ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի մէջ 2019-ին լոյս տեսաւ Մեսրոպ Հայունիի «Հայասպանութեան նահատակներուն պերճաբան հռետորը` գերպ. դոկտ. Հ. Սահակ եպս. Կոգեան (1895-1963)» հատորը, բաղկացած` 176 էջերէ:
Հեղինակը կ՛ըսէ, որ հայր Կոգեան հարազատ ու գործօն զաւակն է իր ազգին, զոր կը պաշտէր Աստուծմէ ետք, սակայն միշտ Աստուծոյ ընդմէջէն եւ Աստուծոյ համար:
Աստուծոյ հաւատարիմ ու հետեւողական պաշտամունքէն Հ. Կոգեան կը սնուցանէր անչափելի գորովը եւ անցամաքելի սէրը իր հայրենիքին հանդէպ, որուն յարաճուն գորովով ու մնայուն խանդաղատանքով ապրեցաւ եւ ապրեցուց:
Հայունի կը նշէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան Ապրիլեան նահատակներուն մեծագոյն հռետորն է, ճարտասան երգիչը, պերճախօս գրիչը` գերպ. Հ. Սահակ եպս. Կոգեան, որ հանդիսացաւ հայութեան առաջին, երկարագոյն եւ ամենաազդու բեմասացը:
Գիրքին երկրորդ բաժինով տրուած են արխիւներէն հանուած Հ. Կոգեանի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած եւ տարբեր առիթներով խօսուած ճառերը:
Մարտիրոսներուն նուիրուած ճառին մէջ կ՛ըսուի, որ անոնք «են եւ պիտի մնան վկայք անվկանդ եկեղեցւոյ, անոր ճշմարտութեան, աստուածայայտնութեան» տանջանքներով «Իրենց տանջանաց մէջ ցուցուցած յարատեւութեամբ»:
Ազգային խղճին նուիրուած ճառին մէջ կ՛ըսուի, որ ազգը հարազատագոյն մէկ ձեւն է բարոյական-իրաւական անձի: Ազգային խղճին կը պատկանի վճռական ձայն ու դեր: Ան կրնայ խեղդել, ոչնչացնել, կրնայ կազդուրել, փթթեցնել:
Հայ նահատակութեան նուիրուած ճառերուն մէջ կ՛ըսուի, որ նահատակութիւնն է սովորական ընթացքը եւ բովանդակութիւնը հայոց պատմութեան: Նահատակ եղաւ մեր ազգը այն օրէն, երբ ինքզինք կապեց խաչին ու յարեցաւ լուսաբաղձ քրիստոնէութեան:
Նահատակ ու վկայ կը կոչուէին մեր նախնեաց քով այն հաւատացեալները, որոնք կեանքի ու մահուան, տանջանքի ու հանգստեան երկընտրանքի առջեւ` չէին վարաներ ընտրելու տանջանք ու մահ ի սէր հայրենիքի ու Քրիստոսի:
Մենք ունինք մէկ յուշարձան, մէկ արձանագրութիւն նահատակներու արիւնը երկնաբողոք: Արիւնը հայ մայրերու եւ հայրերու, արիւնը կոյսերու, կտրիճներու, արիւնը մանկիկներու եւ ծերերու: Անով գրուեցաւ հայ ժողովուրդի հերոսական դրուագը-դրուագ հաւատքի ու հաւատարմութեան, սիրոյ ու քաջութեան:
Եւ այդ արիւնով կարելի է արժանապէս արձանագրել մարտիրոսութիւն հայ ազգին: