Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ 201
Ճիհատը (Իսլամական Սուրբ Պատերազմ) Հայասպանութիւնը Իրագործելու Գերմանիոյ Յղացումն էր
Ուսումնասիրելով աւստրօ-հունգարական դիւանագիտական արխիւները, սկիզբը այն տպաւորութիւնը կ’ունենաք, թէ Գերմանիա Մեծն Բրտանիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ այլ եւրոպական երկիրներու հետ ունեցած այլեւայլ հաշիւներուն համար է որ Թուրքիոյ կը թելադրէ, աւելին կաշառքով կը պարտադրէ Ճիհատ (իսլամական սուրբ պատերազմ) յայտարարել դաշնակիցներուն դէմ: Խորքին մէջ այս քայլը առաջին հերթին Գերմանիա կ’ուղղէ հայոց դէմ, որովհետեւ դէպի արեւելք տարածուելու իր հեռաւոր նպատակներուն համար ան հայերը մեծ արգելք կը նկատէ: Արդարեւ Գերմանիոյ կայսր Վիլհելմ Բ. 15 Օգոստոս 1914-ին Էնվեր փաշայէն պահանջած է ճիհատ յայտարարել՝ դէմ դնելու համար ռուսական հաւանական յարձակումին: Ճիհատը հայ ազգը բնաջնջելու սկիզբն էր, որովհետեւ Գերմանիա հայոց աւերումի ոճիրը կանխամտածած ու ծրագրած էր, որուն պիտի հետեւէր ռուսերուն դէմ Գերմանիոյ յաղթանակին ապահովութիւնը եւ այլ իրագործումներ: Այս հարցին՝ Գերմանական մեղսակցութեան մասին կը կարդանք նաեւ եգիպտական արաբատառ մամուլին մէջ կարգ մը յօդուածներ, որոնք սկիզբէն կը քօղազերծեն հայոց դէմ Գերմանիոյ կեցուածներն ու արարքները:
Մտահոգուած Օսմանեան Պետութեան քրիստոնեաներու ճակատագիրով, Կ. Պոլսոյ մէջ Ա.Մ.Ն.-ի դեսպան Հենրի Մորկընթաու, հայոց կեանքի ապահովութեան շուրջ կը զրուցէ Գերմանիոյ տեղւոյն դեսպան Վանկենհայմի հետ, որուն վերջին խօսքը հետեւեալը կ’ըլլայ. «Այնքան ատեն որ Անգլիա Տարտանելի կամ այլ թրքական նաւահանգիստի վրայ յարձակում չի գործեր, [քրիստոնեաներու ճակատագիրով- Յ. Ի.] մտահոգուելու պէտք չկայ: Հակառակ պարագային, ձեզի չեմ կրնար ոչ մէկ բան ապահովել այդ ուղղութեամբ» (էջ 111): Այս յայտարարութեան համար դոկտ. Արտեմ Օհանճանեան կ’ըսէ. «Վանկենհայմի պատասխանը համահաւասար է քրիստոնեաները կոտորելու սպառնալիքի՝ թրքական նաւահանգիստներէն մէկուն վրայ անգլիական յարձակումի պարագային: Հետեւաբար ինչպէս յայտնի է Վանկենհայմի սպառնալիքը հետագային գործադրուեցաւ» (էջ 111):
Գերմանիա կը ձգտի Օսմանեան Պետութեան հետ խառնակչութեան արարքներ իրագործել Կովկասի մէջ, ազրպէյճանցի թաթարներն ու ընդհանրապէս իսլամ հասարակութիւնը բողոքի հանելով ռուսական իշխանութեան դէմ: Այս դժոխային գաղափարը յղացած էր գերմանացի տխրահռչակ դիւանագէտ Մաքս ֆոն Օփենհայմը 1898-ին: Այս գաղափարով հմայուած ու ոգեւորուած Վիլհելմ Բ. կայսրը երբ Դամասկոս այցելեց ինքզինք մահմետականներու խնամակալ վեհապետը հռչակեց:
Թուրքերը 1914-էն սկսեալ գերմանացիներուն հետ իրենց բանակցութիւններու եւ խորհրդակցութիւններու շրջանին՝ հայոց շարժումներուն աւելի մօտէն սկսան հետեւիլ ու զանոնք քննել: Անոնք շահագործելով հայոց հաւատարմութիւնը իբրեւ լաւ քաղաքացիներ, հանդգնութիւնը ունեցան հայերէն պահանջելու որ իրենց կովկասահայ հայրենակիցները դրդեն եւ բողոքի ու յեղափոխութեան դիմել տան ռուսական իշխանութիւններուն դէմ: Այս մէկը Հայաստանի արեւմտեան հատուածի՝ այսինքն Օսմանեան Պետութեան հպատակ հայութիւնը մերժեց կատարել: Թուրքերը սկսան ծուռ աչքով նայիլ հայոց եւ արդէն իսկ լարուած մթնոլորտը աւելի շիկացաւ: Սակայն թուրքերը շուտով դիւանագիտօրէն կացութիւնը փորձեցին մեղմացնել՝ իբրեւ թէ իրենք վատ արարք մը գործելու տրամադիր չէին, որպէսզի իրենց կանխամտածուած եւ ծրագրած Հայասպանութիւնը չվրիպի իրագործելէ:
Թուրք-գերմանական բանակցութիւններու կողքին կաշառակերութիւնն ալ իր դերը կը կատարէ Երիտթուրք ղեկավարներու դիրքորոշման հարցին մէջ: Ասոր մասին աւստրօ-հունգարական դիւանագիտական արխիւներէն կը պարզուի հետեւեալ իրողութիւնը, 10 Հոկտեմբեր 1914-ին Կ. Պոլսոյ մէջ Աւստրօ-Հունգարիոյ դեսպան Փալավիչինիի կողմէ ըսուած. «Գերմանական աղբիւրներէ իմացայ թէ գաղտնի խօսակցութիւն մը տեղի պիտի ունենայ այս երեկոյ Էնվեր փաշայի, Թալաաթ պէյի եւ Ճեմալ պէյի միջեւ, որուն ընթացքին Ճեմալ պէյ, որուն դիրքորոշումը ցարդ յստակ չէ, պիտի հարկադրուի յստակացնել թէ Էնվեր փաշայի ղեկավարութեամբ Երիտթրքական խումբին կը միանայ կամ ոչ: Իմացայ նաեւ թէ կաշառքի առաջարկը մեծ դեր պիտի խաղայ այս հարցին մէջ: Գերմանական կառավարութիւնը Էնվեր փաշայի խոստացած է 100 միլիոն ֆրանք՝ եթէ ան թշնամիին վրայ յարձակում գործել խոստանայ: Յաւելեալ 300 հազար թրքական ոսկի խոստացուած է անոր: Այս գումարը պահք դրուած է գերմանական դրամատուներէն մէկուն մէջ» (էջ 113): Իբրեւ եզրափակում վերոնշեալ առաջարկին, երեք օր ետք՝ այսինքն 13 Հոկտեմբերին Փալավիչինի իր մեծաւորին կը զեկուցէ, թէ յաջողուած է Ճեմալ փաշան գերմանացիներուն կողմը ներգրաւել եւ թէ ան իր Երիտթուրք գործընկերներուն՝ Թալաաթի եւ Էնվերի հետ գործի պիտի անցնի անմիջապէս որ անոնք ստանան 100 միլիոն ֆրանքի գումարը:
Կասկած չկայ թէ կաշառքով կատարուելիք յանձնարարութիւններուն գլխաւորը հայոց կոտորածներն են, որովհետեւ գերմանական ամէն մէկ քաղաքական, տնտեսական կամ զինուորական թիրախի առջեւ հայութիւնը իբրեւ արգելք կը նկատուէր Գերմանիոյ կողմէ: Սակայն եւ այնպէս հակառակ գերմանացի եւ աւստրօ-հունգարացի դիւանագէտներուն այս իրադարձութիւնները հաւատարմօրէն տեղեկագրելուն, անոնցմէ շատերը եւ մանաւանդ Փալավիչինի կը քննադատէ Ճիհատի յայտարարութիւնը ըսելով. «Էնվեր փաշայի բացայայտ մտադրութիւնը՝ իսլամ բնակչութեան ծայրահեղ կրօնական զգացումները իբրեւ պատերազմական գործիք օգտագործելու ես շատ վտանգաւոր կը գտնեմ: Իմացայ թէ Շէյխ ուլ Իսլամը Ֆաթուա (իսլամական հրովարտակ-Յ.Ի.) մը ստորագրած է Մէքքէի մէջ, ըստ որուն բոլոր մահմետականները պարտաւոր են ռուսեր, անգլիացիներ եւ ֆրանսացիներ սպաննել, իբրեւ թէ անոնք իսլամութեան թշնամիներն են: Այս հրովարտակը սակայն առաջին հերթին կը սպառնայ քրիստոնեաներուն եւ զայն հակակշռող ոչ մէկ որոշում կրնայ արգելք ըլլալ անոր: Ուրեմն այս հրովարտակը շատ վտանգաւոր է: Անոր գործելիք աւերին եւ հետեւանքներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը Գերմանիոյ վրայ կ’իյնայ՝ ոչ միայն իբրեւ հրահրող [այլ այդ գաղափարը յղացող- Յ. Ի.]: Համոզուած եմ որ հաւանականօրէն տեղի ունենալիք ջարդերը շատ գէշ տպաւորութիւն պիտի գործեն չէզոք երկիրներու եւ մանաւանդ Ա.Մ.Ն.-ի ու Իտալիոյ վրայ» (էջ 115):
Դիպուածի զարմանալի զուգադիպութեամբ խաղաղասէր ու բանիմաց մարդիկ, նոյնինքն գերմանացի կամ աւստրօ-հունգարացի մտածողներ, խստօրէն կը դատապարտեն եւ աններելի ոճիր կը նկատեն հայոց դէմ յայտարարուած Ճիհատը, զայն անմարդկային նկատելով ու յիշեցնելով նախօրօք թէ անոր հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը լիուլի Գերմանիոյ եւ Երիտթուրքերու վրայ կ’իյնայ:
Ինչպէս որ ծրագրուած էին այնպէս կ’ընթանան դէպքերու զարգացումները: Թուրքերը կը սկսին ամէնուրէք հալածել հայերը: Կ. Պոլսոյ հայկական թերթերը այլեւս կը ստիպուին հրատարակել ցաւոտ լուրեր, թէ հայ այրերը հաւաքուելէ ու բանակ տարուելէ յետոյ քաղաքներու, գիւղերու եւ աւաններու հայ կիները, աղջիկները, ծերերը եւ մանուկները բռնի ոյժով իսլամացնելու կամ աւելի ճիշդը՝ թրքացնելու փորձեր կը կատարուին:
Բացի հայկական թերթերէն նոյնանման լուրեր կը հրատարակեն եւ հակառակ գերմանական իշխանութեանց գրաքննութեան, Գերմանիոյ մէջ կը տարածեն գերմանացի ու թուրք սպաներու եւ զինուորներու վկայութիւնները հայոց սպանդներուն մասին:
Արդարեւ եգիպտական արաբատառ թերթերը Հայոց Մեծ Եղեռնի օրերուն լայն արձագանգ հանդիսացած են հայոց անպատմելի տառապանքներուն եւ սպանութիւններուն: Անոնցմէ ամենէն ուշագրաւն է «Ալ Մահրուսա» թերթի 27 Մարտ 1916-ի թիւին մէջ՝ «Գերմանացիներու Խոստովանութիւնները Հայոց Կոտորածներու Մասին» խորագրեալ յօդուածը, որ Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հրատարակած Հայասպանութեան շուրջ եգիպտական մամլոյ նիւթերու հատորաշարքի վեցերորդ հատորին 157-160րդ էջերուն մէջ է: Յօդուածագիրը կ’ըսէ թէ «Ալկեմայնէ Միսիոնսցայթշրիֆթ» (Allgemeine Missionszeitschrift,
որ կը թարգմանուի՝ <Գերմանական Առաքելութեան Պարբերաթերթ>) գերմանական աւետարանական թերթին մէջ գերմանացի գիտնականներէն մէկը հրատարակած է տեղեագիր մը, որ վկայակոչելով թուրք ու գերմանացի սպաներ եւ զինուորներ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ հայոց կոտորածները Հայաստանի արւեմտեան հատուածի եւ Կիլիկիոյ մէջ:
Տարբեր աղբիւրներէ մէջբերուած վերի զուգահեռ վկայութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառներու հակամարդկայնութիւնը, որուն մէջ Երիտթուրքերուն հետ հաւասար չափով ամբաստանելի է նաեւ կայսերական Գերմանիան:
Սոյն յօդուածին համար օգտագործուած են հետեւեալ աղբիւրները.
- Դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան, «Հայաստան 1915, Աւստրօ-Հունգարական Դիւանագիտական Զեկուցագիրները Կը Հաստատեն Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստը» խորագիրով անգլերէն գիրքին հինգերորդ գլուխին մէջ (Armenia 1915, Austro-Hungarian Diplomatic Reports Prove the Genocide, «Բաւիղ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2011, 322 էջ): Այս գիրքը անգլերէն ամփոփ ներկայացումն է հեղինակին հրատարակած 12 հատորնոց գերմաներէն աշխատութեան, որ կը կրէ «Աւստրիա-Հայաստան 1872-1936. Դիւանագիտական Փաստաթուղթերու Պատճէնահանուած Հաւաքածոյ» խորագիրը, որ 1995-էն 2011 տարիներու ընթացքին անոր ուսումնասիրած եւ ներկայացուցած Հայկական Հարցին վերաբերեալ աւստրօ-հունգարական պատմական պաշտօնական փաստաթուղթերը կ’ընդգրկէ:
- «1915-1918 Հայոց Մեծ Եղեռնը» (Սաթենիկ Չաքըր հիմնադրամ, 2018, Գահիրէ, Եգիպտոս, 501 էջ), որ 6-րդ հատորն է Հ. Բ. Ը. Մ.ի հրատարակած 12 հատորնոց արաբերէն աշխատութեան «Հայաստան Եւ Հայերը 1876-1923 ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագիրը կրող հատորաշարքին:
———————-