Յարութիւն Իսկահատեան- Պայքար 106
Օսմանեան Պետութեան զանազան քաղաքներուն մէջ գործող գերմանացի հիւպատոսները թէեւ լաւ կը ճանչնային թուրքը, ելլելով իրենց դիւանագէտի հանգամանքէն, սակայն անոնք անգիտակ էին թուրքին չափազանց եւ բացառիկ վայրենի բնոյթին: Անոնք իրենց շուրջ ուշի ուշով դիտելով եւ վերլուծելով կատարուող դէպքերը ընդհանրապէս առարկայականօրէն կը տեղեկագրէին Գերմանիոյ վարչապետին եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան: 1915-ի սկիզբը աննախընթաց կերպով կատարուող իրադարձութիւնները ափշեցուցած էին զանոնք, նկատի առնելով հակահայկական թրքական բարբարոսութիւններն ու վայրագութիւնները: Անոնց համար այլեւս կասկած չկար թէ թուրքերը սկսած էին գործադրել ծայրահեղ ոճրային արարք մը՝ հայոց բնաջնջումը: Առ այդ, Գերմանիոյ հիւպատոսներէն շատերը օրը օրին կը տեղեկագրէին տեղւոյն եղելութիւնները իրենց գերմանացի գերադաս պաշտօնեաներուն: Անոնց զեկուցումները իրապաշտ էին եւ ունէին իրենց մարդկային բաժինը՝ սաստիկ զարմանքով արտայայտելով թրքական ջարդարարական անմարդկային արարքներու մասին: Անոնց զարմանքը կը կրկնապատկուի երբ իրենք իրենց հարց կու տան թէ ինչպէ՞ս քաղաքակակիրթ Գերմանիան կը դաշնակցի տգէտ ու բարբարոս Թուրքիոյ հետ: Այս առընչութեամբ, 1915-1918 Թուրքիոյ մէջ գործող հայոց բնաջնջումին գերմանացի ականատես վկաներ բարձրաձայն աղաղակած են. «Ամօթ կը զգանք, որ գերմանացի ենք…»:
Վերոյիշեալ տեղեկագիրներէն մէկը Գերմանիոյ ռայխսքանցլեր (վարչապետ) Թէոպալտ ֆոն Պեթման-Հոլվեկին ղրկած է Հալէպի հիւպատոս Վալթեր Ռէօսսլեր: Հալէպ, 13 Օգոստոս 1915 թուագրեալ նամակը կը կրէ հետեւեալ դիւանական տուեալները. 1915-05-15-012, Սկզբնաղբիւրը՝ PA-AA/R14087, հրապարակուած՝ Գ. Եւ Հ. փաստ. 137: Փաստաթուղթը կարելի է տեսնել Վոլֆկանկ Կուսթի լոյս ընծայած հատորին՝ «Հայերի Ցեղասպանութիւնը 1915-1916 – Գերմանիոյ Արտաքին Գործերի Նախարարութեան Քաղաքական Արխիւի Փաստաթղթերից» (The Armenian Genocide: Evidence from the German Foreign Office Archives 1915-1916) (թարգմանիչ՝ Ռուզան Եորտանեան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2005) 145-149րդ էջերուն մէջ:
Ռէօսսլեր Գերմանիոյ վարչապետին կը յայտնէ Եդեսիոյ մէջ մարդասիրական կոչումով գործող Եագոպ Քիւնցլերի (հայանպաստ գործունէութեան համար հայութեան մէջ ծանօթ Փափա Քիւնցլեր անունով զուիցերիացի: Ծնած է 8 Մարտ 1871-ին եւ մահացած՝ 15 Յունուար 1949-ին) բողոքին բովանդակութիւնը: Քիւնցլեր Ռէօսսլերի գրած էր հայ «կանանց ու երեխաների տեղափոխման [պայմաններու] սարսափելիութեան մասին» վկայակոչելով ոմն աւստրիացի ականատես վկայի մը գրի առած պատումը: Աւստրիացին քանի մը շաբաթ իր կնոջ հետ հանգստանալու համար Եդեսիոյ մօտերը խաղողի այգիներուն մէջ տուն մը վարձած էր: Ան որոշուած ժամանակէն առաջ հեռացած էր որովհետեւ ալ չէր կրցած հանդուրժել իր աչքերուն առջեւ կատարուող ջարդերը: Երբ աւստրիացին իր կնոջ հետ կ’ուղղուէր դէպի Արաբ- Բունար, ճամբան թուրք աւազակներ անոր վրայ յարձակած էին, սակայն ան իր քով ատրճանակ մը ունենալուն եւ կարաւանին մէջ գողերու աչքին անտես մնացած երկու կառապաններու օգնուեամբ, հրաշքով ազատած էր: Աւստրիացի կինը մինչեւ այս տեղեկագիր-նամակին գրուիլը հիւանդ պառկած էր:
Եդեսիոյ մէջ հաստատուած Միջին Արեւելքի Առեւտուրի եւ Արդիւնաբերութեան Ընկերութեան պատկանող գորգագործութեան գործարանի գերմանացի տնօրէն՝ Ֆրանց Էքարտ 5 Օգոստոս 1915 թուակիր նամակով մը Քիւնցլերի կը նկարագրէ Եդեսիոյ հայոց ընդհանուր վիճակը: Քիւնցլեր սոյն նամակին բովանդակութիւնը կ’իմացնէ Եդեսիոյ կառավարիչին անկէ պահանջելվ նաեւ շրջանին մէջ գործող բոլոր գերմանացիներու եւ մանաւանդ աւստրիացի ամոլին պաշտպանութիւնը:
Ֆրանց Էքարտ իր զեկուցման մէջ կը յիշէ թէ քանի մը օր առաջ Տիգրանակերտէն դէպի Եդեսիա ճանապարհին վրայ երբ ինք ընտանեօք կը ճամբորդէր, կը տեսնէ թէ թուրքերը հայ բռնագաղթուած երիտասարդ կին մը կը հալածեն, կը բռնեն եւ փոսի մը մէջ իջեցնելով կը մերկացնեն զայն բռնաբարելու համար: Կինը կը սկսի պոռալ, պոռչտալ: Իսկոյն Ֆրանց Էքարտի պատանի զաւակները օգնութեան կը վազեն ու կ’ազատեն խեղճ կինը: Ֆրանց Էքարտ իր Եդեսիոյ տան մէջ հայ կնոջ ապաստան կու տայ: Ատեն մը ետք, կինը հալածող թուրքերը լրբօրէն Էքարտի տան դուռը կը թակեն, պահանջելով հայ կնոջ յանձնումը: Տիկին Էքարտ երկու անգամ անոնց կ’ըսէ թէ տան մէջ միայն գերմանացիներ կ’ապրին: Վատ թուրքերը կը հեռանան: Էքարտ թուրքին վրայ իր վստահութիւնը կորսնցուցած էր ու այս մասին կ’ըսէ. «Չնայած նահանգապետի մօտ արած իմ յայտարարութիւններին, ո՛չ ես, ո՛չ իմ ընտանիքը, ո՛չ էլ իմ բանուորները վստահ չեն, թէ այդ թուրքերը չեն շարունակի իրենց հետապնդումները: Արդէն այսօր առաւօտեան նրանք այն նոյն երեք բանուորներին քշել են իմ այգում կատարուող աշխատանքից: Ուստի, ես ստիպուած եմ խնդրել իմ սեփական կառավարութեան պաշտպանութիւնը»:
Հոս կը նկատենք թէ թուրքը երբ 1915-ին բանտերէն արձակեց ոճրագործներն ու աւազակները, հայերը հալածելու եւ կոտորելու իր մոլուցքին մէջ կուրցած, ամէն օրէնք վերցուցած՝ ամէն ինչ սանձարձակ ձգած էր, այնպէս որ ինք նոյնիսկ չէր կրնար կառավարել երկիրը եւ պաշտպանել իրեն «հարազատ» ու դաշնակից Գերմանիոյ քաղաքացիները: Գերմանացիները իրենց սեփական պաշտպանութեան համար Թուրքիոյ մէջ յաճախ կը դիմէին իրենց երկրի հիւպատոսարանին կամ դեսպանատան: Այս իրողութիւնը կը մղէ երկու կողմերը՝ գերմանացիներն ու թուրքերը յաճախ գաղտնի ժողովներ գումարելու, որպէսզի հայոց դէմ գործուող ոճիրները ոչ թէ դադրեցնելու, այլ հնարաւորին չափով ծածո՛ւկ գործելու մղելու, խուսափելու համար «անախորժ» դրութեանց մատնուելէ:
Վերադառնալով աւստրիացի ականատես վկայի զեկոյցին, որ ներկայացուած է Հալէպի հիւպատոսութեան 11 Օգոստոս 1915 թուականով, ան կ’ընդգրկէ 1915-ի ամրան ժամանակաշրջանի Եդեսիոյ հայոց բռնագաղթը սարսափելի պայմաններու տակ: Վկայողը կ’ըսէ թէ տեղահանուած հայոց կարաւանները բաղկացած էին միայն ողորմելի կիներէ եւ երեխաներէ, որովհետեւ այրերը նախապէս տարուած ու սպաննուած էին: Անոնցմէ շատերը հիւծած ու հիւանդ էին, անհրաժեշտ սնունդի պակասէն: Բազմաթիւ ծծկեր երեխաներ ու յղի կիներ կային հայոց թափորներուն մէջ: Բոլորին ոտքերը ուռած ու լաթերով փաթթուած էին: Բռնագաղթուածները իրենց ունեցած իրերը չնչին գիներով վաճառած էին եւ հազիւ կարողացած գրաստներ վարձել սովորական գինէն երեք անգամ աւելիով, այդ տաժանակիր ճամբորդութեան համար: Այն թուրքերն ու քիւրտերը որոնք մարդ սպաննելու «ունակութիւն» կամ աւելի ճիշդը՝ առիթ չունէին, չարաչար կը շահագործէին հայերը: Իսկ ուր եւ երբ առիթը ներկայանար անոնք կը սկսէին հայ գաղթականները կողոպտել ու խոշտանգել: Այս տեսակ աղտոտ արարքներով կը զբաղէին թուրք ու քիւրտ ոստիկաններն ալ: Սպառնալու, ստելու եւ սին խոստումներ տալու «մասնագէտներ» էին անոնք, որոնք յոգնած ու սպառած աքսորեալներուն ջուրը կաթիլով կը վաճառէին:
Ականատես վկայ աւստրիացին մարդավաճառութեան համար հետեւեալը կ’ըսէ. «Թեյափողով գնելով կամ «բարեկամաբար» կարելի էր տեղահանուածների զանգուածից իւրացնել կանանց, աղջիկների ու երեխաների: Աւելի ուշ իշխանութիւններն արգիլեցին այդ առեւտուրը, այնուամենայնիւ, երբեմն էլի լինում էին սեփականացումներ»: Աւստրիացի վկան Ատըեամանէն դուրս երկարող ճամբուն վրայ տեսած էր ահռելի տեսարաններ, զորս հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ. «Տեսայ սպաննուած մերկ կանանց, նաեւ այլանդակուած կտրուած կուրծքերով»: Ան կը հետեւցնէ թէ անոնք հաւանաբար բռնաբարուած ու կողոպտուած էին թուրքերու կամ քիւրտերու կողմէ: Ան հետեւեալ սարսռազդու տեսարանը կը նկարագրէ ըսելով. «Որոշ թափորներ կաղում էին ցաւից ճչալով, հենց որեւէ մարդ նկատելիս, այդ թշուառներից շատերը ծնկի էին գալիս ու օգնութիւն, փրկութիւն հայցում: Այդ քայլերթների ժամանակ՝ 56 աստիճան ջերմութեան ու ջրի բացակայութեան պայմաններում, շատերը հիւծախտից մեռնում են, իսկ ով յետ է մնում, մահն ապահովուած է»:
Ի՞նչ բանն էր որ մղած էր աւստրիացի ականատես վկան խօսելու: Ան որեւէ պարտականութիւն կամ պարտաւորութիւն չունէր Հալէպի գերմանական հիւպատոսարանը տեղեակ պահելու իր շուրջը կատարուող անցուդարձերէն: Պարզապէս այս ազնիւ վկան հայոց դէմ գործուող թրքական ու քրտական ոճիրներու սարսափելի մթնոլորտին մէջ ինքզինք պարտաւորուած կը զգար իր խղճին հանդէպ: Ան միայն չէր տեղեկագրեր, այլ կը բողոքեր իր ամբողջ էութեան ոյժով, որպէսզի անմիջապէս վերջ դրուէր կատարուող ոճիրներուն: Ան կը պոռա՛ր Աւստրիոյ, Գերմանիոյ եւ մանաւանդ Թուրքիոյ պատախանատուներու երեսին:
Աւստրիացի ականատես վկան այդ դժնդակ օրերուն իր ձայնը կը բարձրացնէ չոր ու մռայլ անապատին մէջ, իսկ այսօր, կատարուած ոճիրներէն աւելի քան հարիւր տարի անց, փարթամ քաղաքներու շքեղ սրահներու մէջ ապահով ու հանգիստ ծուարած, կերած, խմած բայց չկշտացած անզգամ քաղաքագէտներ եւ միջազգային հաստատութիւններու պաշտօնեաներ, որոնք դոյզն բարոյականութիւն իսկ չունին, լո՜ւռ կը մնան…: