Յարութիւն Իսկահատեան- ՊԱՅՔԱՐ 124
Մարտիկ Մատէնճեան «Բռնագրաւուած Դրախտը-Բռնագաղթ Դէպի Ոչնչութիւն- Չէփնիցիներու Գաղգոթան» խորագրեալ եռահատոր յուշագիրքի Ա. հատորին (Անհատական հրատարակութիւն, Լոս Անճելըս-ԱՄՆ, Փասատենա, 2014, միջակ չափի 408 էջ) մէջ կ’ըսէ, թէ խմբագրական աշխատանք կատարած է կարգ մը թերթերու մէջ չորս տարի, ապա կը յիշէ մօր հետեւեալ ակնարկութիւնը. «Տղաս, իմ պատմութիւնս չգրեցիր» (էջ 7): Այդ մասին մտածելէ յետոյ, կը յղանայ Հայասպանութենէն վերապրող մօր եւ հանգուցեալ հօր պատմութիւնը գրի առնելու գաղափարը: Սակայն նախապէս երբ ինք եւ իր եղբայրներն ու քոյրերը իրենց մօր հարցում մը տային անոր մանկութեան մասին, մայրը կ’ըսէր. «Ամա՜ն կը խնդրեմ մի՛ ստիպէք զիս յիշելու այդ սարսափելի եւ տխուր օրերը» (էջ 7): Այս խօսքերը անշուշտ հոգեցնցում (trauma) ապրող եւ տառապող անձի մը միայն յատուկ են: Այս իրականութեան հակառակ՝ «Թուրքիա յամառօրէն կը մերժէր եւ դեռ կը մերժէ ընդունիլ որ ցեղասպան է ու ես ուզեցի մօրս յուշերուն միջոցաւ Հայասպանութիւնը դրժողներուն դէմ պայքարի յաջողութեան սատարել» (էջ 8): Այս ուղղութեամբ հեղինակը գիրքին յառաջաբանին մէջ շատ կարեւոր հարց մը կ’ընդգծէ ըսելով. «Իրերայաջորդ ամերիկեան վարչութիւնները շարունակաբար անտեսեցին ճանչնալ հայոց դէմ եղած ցեղասպանութիւնը, մինչ Քոսովոյի տաս հազար իսլամներու սպանութիւնը եւ քսան հազար պոսնիացի իսլամներու սպանութիւնը պատերազմի ընթացքին, ցեղասպանութիւն կոչեցին» (էջ 9): Մատէնճեան արդարացիօրէն սաստիկ ընդվզումով է որ կը յիշէ այս իրականութիւնը: Ան կ’աւելցնէ թէ «ճենոսայտ» (ցեղասպանութիւն) բառը մղձաւանջ դարձած է թրքական յաջորդական կառավարութիւններու համար, որոնք լրբօրէն կը ստեն ըսելով թէ հայերը թուրքեր սպաննած են: Ի՞նչպէս կրնար հայը թուրք սպաննել երբ անոր արգիլուած էր դաշոյն մ’իսկ կրել, երբ արդէն բոլոր զէնքերը՝ ունեցած եւ չունեցած, հայերը յանձնեցին: Այո՛ չունեցած՝ որովհետեւ 1915-ին թրքական իշխանութիւնները ստիպեցին այն բոլոր հայերուն, որոնք զէնք չունէին, նոր զէնքեր գնել եւ յանձնել կառավարութեան:
Նկատի ունենալով թէ հայրն ու մայրը Չէփնիի գիւղացիներ էին եւ նոյն կարաւանով բռնագաղթուած, հեղինակը զուգահեռ պատում մըն ալ լսած է հօրմէն՝ Յովսէփ Մատէնճեանէն: Հայրը իր մահէն առաջ ձայներիզի վրայ արձանագրած է իր յուշերը, ինչպէս նաեւ վաթսուն էջնոց յուշերու գրառում մը ձգած է: Մարտիկ Մատէնճեան չէ բաւարարուած այսքանով, այլ հարցուփորձած է իր ծնողքին համագիւղացիները՝ Չէփնի գիւղի կարգ մը վերապրողները: Ան Մեծ Եղեռնի տարիներէն առաջ եւ ետք երկարող ժամանակաշրջանի միջազգային ու հայոց պատմութիւնը ուսումնասիրած է պատրաստելու համար սոյն յուշագիրքը, ուր էջ 403-ի մէջ կը գտնենք օգտագործուած աղբիւրներու ցանկը, որուն կը յաջորդեն գիրքին մասին հրատարակուած դրուատիքներ եւ ապա հեղինակին կենսագրութիւնը, ուրկէ կ’իմանանք, թէ ան յուշագիրքը սկիզբը անգլերէն հրատարակած է ապա հայերէնի թարգմանած ու լոյս ընծայած:
Մարտիկ Մատէնճեան կ’ըսէ, որ ըստ Չէփնի գիւղի տոհմային աւանդութեան բնակիչները եկած են Կիլիկիայէն՝ երբ Լեւոն Զ. թագաւոր աքսորուելով Ռուբինեան Թագաւորութիւնը վերջ գտած է (էջ 15-28): Սկիզբը գիւղը կոչուած է Չոնկարիա, աւելի ուշ հոն հաստատուած թուրքերը, որ ըստ 1900ի տուեալներուն գիւղին կէսը՝ 400 ընտանիք կը կազմէին, զայն վերանուանած են Չէփնի, որ կը գտնուի Սեբաստիոյ գաւառին մէջ, նոյնանուն քաղաքէն 130 քլմ. հարաւ-արեւմուտք եւ Կեսարիայէն 105 քլմ. դէպի հիւսիս (էջ 25):
Հեղինակը «Ընդհանուր կոտորածները 1894-1896» խորագրեալ գլուխին մէջ ապտիւլհամիտեան ջարդերը կը ներկայացնէ ըսելով, թէ ռուսերու կողքին եղած ըլլալնուն համար Ապտիւլ Համիտ հայերը կը պատժէր, սակայն բուն պատճառը այլ էր. ըստ եւրոպական մեծ երկիրներու՝ Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ, Ռուսիոյ, Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ դեսպաններու Պեռլինի ժողովին ներկայացուցած զեկուցումներուն, հայկական վեց նահանգերու հայ բնակչութեան թիւը գերակշիռ էր թուրքերուն (էջ 42): Այս պատճառով սուլթան Ապտիւլ Համիտ սկսաւ հրահրել իսլամական մոլեռանդութիւնը հակահայ սուտ քարոզչութեամբ եւ գաղտնօրէն քաջալերեց իսլամ տգէտ ու կրօնամոլ զանգուածներուն կողոպտել եւ սպաննել հայերը եւ անոնց տեղ բնակեցուց պալքաններէն վռնտուած իսլամները (էջ 31): Մարտիկ Մատէնճեան շարունակելով այս նիւթին ներկայացումը՝ «Մեհրալի Պէյ» վերնագրուած գլուխին մէջ (էջ 42-55) կը նկարագրէ Սեբաստիոյ Մեհրալի գաւառակի համիտիյէ հեծելազօրքի հրամանատարին՝ Մեհրալի պէյի ձախաւեր յարձակումը Չէփնիի վրայ եւ անոր ամօթալի պարտութիւնը, բայց կ’աւելցնէ թէ Չէփնիի հայերը բազմաթիւ մարդկային կորուստներ եւ նիւթական վնասներ կու տան: Հեղինակը կը յիշէ որ այս կռիւներուն Չէփնիի թուրքերը իրենց հայ համագիւղացիները կը պաշտպանեն եւ կարելի չափով դէմ կը կենան համիտիյէի վայրենի վոհմակներուն:
Հեղինակին հայրը՝ Յովսէփ որդին էր Մարտիրոսի եւ Թագուհիի, որ գիւղին մէջ յայտնի Երեմիա էֆենտիի դուստրն էր: Յովսէփ ծնած է 1901-ին Չէփնի: Հեղիակին մեծ հայրը՝ Մարտիրոս Մատէնճեան ծանօթ էր Մատէնճի Պատոս անունով: Յովսէփի ապագայ կինը՝ Վարդենի ծնած է 1907-ին Արթին Սարեան եւ Սառա Չիֆթճեան ամոլէն: 1908-ին Արթին ուրիշ չէփնիցիներու հետ կը սպաննուի Ատանայի կոտորածի ատեն, ուր աշխատելու գացած էր:
Ապտիւլհամիտեան ջարդերուն ժամանակ Չէփնիի քահանան՝ Տէր Գաբրիէլ հայկական զինեալ դիմադրութեան ղեկավարներէն էր: Թուրքերը մտադրած էին սպաննել զայն: Տէր Գաբրէիլ կը նախընտրէ հեռանալ եւ իր պատճառաւ գիւղը չվտանգել: Ուստի ան ընտանեօք Սեբաստիա կը հաստատուի: Անոր նախկին օգնականը քահանայ կ’օծուի գիւղին երեւելիներու հաւանութեամբ եւ Տէր Վահան անունը կը կրէ: Սկիզբը Տէր Վահան խղճամտութեամբ կը կատարէ իր պաշտօնը, սակայն աւելի ետք ան կը սկսի զեղծարար գործերով զբաղիլ: Չէփնիի հայերէն ոմանք կը դժգոհին եւ դաւանափոխ կ’ըլլան ու հայ կաթողիկէ եկեղեցիին կը միանան:
Հեղինակը յուշագիրքին 79-92-րդ էջերուն մէջ Երիտթուրքերու 1908-ի յեղափոխութիւնը կը ներկայացնէ: Անկէ տարի մը ետք թուրքերը Կիլիկիոյ եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ հայոց ահաոր կոտորածներ կը գործադրեն: Հայերը սկիզբը շատ ոգեւորուած էին յեղափոխութեամբ, յուսալով որ այդ մէկը ի նպաստ իրենց բարիքներ պիտի բերէր: Մարտիկ Մատէնճեան այս մասին կը գրէ. «Երիտասարդ թուրքերու եղբայրութեան եւ հաւասարութեան յեղափոխութեան հայոց մասնակցութեան գինը վճարուած էր: Ատանայի ջարդերը սեւ էջ մը կազմեցին հայոց պատմութեան մէջ, որպէս Ատանայի Աղէտը»:
Այս միջոցին հայ կաթողիկէ համայնքին համար Կեսարիայէն Չէփնի կու գայ ֆրանսացի վարդապետ հայր Կրանսօ: Ան կը սկսի եկեղեցի մը ու դպրոց մը կառուցել տալ Չէփնիի մէջ:
Վերադառնալով Կիլիկիոյ Աղէտին Մարտիկ Մատէնճեան կ’ըսէ. «Չէփնիի ժողովուրդը սգաց իր համագիւղացիները: Մօտ վաթսուն չէփնիցի հայեր ջարդուած էին Կիլիկիոյ մէջ: Գիւղացիները իրենց զաւակներուն հետ սպաննուած էին: Անոնք Ատանա գացած էին դաշտերու մէջ աշխատելու ձմրան եղանակին որ դրամ վաստկին»: Հեղինակը ապա կ’անցնի 1914-ին թուրքերու պատերազմի պատրաստութեան, զոր մանրամասնօրէն կը նկարագրէ յուշագիրքին 128-150-րդ էջերուն մէջ:
Չարագուշակ 1915-ի ամրան սկիզբը ինչպէս ամենուրէք Չէփնիի մէջ եւս թուրքերը կը հալածեն հայերը, կը ձերբակալեն, կը բանտարկեն եւ կը սպաննեն: Այս ուղղութեամբ Մարտիկ Մատէնճեան կ’ըսէ. «Այն հայերը որոնք զինուորական ծառայութենէն ազատ արձակուած էին, ըլլայ փրկագինով (պէտէլ) կամ որեւէ պատճառով անատակ նկատուած էին, սովորականին պէս գործի կ’երթային եւ ընտանիքը կը հոգային: Յանկարծ անոնք ձերբակալուեցան իրենց տուներուն մէջ, իրենց գործատեղիներուն մէջ եւ նոյնիսկ՝ փողոցին… հիմա հայ կիները իրենց տղամարդոցմէ՝ ամուսին, եղբայր եւ հայր զրկուած են: Այրերը կամ զինուորագրուած են եւ կամ՝ բանտարկուած» (էջ 181):
Երբ 1915-ի ամառը թրքական իշխանութիւնը Չէփնիի հայոց կը հաղորդէ բռնագաղթի հրամանը, Միքայէլ չաւուշ անունով չէփնիցի յեղափոխականը եւ 47 երիտասարդներ կ’ընդդիմանան այս ֆերմանին, բռնագաղթի հրահանգին չեն հնազանդիր եւ իրենց զէնքերը առած լեռները կ’ապաստանին: Անոնք աւելի ուշ կը միանան Ագ Տաղի ըմբոստ հայ քաջերուն (էջ 182-189):
«Երբ վերադառնաք պիտի գտնէք ձեր տուները ինչպէս որ հիմա կը ձգէք» (էջ 204), այս խօսքերով է որ թուրք մունետիկը Չէփնիի հայոց բռնագաղթի հրամանը կու տայ: Միւս կողմէ գիւղին թուրք մոլլան կը յայտարարէ. «Ով որ քրիստոնեայ հաւատքը ուրանայ եւ իսլամանայ, կրնայ գիւղը մնալ եւ պահել իր կալուածները» (էջ 205): Միայն քանի մը ընտանիք հաւատափոխ կ’ըլլան: Մնացեալը ճամբայ կ’ելլէ դէպի անորոշութիւն: Անոնց «հանգիստ»ի առաջին հանգրուանը կ’ըլլայ Գարակէօլ գիւղը, որուն հայ բնակչութիւնը արդէն բռնագաղթուած էր: Չէփնիի գաղթականները երկու օր ետք Սարըչիչէք գիւղը կը հասնին, որ կը գտնուի Ուզունեայլայ կոչուած լեռնադաշտին մէջ: Հոն տարաձայնութիւն կը շրջի թէ թուրքերը գաղթականները պիտի տանին Եդեսիա, ուր իբրեւ թէ զինուորագրուած հայ երիտասարդները իրենց ընտանիքներուն պիտի միանան: Եղածը պարզապէս յօրինուած թրքական սուտ մըն էր:
Չէփնիի կարաւանին մէջ կը քալեն Յովսէփ Մատէնճեան՝ 14 տարեկան, եղբայրը Խաչիկ՝ 15 տարեկան, քոյրերը եւ մայրը՝ Թագուհին: Կարաւանը կ’անցնի Օրթլէք եւ Հայրիլէ գիւղերու մօտէն: Ոստիկանները անոնց թոյլ չեն տար որ գիւղ մտնեն: Քիչ մը անդին Կովկասէն գաղթած ազնուասիրտ չէրքէզ աշիրէթապետ Եահիա պէյ օգտակար կը դառնայ կարաւանի բռնագաղթուածներուն: Շարունակելով բռնագաղթի ճամբան, ուրիշ վայրերէ հայ աքսորեալներու խումբեր կը միանան կարաւանին, որ լեռնային կիրճի մը կը մօտենայ Ֆրունճիլար գիւղէն քիչ մը անդին: Հոն տխրահռչակ Զէյնալ պէյ իր քրտական Ռէշուան ցեղախումբի զինեալներով կը կողոպտէ հայերը եւ 15-է վեր այրերը կը սպաննէ: Քիչ մնացած էր որ անոնք սպաննէին Խաչիկը, որ հրաշքով կը փրկուի:
Աւելի անդին չոր վայրի մը մէջ Յովսէփի մայրը՝ Թագուհին գետին կ’իյնայ հիւանդ վիճակով եւ այլեւս չի կրնար ճամբան շարունակել: Խաչիկ անոր մօտ կը մնայ, իսկ Յովսէփն ու քոյրերը ոստիկաններու մտրակներու շաչիւններուն տակ ակամայ կը յառաջանան կարաւանին հետ:
Երբ կարաւանը զանազան գիւղերէ ու քաղաքներէ անցնելով հիւսիսային Սուրիոյ Սուրուճ քաղաքը կը հասնի, արաբական մահմետական բարեգործական կազմակերպութեան մը անդամները հայ գաղթականներուն հաց եւ ուտելիք կը բաշխեն իբրեւ «բարի եկաքի ազնիւ ձեւ մը»: Անոնք հայ բռնագաղթուածներուն հոգ կը տանին եւ թոյլ կու տան իրենց փափաքած վայրերու մէջ տեղաւորուիլ (էջ 258):
Ատեն մը Սուրուճ մնալէ յետոյ, կարաւանը ճամբայ կ’ելլէ ու կը հասնի Հալէպ: Հոն Յովսէփի քոյրերը զայն հայ փռապանի մը քով իբրեւ աշկերտ կը դնեն: Չէփնիցիներու խումբով մը Վարդենի Սարեան իր քրոջ՝ Աննայի, եղբօր՝ Համբիկի եւ մօր՝ Սառայի հետ Հոմս կը տարուի: Հեղինակը կ’ըսէ թէ երբ Հալէպի քաղաքապետը գաղթականներու բազմութեամբ շուարած՝ չէր գիտէր թէ ի՞նչ պիտի ընէ եւ այս մասին հեռագրած էր Թալաաթի, վերջինիս պատասխանած էր. «Անոնց [գաղթականներուն] երթալիք տեղը անէութիւն է»: Հալէպի մէջ շատերուն կ’առաջարկուի իսլամանալ ողջ մնալու համար: Անոնց մեծ մասը կը պատասխանէ. «Մեր կրօնքը չփոխեցինք Չէփնիի մէջ, հոս ալ պիտի չփոխենք, այսքան տառապանքներէ ետք»: Այն օրերուն Հալէպի հայ գաղթակնները կ’ամբաստանուին իբրեւ պատճառ քաղաքին մէջ ժանտատենդի տարածման: Զայրացած թուրք կառավարիչը կը հրամայէ զանոնք քաղաքէն դուրս շպրտել:
Հոմսի մէջ Վարդենիի մայրը՝ Սառան զայն կու տայ արաբ ընտանիքի մը, որպէսզի ողջ մնայ, իսկ որդին՝ Համբիկը արաբ հողագործի մը քով կ’աշխատի: Չէփնիի հայոց բռնագաղթէն վեց ամիս անցած էր: Սառան եւ միւս դուստրը՝ Աննան կ’անյայտանան: Ոչ ոք գիտէր թէ անոնք ուր կը մնան:
Մարտիկ Մատէնճեան Հոմսի հայ տարագրեալներուն կեանքին մասին հետեւեալը կ’ըսէ. «Ձմեռը անցաւ: Շատեր սովամահ եղան ուտեստեղէնի սակաւութեան պատճառաւ… հետզհետէ կը սղէր ապրանքներու գինը: Ուտեստեղէնը աւելի թանկ էր քան դրամը» (էջ 298):
Պատերազմը վերջ կը գտնէ 1918-ի վերջերը եւ հայ աքսորեալները հետզհետէ սպառած վիճակէ դուրս ելլելով կը կանոնաւորեն իրենց կենցաղը: Որբահաւաքի պատասխանատուներ Հոմս քաղաը կը շրջին եւ հայ որբեր կը հաւաքեն: Վարդենի Հալէպ որբանոց կը տարուի: Յովսէփ Մատէնճեան Հալէպի մէջ կամաւոր որբահաւաքի գործին կը նուիրուի: Ան իր արհեստին բերմամաբ՝ Հալէպի հարուստներուն տուները հաց բաժնելով, գիտէր թէ ո՞ւր հայ որբուհիներ եւ որբեր կային: Յովսէփ ապա Ատանա կը մեկնի եւ կարճ ատեն մը իր մօրեղբօր՝ Յովհաննէսին հետ կ’ապրի, անկէ ետք իբրեւ օգնական կը ծառայէ Գերապայծառ Քեքլիքեանի:
Կիլիկիան Մուսթաֆա Քեմալին տալու ֆրանսացիներու դաւադրութենէն յետոյ, հայերը կը ստիպուին երկրորդ անգամ իրենց տուներէն գաղթել: Յովսէփ Լիբանան կու գայ եւ Գերապայծառ Քեքլիքեան եպիսկոսին կը ծառայէ Զմմառու վանքին մէջ: Վարդենի Սարեան Հալէպէն կը տեղափոխուի Լիբանան եւ կը մնայ Քէլէկեան որբանոցը: Հոս վերջ կը գտնէ յուշագիրքին այս Ա. Հատորը:
Մարտիկ Մատէնճեանի այս հատորը կրկնակի կարեւորութիւն կը ստանայ Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերագրման գործին մէջ, որովհետեւ ան նախ անգլերէն տպուած ու տարածուած է օտար շրջանակներու մէջ, ապա հայերէնով լոյս տեսած: Հեղինակը այս յուշագիրքի պատրաստութեան ատեն օգտուած է ոչ միայն իր երէց սերնդակիցներու յուշերէն, այլ նաեւ ուսումնասիրած եւ օգտագործած է Հայասպանութեան մասին անգլերէն լեզուով ալ աղբիւրներ, որ այս վկայարանը հաւաստի ու գիտական կը դարձնէ: Մարտիկ Մատէնճեան շնորհաւորելի աշխատանք կատարած է Հայասպանութեան աւելի եւս բացայայտման գործին մէջ: