սիրտերը: Գառնիկ երգի ընդմէջէն զարթնումի եւ զգաստութեան կը հրաւիրէ ունկընդիրն ու մանաւանդ երկրպագուները:
Ինչպէս որ հաստատուած իրողութիւն է, թէ Իսահակեանի այս բանաստեղծութեան վիճակուած էր նշանակալից դեր խաղալ հայկական ընկերային շարժման պայքարին մէջ, այդպէս ալ տարիներ յետոյ երգի ձեւաչափով, կրկնակի հզօրութեամբ իր ուշադրութիւնը սեւեռել տուաւ, մանաւանդ` երիտասարդութեան ազգային լարերը շարժելով:
Վերջապէս, մարդկային դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, որ ազգերու անկախութիւնը կը նուաճուի հաւաքական հաւատքով, հերոսական պայքարով ու արիւնով եւ կը պահուի կուռ միասնութեամբ ու հաւաքական քրտինքով միայն: Ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան եւ սիրոյ խօսքերը, ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքները, անոնց միջեւ մշտական սրտագին փոխյարաբերութիւններ ու անկեղծ բարեկամութիւն հաստատելու ցանկութիւնները ընդհանրապէս մնայուն չեն եղած:
Այս իմաստով ընդգծելի իրողութիւն է, որ դարեր շարունակ հայ ազգին համար քաղաքակիրթ կոչուած մեծ ազգերու խօսքերը ոչ մէկ արժէք ունեցած են, քանի որ հայ ազգը կը շարունակէ գերտէրութիւններու ձեռքին մէջ խաղաքարտ ըլլալ: Ամէն ինչ կատարուած է եւ կը կատարուի բարեկամութեան ու եղբայրութեան քողի տակ: Այս մեկնակէտէն ալ ազգային ու հայրենասէր հայը, տրամաբանելով, եկաւ այն եզրակացութեան, որ «Մուրճ կամ զնդան պէտք է լինիս, Ճշմարտութիւն չկայ ուրիշ…»:
Ուստի, «Մո՛ւրճ կամ զնդա՛ն պիտի լինիս» երգը մարդկութեան տագնապին ու տառապանքին, յոյսին ու սպասումին թարգմանը դարձաւ: Ան մէկ կողմէ խարազանեց մեղքին ենթակայ դարձած մարդը, եւ միւս կողմէ` «Իրաւունքը ուժն է միայն» գոյատեւման յոյսը ներշնչեց անոր:
Ա՛յս եղաւ սրտառուչ պատգամը խոհափիլիսոփայական «Ճշմարտութիւն» խորագրուած երգին: Արդարեւ, մարգարէական պատգամը արթնութեան կոչ է, զգաստութեան սաստում է, հաւատքի հրաւէր է, Հայ դատի ուժական պայքարի ներշնչում է, յոյսի երաշխիք է, արիւնի ու արցունքի մէջէն շուտով ծագումն է յուսոյ արշալոյսին, չարէն բարիին, երկրէն երկինք դառնալու մարտահրաւէր է:
Կէօթէի, հետագային Աւետիք Իսահակեանի «Մո՛ւրճ կամ զնդա՛ն պիտի լինիս» իրապաշտ գաղափարները պատմութեան մէջ արձանագրուած քաղաքական-ռազմական վերիվայրումներուն արտացոլացումն են:
Այս իմաստով Իսահակեանի ստեղծագործութիւնը պիտի մնայ միշտ այժմէական, նոյն հնչեղութեամբ ու հզօրութեամբ, քանի որ Հայաստան աշխարհը (նկատի ունինք բռնագրաւուած հողատարածքներն ալ) տակաւին կը դիմագրաւէ տեսանելի եւ ոչ տեսանելի թշնամիներու ՄՈՒՐՃի հարուածները:
(Շար. 2 եւ վերջ)
Օգտագործուած աղբիւրներ
1.- Թարգմանութիւն գերմաներէնէ` Ա. Մուշեղեան. Հմմտ. Կէօթէ, «Բանաստեղծութիւններ», հայպետհրատ, 1946, էջ 32:
2.- Մուշեղեան Ա., «Մուրճ կամ զնդան», «Բանբեր Երեւանի Համալսարանի», 2 (38), Երեւան 1979, էջ 146:
3.- ԳԱԹ, Աւ. Իսահակեանի ֆոնտ, II, թիւ 2124:
4.- Աւ. Իսահակեան, «Յիշատակարան», Երեւան, 1977, էջ 273:
5.- «Բանբեր Հայաստանի Արխիւների», 1975, թիւ 3, էջ 47: