ՅԱՐՈՒԹ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 183
Երիտթուրքերու Իշխանութեան Էութիւնը Ըստ Աւստրօ-Հունգարական Փաստաթուղթերուն
Քսաներորդ դարու սկիզբը Օսմանեան Պետութեան հայկական նահանգներու մէջ բարեկարգումներու հարցը երբ աւելի քան քառոռդ դար ձգձգուած էր, թուրքն ու անոր դաշնակիցները անշուշտ դոյզն չափով իսկ մտահոգուած չէին հայոց իրավիճակով, այլ՝ կը մտատանջուէին Եւրոպայի միջամտութեան Թուրքիոյ հարցերուն: Օսմանեան Պետութեան դաշնակիցներ Գերմանիա եւ Աւստրօ-Հունգարիա խորապէս մտահոգուած էին Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Իտալիոյ Օսմանեան Պետութեան գործերուն միջամուխ ըլլալէ եւ այս ուղղութեամբ ելք մը կը փնտռէին: Այդ միջոցին գետնի վրայ թուրք ոստիկան զինուորները, քիւրտերն ու Համիտիէ ջոկատներ կը կեղեքէին ու կը կողոպտէին հայ խաղաղ բնակիչները:
Օսմանցի հարկահաւաքները ծանր տուրքեր կը գանձէին հայերէն, որոնք այդ տուրքերը վճարելու համար դրամատուներէն գումարներ փոխ կ՛առնէին գրաւի դնելով իրենց ստացուածքները: Դրամատուները գոհ էին որովհետեւ անոնք գիտէին, թէ հայերը պիտի չկարենային վճարել իրենց պարտքերը եւ իրենք հայոց ստացուածքները պիտի բռնագրաւէին: Թուրքերու հայոց դէմ գործած ոճիրներն ու կեղեքումները կը սաստկանան 1904-ի կէսերուն: Սալորիի եւ Սամսոնի շրջաններուն մէջ անոնք 3500 հայեր կը կոտորեն, քանի մը գիւղ կրակի կու տան եւ ապա Մուշի շրջանին մէջ 100 հայ երիտասարդ կը սպաննեն: Թուրքերը նաեւ Վանի հայոցմէ քանի մը հոգի կը սպաննեն, քաղաքին մէջ կոտորած գործադրելու հեռանկարով, սակայն օրուան Վանի կառավարիչին խաղաղասիրական միջամտութեամբ այդ ջարդը կը կանխուի:
20-րդ դարու սկիզբի զարգացումներն ու երիտթուրքերու վերակազմաւորման ծալքերը կը քննարկէ Վիեննաբնակ պատմաբան դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան իր հեղինակած «Հայաստան 1915, Աւստրօ-Հունգարական Դիւանագիտական Զեկուցագիրները Կը Հաստատեն Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստը» խորագիրով անգլերէն գիրքին երրորդ գլուխին մէջ (Armenia 1915, Austro-Hungarian Diplomatic Reports Prove the Genocide, «Բաւիղ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2011, 322 էջ): Այս գիրքը անգլերէն ամփոփ ներկայացումն է հեղինակին հրատարակած 12 հատորնոց աշխատութեան, որ կը կրէ «Աւստրիա-Հայաստան 1872-1936. Դիւանագիտական Փաստաթուղթերու Պատճէնահանուած Հաւաքածոյ» խորագիրը, որ 1995-էն 2011 տարիներու ընթացքին անոր ուսումնասիրած եւ ներկայացուցած Հայկական Հարցին վերաբերեալ աւստրօ-հունգարական պատմական պաշտօնական փաստաթուղթերը կ՛ընդգրկէ:
Ըստ https://en.wikipedia.org/wiki/Sabbatai_Zevi համացանցային կայքին, Սապաթայ Սեվի (Եփրայերէն Shabbetai Ẓevi, Shabbeṯāy Ṣeḇī, Shabsai Tzvi, եւ Sabetay Sevi թրքերէն) (Օգոստոս 1, 1626 – Սեպտեմբեր 17, 1676) Զմիւռնիայէն արկածախնդիր, պատեհապաշտ եւ հիւանդագին հոգեբանութեամբ յետին նպատակներով եւ իր ինքնակեդրոնութեան հոգեբանական բարդոյթին գոհացում տալու նպատակով կամ ալ մտային խանգարումի իբրեւ հետեւանք, ան ինքզինք հրեաներու սպասուած մեսիան յայտարարած էր: Շուտով անոր բացայայտ սուտը երեւան եկած էր եւ ան պատիժէ խուսափելու համար իսլամացած էր: Ուրիշ հրեաներ անոր դաւանափոխութեան օրինակին հետեւելով եւ բազմանալով դարձան թուրք ժողովուրդին մէջ համայնք մը՝ տէօնմէները, այսինքն՝ թրքացած հրեաները՝ յետադարձները:
Սալոնիկի մէջ Երիտթուրքերը կը կազմակերպեն իրենց շարքերը Միութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան անուան տակ: «Անոնցմէ շատերը կը պատկանէին մասոնական (ազատ որմնադրական) օթեակներու, որոնք կապուած էին Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ Մեծ Արեւելք օթեակին: Այս տեսակի մասոնութիւնը անկասկած մեծ դեր խաղցած է Երիտթուրքերու քաղաքական աշխարհահայեացքի կազմութեան մէջ», կ՛ըսէ պատմաբան Էտմընտ Թայլըր, ինչպէս որ կը նշէ դոկտ. Օհանջանեան իր վերոնշեալ գիրքին մէջ: Երիտթուրքերը շնորհիւ իրենց մասոնական ըմբռնումներուն՝ եղբայրաբար կ՛ընդունին իրենց մէջ ամէն ազգի եւ դաւանանքի մարդիկ (էջ 47), կ՛աւելցնէ Թայլըր: Անոնց շարքերուն մէջ քիչ չէին նաեւ տէօնմէները: Կը մնայ բացատրել Երիտթուրքերու ոճրային արարքներու ատակ ըլլալու թրքածին բնոյթը…: Այնքա՜ն ժողովրդավար, այդքա՜ն եղբայրասէր, այդքա՜ն ազատամիտ, սակայն ահաբեկիչ, այլեւ՝ ոճրագործ, սատանայի ստրուկներ էին անոնք:
Հեղինակը՝ դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան կ՛ըսէ. «Ապտիւլ Համիտի տարօրինակ եւ սխալ դիւանագիտութիւնը՝ «բաժնէ՛, որ տիրես», ինչպէս նաեւ Յունիս 1908-ին բարենորոգումներու նոր ծրագիրի շուրջ Անգլիոյ Էտուըրտ թագաւորի եւ Ռուսիոյ Նիքոլայ ցարի միջեւ բանակցութիւնները Թուրքիոյ մէջ արագացուցին Երիտթուրքերու յեղափոխութիւնը» (էջ 48):
Երիտթուրքերու յեղափոխութեան յաջողութենէն հրճուելով եւ ոգեւորուելով, 24 Յուլիս 1908-ին Մակեդոնիայի կառավարիչ՝ Մահմուտ Շեւքէթ փաշա հետեւեալ հեռագիրը կը յղէ Օսմանեան բանակին գերմանացի ծառայող հազարապետ Քոլմար Ֆրայհեր վոն տէր Կոլցին (12 Օգոստոս 1843- 19 Ապրիլ 1916). «Համեստօրէն պատիւ կը զգամ տեղեկացնելու ձեզի թէ ձեր հնազանդ աշակերտները ոյժով ստիպեցին հին թրքական կառավարութեան հրաժարիլ բռնատիրութենէ ու որդեգրել Սահմանադրութիւնը» (էջ 50):
Վերոյիշեալ երկտողը կը բացայայտէ ոչ միայն Գերմանիոյ վարչակարգին եւ բանակին օգնութիւնները Օսմանեան Պետութեան, այլ նաեւ անոնց ցուցմունքներն ու լրիւ մասնակցութիւնը Երիտթուրքերու իշխանութեան ստանձնման մէջ: Գերմանացիներն ու աւստրօ-հունգարացիները Երիտթուրքերը իշխանութեան գլուխ բերին, որպէսզի համիտեան ժամանակաշրջանին վերջ տալով Թուրքիոյ իրավիճակը փոխեն ձերբազատելու համար եւրոպական երկիրներու միջամտութենէն, որուն համար շատ մտահոգ էին, ինչպէս վերը յիշեցինք:
Աւելի ահռելի իրականութիւնը այն է թէ Կոլց եւ անոր գերմանացի գործակիցները, իրենց իսկ ծնած եւ սնուցած Երիտթուրքերու բռնատէր ու ոճրագործ ըլլալու իրականութիւնը գիտէին եւ կ՛ընդունին հոգիի ու մտքի ամենայն «խաղաղութեամբ», քաջ գիտնալով թէ այդ նենգ արարքներով պիտի հասնին իրենց նպատակին՝ հոգ չէ թէ արիւնահեղութիւն ու տառապանք պատճառելով հայոց:
Քոլմար Ֆրայհեր վոն տէր Կոլց, Մահմուտ Շեւքէթի հեռագիրը կարդալէ անմիջապէս ետք հետեւեալը կ՛արձանագրէ իր յուշատետրին մէջ. «Իրականութեան մէջ, մէկ բռնատիրութիւն մը միւսը փոխարինեց» (էջ 50): Եթէ երբեք Կոլց Ապտիւլ Համիտը բռնատէր կ՛անուանէ, ուրեմն թէ՛ ինք եւ թէ՛ Գերմանիոյ վարչակարգը քանի մը տասնեակ տարի ոչ միայն դաշնակցեցան անոր հետ, այլ հայոց դէմ ոճիրները ծրագրեցին եւ անոնց գործադրութեան մասնակցեցան ու նեցուկ կ՛անգնեցան: Բնական հաստատում մը որ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ Գերմանիոյ մեղսակցութեան զօրաւոր փաստարկ մըն է:
Դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան կ՛ըսէ թէ Երիտթուրքերը Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի տեղը գրաւեցին Թուրքիոյ հարցերը իրենց ձեռքը առնելու եւ կառավարելու մէջ: Անոնք թուրք ազգայնամոլութեան նոր թափ տուին եւ այսպիսով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ընդդիմութիւնը արթնցաւ եւ սկսաւ գործել երկրին մէջ: Երիտթուրքերը իրենց քաղաքականութիւնը հիմնած էին ահաբեկչութեան վրայ: Այս հարցին մասին Սալոնիկի աւստրօ-հունգարացի հիւպատոսը կը զեկուցէ իր երկրի արտաքին գործերու նախարարութեան. «Երիտթուրք Կոմիտէն յաջողութիւն գտաւ որովհետեւ ահաբեկչութեան գաւազան ցոյց տուաւ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն: Ահեբեկչութեան ուրուականը ներկայ է երիտթուրքերու բոլոր նախարարութիւններուն եւ նոյնիսկ երկրին խորհրդարանին մէջ» (էջ 52): Նկատի ունենալ որ այս միտքը արտայայտողը Օսմանեան Պետութեան դաշնակից պետութեան մը ներկայացուցիչը եւ հոն ծառայող դիւանագէտ մըն է:
Սոյն գլուխին մէջ դոկտ. Օհանջանեան թուրք կրօնամոլական միութիւններու ազդեցութիւնը կը բացատրէ Երիտթուրքերու ընդհանուր գործունէութեան վրայ: Իրենց ոճիրներուն մէջ զանոնք օգտագործելու հեռանկարով՝ Երիտթուրքերը կրօնամոլութեան հայոց դէմ «բարիքներուն» սիրոյն է որ անոնց լայն տեղ տուին, սակայն այս մէկը իրենց իսկ դէմ դարձաւ՝ երբ կրօնամոլները միացան պահպանողականներուն, որոնք կարճ ժամանակի համար տապալեցին Երիտթուրքերու իշխանութիւնը: Թէեւ Երիտթուրքերը ստապատիր ձեւով եւ կեղծաւորաբար յայտարաած էին քրիստոնեաներու եւ այլ կրօններու պատկանող քաղաքացիներու միջեւ հաւասարութիւն ու եղբայրութիւն, այդ մէկը նոյնիսկ կը մերժուէր կրօնամոլ եւ ազգայնամոլ թուրքերու կողմէ:
Դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան այս գլուխին մէջ իսկական արժեւուրմը կու տայ Միութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան եւ անոր ոճրային հեռանկարներուն: Անոր ներկայացումը առարկայական է եւ լայն լոյս կը սփռէ անոնց քաղաքական ու ազգայնամոլական ծրագիրներուն վրայ: Փաստավաւերագրական այս գործը յաւելեալ արժէքաւոր ներդրում մըն է Հայասպանութեան էութեան բացայայտման մէջ: