Յարութ Իսկահատեան-Պայքար 128
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին պատմաբանի հետաքրքրասիրութեամբ ուսումնասիրած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրանիզմի եւ Սիոնիզմի պատմութիւնն ու անոնց առընչութիւնը Հայասպանութեան հետ եւ իբրեւ արդիւնք հրատարակած է «Հայերն Ու Արաբները Թուրանականութեան Եւ Սիոնիզմի Միջեւ» 92 էջնոց արաբերէն գրքոյկը, Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի թիւ 4 հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1994: Այս առիթով հեղինակը կը յայտնաբերէ ու կը բացայայտէ այնպիսի նիւթեր եւ փաստարկներ, որոնց մասին ընդհանրապէս քիչ կը խօսուի: Հայասպանութեան քննարկման եւ ուրացումի մթնոլորտին մէջ եղողներու կողմէ նման աշխատութիւն մը ոչ-գիտական ու հեղինակն ալ՝ հակասեմական բնորոշելու սպառնալիքով կը դիմաւորուի, իբրեւ նուազագոյն միջացառում՝ յենելով իրենց ձեռքին մէջ ունեցած զօրաւոր ու յառաջացած լրատուական լծակներուն: Նոյն այդ կարգ մը «ուսումնասիրողներ»ը իրենց շռայլուած, չափազանց հանգստաւէտ ու շքեղ պայմաններով միայն ու միայն վերէն եկած յանձնառութիւններ կը կատարեն ու անիրաւ թուրքին պաշտպան կը կանգնին գիտականութիւն կեղծելով:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’ըսէ թէ Եւրոպայի, մասնաւորաբար Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ եւ այլ երկիրներու սիոնիստ հրեաները, որոնք Բրիտանիոյ հրեայ վարչապետ Տիզրայէլիի եւ ուրիշներու կարգադրութեամբ Օսմանեան Պետութեան սահմաններուն մէջ տեղաւորուեցան, իրենց գաղտնի նպատակներուն համար ստեղծեցին թուրանականութեան գաղափարը եւ համոզեցին թուրքերը զայն որդեգրելու իբրեւ իրենց գերագոյն նպատակը: Պատմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն չունեցող թուրք ժողովուրդին համար անոնք առաջադրեցին ձգտիլ միացնելու բոլոր թրքացեղ ազգերը իբրեւ թէ բարձր քաղաքակրթութիւն ունեցած Թուրան կոչուած աշխարհագրական երեւակայական տարածքի եւ պետութեան մը հիմնադրութեան ներշնչումով: «Թուրանի այդ բարձր մշակոյթը իսլամութեան պատճառաւ կործանած է», կը քարոզէին սիոնիստ մտաւորականները: Այս բոլորին մէջ հրեայ սիոնիստը միայն ու միայն կը հետապնդեր իր նպատակը՝ Պաղեստինը բռնագրաւելով հզօր Իսրայէլ մը հիմնելու…: Հեղինակը այս մասին կը խօսի գիրքին յառաջաբանէն անմիջապէս ետք «Թուրանականութիւնը» խորագրեալ բաժինին 7-13րդ էջերուն մէջ:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’ըսէ թէ Թուրանականութիւնը ո՛չ օսմանցիներու եւ ո՛չ ալ իսլամներու մտայղացումն է, այլ եւրոպացի սիոնիստներու գաղափարներու կարկտանը, որուն յետին նպատակն է ծառայել տակաւին հիմնուելիք Իսրայէլի: Թուրանականութեան խորքի կառուցումը կը պատկանի եւրոպացի հրեաներու եւ անոր երեւութական զարդարանքը միայն օսմանցիներունն է: Հեղինակը կ’եզրակացնէ. «Թուրանականութիւնը սիոնիստ հրեային լոկ հնարքն է, Օսմանեան Պետութիւն հաստատուած՝ հրեայ մտաւորականներու եւ գրողներու կողմէ»:
Թուրանականութիւն քարոզող իրենց բնորոշումով «բանիմաց»ներէն են հրէական ծագումով հունգարացի արեւելագէտ Արմինիուս Վամբերի, որ սուլթան Ապտիւլ Համիտի սերտ բարեկամը եղած է եւ Թէոտոր Հերցելի ու անոր միջեւ հանդիպում մը յաջողցուցած 1901ին: Վամբերի հմուտ իսլամագէտ ու թրքագէտ էր, կ’ատէր արաբները, հայերը, յոյներն ու ռուսերը: Ան իր գաղափարները տարածած է իր հեղինակած «Պուխարա» եւ «Միջին Ասիա» խորագրեալ գիրքերով (էջ 10):
«Մուրատ Էֆենտի» ծածկանունի ետին թաքնուած հրէածին գերմանացի արեւելագէտ Ֆրանց ֆոն Ուայրնըր իր գրութիւններով թելադրեց նոր թուրքերուն իրենց ընելիքները թուրանականութեան հիմնադրութեան եւ գործադրութեան համար: Ան պատրաստած եւ հրատարակած է երիտթուրքերու սահմանադրութիւնը (էջ 10):
Այս շարքին երրորդ քարոզիչը կը հանդիսանայ հրեայ ծագումով լեհ Կոստանդին Պրուժեցքի, որ պահուըտելով «Մուսթաֆա Ճելալ Էտտին փաշա» անուան տակ 1889ին «Հին Թուրքերն Ու Նորերը» խորագրեալ գիրքով թրքական ցեղի «սխրագործութիւններուն» մասին կը խօսի մեծ մասամբ սուտ եւ շինծու դրուագներով, հրահրելով թուրքերուն վայրի բնազդը եւ հրաւիրելով զանոնք ամէն միջոցներով վերականգնելու իրենց «անցեալի փառքը» (էջ 10-11):
Լէոն Քահուն՝ հրէական ծագումով ֆրանսացի արեւելագէտը թուրանականութեան մասին իր քարոզչութիւնը ըրած է «Ասիոյ Պատմութեան Յառաջաբանը՝ Թուրքերն Ու Մոնկոլները Իրենց Ծնունդէն՝ 1405էն Ասդին» գիրքին հրատարակութեամբ: Այս «բանիմաց»ն ալ թուրքերը քրիստոնեաներու եւ մանաւանդ՝ հայոց դէմ կը հրահրէ, կրկնելով միւս քարոզիչներուն յանկերգը թէ հին թուրանական քաղաքկրթութիւնը քանդուեցաւ իսլամ կրօնքի ընդունման պատճառաւ:
Հայոց եւ քրիստոնեաներու դէմ թուրքերը հրահրող յաջորդ բանսարկուն կը հանդիսանայ հրեայ ծագումով եւ «Թեքին Ալփ» ծածկանունի դիմակին ետեւ թաքնուած Ալպերթ Քոհէն կոչուած սուտ քարոզիչը, որ կը թելադրէ թուրքերուն Օսմանեան Պետութիւնը առանց քրիստոնեաներուն եւ միայն ու միայն թուրքերով բնակեցնել: Ան շեշտը կը դնէ Օսմանեան Պետութեան տնտեսութեան վրայ եւ կը հրահրէ թուրքերը զայն իւրացնելու ու անոր մենատէրը դառնալու, քաջ գիտնալով թէ երկրին տնտեսութիւնը մեծաւ մասամբ հայոց ձեռքն էր (էջ 11):
Ծայրահեղ ցեղապաշտ կին «մտաւորական» Խալիտէ Էտիպ կը հանդիսանայ թուրանականութեան քարոզիչներէն ամենէն կարկառունը: Ան 1916ին հրատարակած «Նոր Թուրանի Որդիներուն Պետութիւնը» վերնագիրը կրող իր գիրքով կոչ կ’ուղղէ թուրքերուն Օսմանեան Պետութեան մէջ ամէն բան թրքացնել: Ան կը փափաքի տեսնել բոլոր թրքացեղ ժողովուրդները միացեալ պետութեան մը մէջ, որ պիտի կոչուի «Նոր Թուրան» (էջ 11): Այս թրքուհին Երիտթուրքերու իշխանութեան օրերուն Դամասկոսի մէջ աղջկանց դպրոցներու ընդհանուր քննիչի պաշտօնը կը վարէր: Ան հետամուտ էր արաբ նոր սերունդը թրքացնելու՝ առաջքը առնելու համար արաբական որեւէ անկախացման ձգտումի (էջ 12):
Զիա Քոք Ալփ քիւրտ-հրէական կասկածելի ծագումով գրողը Տիգրանակերտէն՝ Անգարայի մէջ 1923ին «Թրքական Հիմքերը» խորագրեալ գործը հրատարակեց, որուն համար ան ճամչցուեցաւ իբրեւ «սիոնիզմի հաւատարիմ աշակերտը» տիտղոսով (էջ 12):
Այլ կասկածելի աֆղան ծագումով Ապիտ Ուլլահ Կ. Պոլսոյ Այա Սոֆիա մզկիթին քարոզիչն էր: Անոր քարոզները հաւաքուեցան ու հրատարակուեցան «Նոր Ազգ» խորագիրով գիրքի մէջ: Ան իր գաղափարով անաստուած էր եւ բոլոր կրօնքներուն դէմ էր ու այդ միտքն ալ կը քարոզէր:
Ճելալ Նուրի անունով կասկածելի թուրանական գաղափարախօսը իր տեսակէտները «Ապագայի Պատմութիւնը» վերնագրեալ գիրքով լոյս ընծայած է: Ան այնուհետեւ հրատարակած է «Ալիժթիհատ» պարբերաթերթը Սիոնիզմի գաղափարները տարածելով:
Երիտթուրք ղեկավարները իրենց հրահանգները կը ստանային սիոնիստներու պարագլուխներէն: Անոնք դէմ էին բոլոր կրօնքներուն եւ միայն թուրանիզմի կը հաւատային: Այս պատճառաւ անոնք սերտ յարաբերութեան մէջ մտան Ապիտ Ուլլահի երկու աշակերտներուն հետ, որոնք Եգիպտոս կը մնային: Իսմայիլ Ահմէտ Էտհէմ թուրք էր սիոնիստ գաղափարներով եւ Եգիպտոսի մէջ անաստուածութիւն կը քարոզէր ու թուրանականութեան գաղափարները առջեւ կը քշէր: Այս նպատակին համար ան «Ինչո՞ւ Ես Անաստուած Եմ» գիրքը հրատարակած է Աղեքսանդրիոյ մէջ, «Աթթաաուն» տպարանէն (էջ 13):
Ապիտ Ուլլահի երկրորդ թուրք աշակերտը՝ Իսմայիլ Մազհար, սերտ բարեկամն էր առաջինին՝ Իսմայիլ Ահմէտ Էտհէմի: Ան անաստուածութեան գաղափարները կը սփռէր «Ալուսուր» թերթը հրատարակելով Եգիպտոսի մէջ եւ դէմ կը խօսէր արաբներու, արաբականութեան եւ իսլամութեան, Երիտթուրքերու պաշտպանութեան յենելով: Ան ալ սիոնական գաղափարներու մէծ ջատագով ու ծառայող մըն էր:
Դոկտ. Սալէհ Զարէտտին կ’ըսէ. «Երիտթուրքերը Սիոնիզմի գաղափարներուն մարմնացումն էին եւ ոգի ի բռին կ’աշխատէին իրականացնել զանոնք» (էջ 13): Ապա ան գիրքին 13րդ էջին մէջ Թուրանականութեան ու Սիոնիզմի վերոյիշեալ հրեայ եւ թուրք քարոզիչներուն անունները, ծածկանունները եւ հեղինակած գիրքերուն խորագիրները իրենց հրատարակութեան տարեթիւերով՝ ցուցակով մը կը ներկայացնէ:
Այս գրքոյկին առաջին բաժինը մանրամասնօրէն ներկայացուցինք որպէս ապացոյց այն իրողութեան, որ բրիտանական բարձրագոյն ղեկավարութեան ցուցմունքով սիոնիստներն էին թուրանականութեան սուտ գաղափարով թրքական տգէտ զանգուածները գրգռողները, որպէս նախապատրաստութիւն Հայասպանութեան, դէպի արեւելք տարածուելու գաղութատիրական իրենց նպատակը հետապնդելով: Այժմ կը ներկայացնենք գրքոյկին յաջորդող գլուխներուն վերնագիրները, ուրկէ պարզ կը դառնայ անոր այս նիւթին շուրջ խոր գիտական ուսումնասիրութիւն մը ըլլալը. «Իթթիհատ եւ Թերաքքի Միութիւնը» (էջ 14-22), «Իթթիհատականները եւ Արաբները» (էջ 23-36), «Հայերը եւ Իթթիհատականները» (էջ 37-45), «Հայ Ղեկավարներու Սպանութեան Դաւադրութիւնը» (էջ 46-59), «Թուրանականութեան եւ Սիոնիզմի Նմանութիւններն ու Հասարակաց Կէտերը» (էջ 60-63), «Հայոց Պարտականութիւնները Իրենց Դատին եւ Ուրիշներու Նկատմամբ» (էջ 64-67), «Ամփոփում եւ Եզրակացութիւն» (էջ 68-69), «Վկայութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին» (էջ 70-78), «Յաւելուած Վկայութիւններու եւ Փաստաթուղթերու» (էջ 79-88), որոնց կը յաջորդէ արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէնով օգտագործուած աղբիւրներու ցանկը (էջ 89-92): Յստակ է որ այս վերնագիրները ինքնին խօսուն են այս աշխատութեան փաստավաւերագրական ըլլալուն մասին:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտինի այս գրքոյկը իր ժամանակին եւ անկէ ետք ալ մեծ ներդրում ունեցաւ արաբական աշխարհի մտաւորական եւ ընթերցող շրջանակին մօտ, Հայոց Ցեղասպանութեան իսկական կազմակերպիչները եւ անոր ցեղապաշտական բնոյթը բացայայտելու դրական գործին մէջ, առանց իսկական կրօնական գործօնի առկայութեան: Շնորհաւորելի գործ մը արդարեւ: