Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.ի Հրատարակութեանց Լոյսին Տակ – թիւ 16
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութւ- ՊԱՅՔԱՐ 186
Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի հրատարակած «Հայաստան Եւ Հայերը 1876-1923 ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագիրով գիտական հետազօտութեան վեցերորդ հատորը կը կրէ՝ «1915-1918 Հայոց Մեծ Եղեռնը» վերնագիրը (Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Սաթենիկ Չաքըր հիմնադրամի հրատ., Գահիրէ, 2018, 501 էջ): Վերյիշեցման համար ըսենք թէ Ա. Հատորին յառաջաբանին մէջ եգիպտահայ ազգային գործիչ եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի վարչութեան նախկին ատենապետ Պերճ Թերզեան հրատարակութեան մասին տեղեկութիւններ կու տայ եւ աշխատութիւնը կը ներկայացնէ, ուր ան կ’ըսէ թէ Վարչութիւնը այս գործը վստահեցաւ եգիպտական Տամանհուր Համալսարանի Նորագոյն եւ ժամանակակից պատմութեան դասախօս՝ դոկտ. Մուհամմատ Ռիֆաաթ Ալ-Իմամի գլխաւորութեամբ գիտական աշխատասիրական խմբակի մը: Աւելի քան տասը տարուան պրպտումներու իբրեւ արդիւնք, արաբական մամուլի մէջէն երեւան եկան 36 հազար էջ կտրօններ հայոց եւ Հայաստանի մասին: Սոյն վաւերագրութիւնները օգտագործուեցան կազմելու համար «Հայկական Հարցը 1876-1923 Ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագրեալ հատորաշարքը, որուն նիւթերը հաւաքուած են 253 արաբական թերթերէ: Կան նաեւ արաբերէն մամլոյ հրատարակուած նիւթեր որոնք պիտի օգտագործուին՝ Եգիպտոսի մէջ հայոց գործունէութեան եւ լրատուութեան բաժինին մէջ, «բացատրելու համար Եգիպտոսի արդի պատմութեան մէջ հայոց խաղցած կարեւոր դերը վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին» (էջ 3), կ’աւելցնէ Պերճ Թերզեան: Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի վարչութիւնը հաստատած է արաբերէն www.arminmedia.com յատուկ կայքէջը, որ կը պարփակէ «Հայաստան Եւ Հայերը Արաբական Մամուլին Մէջ 1876-1923» ընդհանուր խորագրով հատորներու շարքին ամբողջ բովանդակութիւնը: Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեան, որ մղիչ ոյժն է սոյն կայքէջի իրագործումին, կը յուշէ թէ կարելի է այդ կայքէջէն որոնումներ եւ ուսումնասիրութիւններ կատարել՝ թուականով, նիւթի խորագրով, թերթի կամ հեղինակի անունով, կը տեղեկացնէ տիար Պերճ Թերզեան:
Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի հրատարակութեան այս վեցերորդ հատորին մէջ գրեթէ եգիպտական բոլոր արաբական թերթերը եւ մանաւանդ «Ալ-Ահրամ» ու «Ալ-Հուտա»ն լայն արձագանգ կը ստանան՝ թուրքերու կողմէ հայոց դէմ գործուած ու այդ ժամանակ գործուող կոտորածներուն իրենց անդրադարձներով, զանոնք գրեթէ ամբողջութեամբ եւ առարկայականօրէն ներկայացնելով: Նոյնքան տեղ գրաւած է ռուսական բանակի Կարինի գրաւման պարագան: Այս երկու կարեւոր պատմական հարցերը այնքան զօրաւոր հետաքրքրութիւն արթնցուցած են արաբ հանրային կարծիքին մօտ, որ արաբ ընթերցողներէն անոնք որոնք մինչեւ այդ ժամանակ անգիտակ եղած են հայ ազգին մասին, նամակներով պահանջած են թերթերու խմբագրութիւններէն լուսաբանելու հայ ազգի ծագման մասին՝ գոհացնելու համար իրենց հետաքրքրութիւնները կամ աւելցնելու իրենց գիտելիքը այդ գծով: Վեցերորդ հատորին մէջ կը հանդիպինք արաբական թերթերու, որոնք լայնօրէն կ՛անդրադառնան հայութեան ծագման, ինչպէս նաեւ հայոց պատմութեան եւ Հայաստանի աշխարհագրութեան, օգտուելով եւրոպական զանազան հանրագիտարաններու տեղեկութիւններէ:
Ուշագրաւ պարագայ մըն է եգիպտական մամուլի «Ալ-Մահրուսա» օրաթերթի 27 Մարտ 1916-ի թիւով հրատարակած «Գերմանացիներու Խոստովանութիւնը» խորագրեալ յօդուածը (էջ 157), որուն տեղեկութիւնները քաղուած են գերմանական «Ալկամայնը Միշըն Զիշրաֆդ» թերթէն, որ անաչառօրէն ներկայացուցած է հայոց դէմ թուրքերու գործած ոճիրներու զեկուցումը: Արդարեւ գերմանական թերթին յօդուածագիր-խմբագիրը կ՛ըսէ թէ պարտականութիւն կը զգայ Գերմանիոյ հանրային կարծիքը տեղեակ պահելու այն բոլոր վայրագութիւններէն եւ խժդժութիւններէն, զորս թուրքերը գործեցին եւ կը գործեն հայոց դէմ, Գերմանիոյ օրհնութեամբ ու մեղսակցութեամբ: Ան կ՛աւելցնէ թէ կը զարմանայ եւ չի գիտեր որ անցեալ Նոյեմբերին (1915-ի- Յ. Ի.) Հայաստանի մէջ թուրքերու գործած ոճիրները հայոց դէմ ինչո՞ւ կը ծածկուին գերմանական կառավարութեան կողմէ: Ան հարց կու տայ թէ Գերմանիա արդեօ՞ք Օսմանեան Պետութիւնը իբրեւ դաշնակից շահելու նպատակով է որ վարագոյր կ՛իջեցնէ այդ դէպքերուն եւ ճշմարտութեան վրայ: Աւելի խիզախ կեցուածքով մը ան կ՛ըսէ թէ Գերմանիա փոխանակ ծածկելու ճշմարտութիւնը՝ Թուրքիոյ հայոց դէմ գործած եւ գործող ոճիրներուն ու անմարդկային վերաբերմունքին մասին, զորս մարդկային պատմութիւնը նմանը ցարդ չէ տեսած, պէտք է արգելք ըլլայ իրեն դաշնակից թրքական պետութեան սանձարձակ գործելուն: Պատերազմին սկիզբը Երիտթուրքերը չկրցան այդպիսի վայրագ ոճիրներ գործել, սակայն քիչ անց քաջալերուելով Գերմանիոյ իրենց դաշնակից ու մեղսակից ըլլալու հանգամանգէն, սկսան շատ վայրագ վարուիլ հայոց հետ, կ՛աւելցնէ «Ալկամայնը Միշըն Զիշրաֆդ» թերթի խմբագիրը:
Այդ թուականէն տակաւին քանի մը ամիս առաջ գերմանական թերթերը կառավարութեան պատերազմական գրաքննութեան օրէնքով կաշկանդուած էին ու լռած՝ հայոց բոլոր տառապանքներուն դիմաց, սակայն հասնող ահասառսուր անմարդկային լուրերուն չդիմանալով պոռթկացին ու խզեցին լռութիւնը: Թուրք զինուորներն ու չեթէները իրենց ոճիրն ու կողոպուտը կը կատարէին օտար միսիոնարներուն եւ դիւանագէտներուն աչքերուն առջեւ: Միսիոնարները թուրք զինուորներուն հարց կու տան. «Եւ դուք կրակեցիք կիներու եւ փոքրերու վրա՞յ»: Թուրքերը կը պատասխանեն. «Ի՞նչ կրնայինք ընել, մենք հրամանը կը գործադրենք»: Կողոպուտը կը յաջորդէ ջարդերուն: Այդ հրամանին ծայրը ո՞ւր կը հասնի արդեօք, միթէ մինչեւ Գերմանի՞ա կ՛երկարի…:
Նոյն այս հարցին մասին կը վկայակոչենք գերմանացի միսիոնար ու պատմաբան Էրնսթ Զոմմերը, որ իր յուշագիրքին՝ «Ճշմարտութիւնը Աշխարհամարտի Ժամանակ Թուրքիայում Հայ Ժողովրդի Կրած Տառապանքների Մասին» (Երեւանի Պետական Համալսարանի հրատարակչութիւն, գերմաներէնէ թարգմանեց Էվելինա Մակարեան, Երեւան, 2002, փոքր չափի 87 էջ) «Ներածական»ին մէջ խստիւ կը քննադատէ ջարդարար Թուրքիոյ հանդէպ Գերմանիոյ կառավարութեան լռութիւնը, համամտութիւնն ու մեղսակցութիւնը: Այս հրապարակումով ան գերմանացի ժողովուրդը իրազեկ կը դարձնէ թուրքերու կատարած բարբարոսութիւններուն: Զոմմեր կը յիշէ 1895-1896-ի ապտիւլհամիտեան կոտորածները եւ 1909-ի Կիլիկիոյ Աղէտը, շեշտելով այն իրողութիւնը, թէ Մերսինի նաւահանգիստին մէջ եւրոպական ռազմանաւերուն վրայէն եւրոպական պետութիւնները անտարբեր աչքերով կը նայէին հայոց արիւնահեղութեան:
Էրնսթ Զոմմեր կ’ըսէ, թէ երբ թուրքերը հայեր կը կոտորէին վայրագօրէն, նոյն պահուն գերմանական մամուլը լայն տեղ կու տար թրքական կառավարութեան մասին ապակողմնորոշող տեղեկութիւններու, որոնք սահմանը անցնելով, շատ անգամ թրքասիրութիւն կը սերմանէին գերմանացիներու միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ: Այս պատճառաւ Գերմանիոյ մէջ հասարակական սխալ կարծիք կը ստեղծուէր:
Մեկնելով մարդու իրաւունքներու եւ ազատութեան սկզբունքներէն, Էրնսթ Զոմմեր կը նկատէ, թէ գերմանացի ժողովուրդին իրաւունքն է գիտնալ եւ ճանչնալ ճշմարտութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ ոչ թէ ապատեղեկատուական սադրանքներու եւ ճնշումներու զոհը դառնալ:
Էրնսթ Զոմմեր ճշմարտութեան փնտռտուքի մէջ եղող քրիստոնեայ քարոզիչ մըն է: Անոր հաւատամքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Մատթէոսի Աւետարանին Ժ. գլուխին 26-րդ համարը. «Չիք ինչ ծածուկ, որ ոչ յայտնի լիցի»: Իր յուշերուն մէջ երբ կը նկարագրէ հայոց դէմ թուրքերուն գործած բարբարոսութիւնները, ան միշտ կը շեշտէ հայուն դիմադրութեան տոկուն ոգին: «Անոր հեղինակած յուշագիրքը թէեւ փոքր է ծաւալով, սակայն ծանրակշիռ է ազդեցութեամբ», կը գրէ հայրենի պատմաբան Արշակ Մատոյեան:
Էրնսթ Զոմմեր թուրքերը «ջարդարարութեան նուիրուածներ» կը կոչէ երբ կը մէջբերէ անոնց մէկ կրօնաւորին խօսքը, որ իրեն ենթակայ ջարդարարներուն խորհուրդ կու տայ չգթալ հայոց, որովհետեւ Ալլահը գութ չունի հայոց հանդէպ: Էրնսթ Զոմմեր երեւան կը հանէ թուրք կրօնաւորին ոճրագործ էութիւնը ու կը քօղազերծէ թուրք ժողովուրդը հրահրելու անոր արարքը: Հեղինակը թուրքերուն ի գործ դրած տանջանքներուն տեսակները կը պարզէ ու կ’ըսէ թէ անոնցմէ շատերը գործադրուած եւ յիշուած են միջնադարեան վկայաբանութիւններուն մէջ: Ան կը պարզէ շուէտ, գերմանացի, ամերիկացի, յոյն եւ նոյնիսկ թուրք բազմաթիւ ականատեսներու վկայութիւնները Հայասպանութեան մասին: 1910-1930-ական թուականներուն գերմանացի մտաւորականները համոզիչ փաստերով երեւան հանեցին այն ճշմարտութիւնը, թէ Օսմանեան Պետութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գիտակցուած, կանխամտածուած, ծրագրուած եւ կազմակերպուած էր Օսմանեան Պետութեա՛ն կողմէ եւ թէ այս հարցին մէջ անոր սատար եւ աջակից էին գերմանական իշխանութիւնները:
Երբ Գերմանիա գաղտնապահօրէն կը գործէր Թուրքիոյ մեղսակիցի իրավիճակով, այն ժամանակ արդէն նոյն ինքն գերմանացի մտաւորականներ եւ պատմաբաններ փող հնչեցուցած են՝ դատապարտելով Գերմանիոյ քստմնելի մեղսակցութիւնը Օսմանեան Պետութեան հետ եւ քօղազերծելով ու դատապարտելով թուրքերու եւ գերմանացիներու հայոց դէմ գործած ոճիրները: Ձայն բարձրացուցած են նաեւ եգիպտական արաբական թերթերը գերմանական կարգ մը թերթերէն այս առնչութեամբ նիւթեր արտատպելով, որոնք անաչառօրէն ներկայացուցած են ճշմարտութիւնը ինչպէս որ է: Այս վերջին իրողութեան իրազեկ պիտի չըլլայինք եթէ երբեք Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ը հսկայական այս աշխատասիրութիւնը տարիներու ընթացքին պատրաստելով եւ հրատարակելով՝ լոյսին բերած չըլլար այսքան յոյժ կարեւոր իրականութիւններ: